ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԵԼԺԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Պելժիոյ նորանշանակ դեսպան Էրիք տը Միւնքը։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային եւ գոյաբանական հարցերուն։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց միջազգային հանրութեան, ինչպէս նաեւ Պելժիոյ կողմէ ազդու միջոցներու գործադրումը։ Նորանշանակ դեսպանն ալ նշեց, որ զանազան ոլորտներէ ներս երկկողմանի համագործակցութիւնը խորացման ու զարգացման հեռանկարներ ունի։ Ան Նորին Սրբութեան տեղեկացուց Պելժիոյ կողմէ ձեռնարկուած պատրաստութիւններուն մասին՝ աջակցելու համար Արցախէն բռնի տեղահանեալներու խնդիրներու յաղթահարման։ Ան միեւնոյն ժամանակ տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ Պելժիոյ մէջ բուժուող Ստեփանակերտի պայթումէն տուժած արցախցիներու առողջական վիճակին մասին։