ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը շարժման անցած է Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն աջակցելու համար։ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ նախաձեռնութիւն մը սկսած է՝ մարդասիրական աջակցութեան նպատակով։ Կիլիկեան Աթոռէն ներս այս առթիւ կազմուած է մասնաւոր յանձնախումբ մը, որու անդամները վերջերս Հայաստան այցելեցին՝ տեղւոյն վրայ տեղեկութիւններ քաղելու եւ գործնական քայլերու դիմելու համար։

Հայաստան կեցութեան օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելելով Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ներկայացան՝ Անթիլիասի միաբաններէն Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան եւ Տ. Թորգոմ Եպսկ. Տօնոյեան, որոնք յիշեալ յանձնախումբին մաս կը կազմեն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2023