Ուրբաթ 2, Մայիս 2025
ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպանութեան մշակոյթի կեդրոնի ղեկավար Ասատի Մովահետին։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի ցաւալի իրադարձութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը մատնանշեց նաեւ, որ Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն եւ բռնութիւններուն հետեւանքով հայ ժողովուրդը կը շարունակէ կրել պատերազմի արհաւիրքներու վիշտն ու ցաւը։
Իր կարգին, Ասատի Մովահետի կանգ առաւ տարածաշրջանի առկայ մարտահրաւէրներուն վրայ՝ ընդգծելով միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2023