ՅՈՅՍԻ ԵՒ ԼՈՅՍԻ ՓԱՐՈՍ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս տեղի ունեցաւ՝ այս տարուան երրորդ հոգեւորականաց հաւաքը։ Ամէն տարի գարնան, ամրան եւ աշնան տեղի կ՚ունենան նման ժողովներ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներն ու առաջնորդարանի աշխատակազմը քննարկումներ ծաւալեցին՝ օրակարգային հարցերու շուրջ։

Պըրպենքի առաջնորդարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, ներքին կազմակերպման հարցերը ժողովականներու առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձան։ Հոգեւոր հայրերը անդրադարձան նաեւ Արցախի տարագիր հայութեան առկայ կարիքներուն։

Հաւաքի ծրագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ միասնական աղօթք եւ մշակութային բաժին։

«Քրիստոսի աշակերտներն ենք ու մեր նախնեաց հաւատքին ժառանգորդները, ինչ որ մեր բոլորին վրայ կը դնէ ծանր, այնուամենայնիւ քաղցր պարտականութիւն», ըսաւ հաւաքի օրերուն Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան՝ բոլորին յորդորելով հայեացքը մշտապէս ուղղել դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ Հայաստան։ Նորին Սրբազնութիւնը նշեց, որ փորձութիւններուն տոկալու համար խիստ անհրաժեշտ է աղօթքի կեանքը։ «Համբերութեամբ առնուած քայլելով միասնաբար դառնանք յոյսի եւ լոյսի փարոսը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ», ըսաւ ան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2023