«ՄԻԱՅՆ ԶԷՆՔՈՎ ԿԱՅ…»
Մանկապղծութենէն, մարդասպանութենէն ու աւազակութենէն շա՜տ շատ աւելի ահաւոր բան մըն է քաղաքականութիւն ըսուածը, որուն ակամայ զոհն է ժողովուրդը՝ իր մեծով ու պզտիկով: Ինչքան ալ թուի, թէ քաղաքականութիւնը ժողովուրդին կեանքն ու շահերը բարելաւելու կը ձգտի, իրական գետնի վրայ հակառակն է որ կը տեսնենք, որովհետեւ քաղաքականութիւնը այսօր աւելի կեանքեր կը քանդէ՝ քան կը շինէ եւ այդ զոհերէն մեծագոյններէն մին կարելի է նկատել մեր հայ ազգը, որ ո՛չ թէ հիմա, այլ դարեր շարունակ ապրած է ու կը շարունակէ ապրիլ այդ ցաւերը:
Քաղաքականութիւնը սիրող անձ մը չեմ եւ վստահ եմ շատ են չսիրողներու թիւը, սակայն ուզենք թէ ոչ, կամայ-ակամայ ականջալուր եւ մասնակից կը դառնանք քաղաքական կապիկութիւններուն, որոնք ուղղակիօրէն իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան մեր կեանքէն ներս:
Ահաւասիկ դարձեալ կռիւ է Արցախի մէջ. դարձեալ բողոքի ցոյցեր են Երեւանի փողոցներուն եւ դեսպանատուներուն դիմաց. հազար ու մէկ կանչ ու հազար ու մէկ անպատասխան հարցադրումներ, որոնք կապուած են քաղաքականութիւն կոչուած թատրերգութեան:
Այսօր ժողովուրդը ի՛ր իսկ ընտրած ղեկավարներէն պատասխան կ՚ակնկալէ, սակայն կը մնայ անպատասխան։ Նոյնինքն պատասխան ակնկալող ժողովուրդին կողմէ աթոռներու հասած մարդիկ սառնասրտութեամբ ու անտարբերութեամբ կը վերաբերին զիրենք ընտրող ուժին՝ ժողովուրդին հանդէպ եւ բազմաթիւ հարցեր կը թողուն անպատասխան:
Նման հարցադրումներ մենք ալ ունինք.-
Ա.- Այդ ինչպէ՞ս եղաւ որ Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան պատերազմէն ետք մի քանի տարի հրաժարական տալու որոշում չտուաւ եւ յանկարծ (ի՜նչ զուգադիպութիւն) Արցախի վերջին յարձակումէն ընդամէնը մի քանի շաբաթներ առաջ որոշեց, որ «պէտք է հրաժարիլ»: Այդ հրաժարականը ինչո՞ւ համար նախապէս չստորագրեց եւ դուրս չեկաւ ամօթալի այս իրավիճակէն:
Քաղաքական վերլուծող մը չեմ, սակայն այդ երեւոյթը հետեւեալ մտածումը կու տայ. Արցախի քառասնօրեայ պատերազմին իշխանութիւններու համար յստակ էր, որ պիտի յանձնուին որոշ շրջաններ, սակայն Ստեփանակերտը պիտի մնայ անձեռնմխելի. գուցէ այդ վստահութիւնն էր, որ ուժ կու տար Արցախի նախկին նախագահին շարունակել մնալ իր նախագահական նստավայրին մէջ։ Ստեփանակերտի զանազան բնակելի վայրեր հարուածներ ստացան, սակայն ի՜նչ հրաշք, ո՛չ նախագահական նըս-տավայրը եւ ոչ ալ պետական կառոյցները հարուածներ ստացան: Թշնամիին համար այդ բոլորը հարուածելը վայրկեաններու խնդիր մըն էր պարզապէս եւ եթէ Ստեփանակերտը գրաւելու միտք ունեցած ըլլային, կրնանք վստահ ըլլալ որ այդքան ալ չէին դժուարանար:
Սակայն այժմու հրաժարականը պարզապէս փաստն է, որ Ստեփանակերտը եւս պիտի յանձնուէր եւ պատերազմէն երեք տարիներ ետք յանկարծ որոշուեցաւ, որ Արայիկ Յարութիւնեանը պէտք է հրաժարական ներկայացնէ: Հրաժարական ներկայացուցած օրը յստակ էր, որ Ստեփանակերտի վրայ նոր յարձակում մը տեղի պիտի ունենայ եւ այդ մէկը գաղտնիք չէր ժողովուրդին համար: Այս վերջին յարձակումներէն ամիս մը առաջ արդէն իսկ ժողովուրդի բերանն էր, թէ միւս ամիս պատերազմ կայ:
