ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԵՆԹԸՐՊԸՐԻԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Նորին Սրբազնութիւն Ճասթին Ուէլպին։ Ողջունելով Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւորեց Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդին ուղեւորութիւնը տարածաշրջան, ինչ որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ամբողջական պատկերացում մը կազմելու առկայ իրավիճակին շուրջ եւ նպաստելու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան։

Վեհարանի հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայոց առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, գերիներու վերադարձման, Արցախի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ Հայաստանի անվտանգային խնդիրներուն։ Վեհափառ Հայրապետը մտահոգութեամբ ընդգծեց նաեւ, որ այսօր ալ կը շարունակուի Ատրպէյճանի յարձակողականութիւնը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն դէմ։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ երկու եկեղեցիներու միջեւ ստեղծուած ջերմ յարաբերութիւնները փաստուած են պատմական հարուստ վկայութիւններով։ Ան հաստատեց նաեւ, որ Անկլիքան Եկեղեցին դժուարին պահերուն միշտ եղած է հայ ժողովուրդի կողքին։

Անդրադառնալով Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն՝ Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսն ալ զօրակցութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ հաւաստիացուց, որ հայ ժողովուրդը մինակ չէ։ Նորին Սրբազնութիւնը վկայակոչեց հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալը եւ ընդգծեց, որ անոր զաւակները առ Աստուած հաւատարմութեամբ կը կարողանան յաղթահարել բոլոր դժուարութիւններն ու փորձութիւնները։ Ան կարեւորեց նաեւ միասնական ջանքերու ներդրումը ի նպաստ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը առանձնազրոյց մըն ալ ունեցաւ Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին հետ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023