ԱՄՍԹԵՐՏԱՄԻ ՄԷՋ ԽԱՉՔԱՐԻ ՕԾՈՒՄ

Ամսթերտամի Ս. Հոգի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բակին մէջ շաբաթավերջին զետեղուեցաւ խաչքար մը, որ ձօնուած է Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նահատակներու յիշատակին։ Օծման արարողութեան նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլորը աղօթեն միասնութեան համար։ Ան վստահեցուց, թէ աղօթքի միասնականութեան մէջ հայ ժողովուրդի զաւակները պիտի շարունակեն հրաշքներ գործել։

Ներկայ էր նաեւ Հոլանտայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիքթոր Պիաքով, որ եւս ունեցաւ ելոյթ մը։

Խաչքարը զետեղուած է հոլանտահայ հաւատացեալ Արմէն Աւանէսովի բարերարութեամբ։ Անոր հեղինակն է Արտակ Յովհաննիսեան։ Հայաստանի մէջ պատրաստուած խաչքարը հաստատուած է՝ Գալուստ Աբրահամեան եւ Տարօն Խաչատրեանի ջանքերով։

Խաչքարի օծման արարողութեան ընթացքին գեղարուեստական յայտագիր մըն ալ ներկայացուեցաւ՝ հոլանտահայ զանազան խումբերու կողմէ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2023