Բ.- Եթէ իրապէս յստակ էր, թէ պատերազմ մը պիտի ըլլայ եւ անոր գիտութիւնը ունէին քաղաքական գործիչները, ինչո՞ւ համար նախապէս չնախազգուշացուցին ժողովուրդը. եթէ իրենց առաքելութիւնը ժողովուրդին ծառայել է, ինչո՞ւ համար առաջքը առնելու փորձեր չկատարեցին:
Վստահ եմ, որ Արցախի եւ հայութեան իրավիճակը անյայտ է միայն ժողովուրդին համար եւ ո՛չ քաղաքական գործիչներուն, որովհետեւ անոնք դերասաններ են, որոնք կը հետեւին նախապէս գրուած թատրերգութեան մը, որուն հանդիսատեսն ու տուժողը մի միայն ժողովուրդն է: Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան իր հրաժարականի համար զանազան պատճառաբանութիւններ ներկայացուց՝ ճոխացուած զգացական խօսքերով. ինչո՞ւ համար նախապէս չզգուշացուց ժողովուրդը: Հրաժարականէն տարի մը ետք եթէ տեղի ունենար յարձակումը, ձեւով մը պիտի արդարացնէինք երեւոյթը... սակայն ինչո՞ւ յարձակումէն շաբաթներ առաջ: Քաղաքականութեամբ զբաղող պետական պաշտօնեաները ինչո՞ւ համար չունին ուժը բարձրաձայնելու սպասուող վտանգներն ու պատահելիքները, որովհետեւ վստահ ենք իրենք մեզի համար անյստակ եղող թատրերգութեան վախճանը լաւապէս գիտեն:
***
Երէկուան Արցախի յարձակումներէն ետք Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը նայելու առիթը ունեցաք. իբրեւ թէ Արցախի վերջին հարցերուն հետ կապուած ուղերձ մըն է, սակայն իրականութեան մէջ սեփական աթոռն ու շահերը պաշտպանող ներկայացում մըն է։ Արցախի հարցը անյստակութեան մէջ ձգելով կը խօսէր հրապարակներու վրայ իր իշխանութեան դէմ բողոքի ցոյց ընողներուն մասին եւ չես գիտեր ի՞նչ խիղճով ու տրամաբանութեամբ երբ Արցախի մէջ հայորդիներ կը զոհուին ու կը սպաննուին, մարդ տակաւին ի վիճակի կ՚ըլլայ իր սեփական աթոռն ու շահերը մտածելու: Փաշինեան ժողովուրդը սառնասրտութեան կը հրաւիրէր. սակայն երանի՜ ինք այդ սառնասրտութիւնը ունենալու փոխարէն որպէս ղեկավար տագնապէր Արցախի հարցով (սակայն վախճանին ծանօթ եղողը տագնապելու պէտք չ՚ունենար):
Ժողովուրդը սրտցաւ պիտի շարունակէ իր ցոյցը այս կամ այն դեսպանատան դիմաց. սփիւռքի մէջ եւս մարդիկ ցոյց պիտի կազմակերպեն, սակայն այդ ցոյցերը քաղաքական գործիչներուն սիրտի լարերը երբեք ալ պիտի չշարժէ: Մարդիկ պիտի տագնապին, պիտի պոռան, պիտի կռուին, սակայն գրուած թատրերգութիւնը ճշդութեամբ պիտի բեմականացուի, այդ իսկ պատճառով անարդիւնք կը նկատենք նաեւ ցոյցերը, հաւատալով հիներու այն ճշմարիտ խօսքին, որ կ՚ըսէ. «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -348-
Երէկ գիշեր ժամը 12.30-ին գացի Երեւանի հրապարակ, սեփական աչքերով տեսնելու համար իրավիճակը: Հազարաւոր մարդիկ մտահոգ կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը. ուրիշներ մտահոգ Արցախ գտնուող իրենց հարազատներէն լուր մը կ՚ուզեն ստանալ. անոնցմէ քանի՞ն ողջ է, քանի՞ն վիրաւոր՝ մարդ չի գիտեր: Այդ ցաւալի իրավիճակին կը տեսնես այս կամ այն կուսակցութեան ներկայացուցիչներ, որոնք ձախողութիւնը ի նպաստ իրենց դարձնել փորձելով իրենց «էշը կը քշեն»:
Ժամ մը ետք արդէն մարդ չէր մնացած. վստահ եմ նոյն մարդիկ այսօր եւս պիտի երթան բողոքի ցոյց կատարեն, միւս օրը նոյնպէս, մինչեւ որ յստականայ թատրերգութեան վախճանը եւ բողոքելով, դժգոհելով, կամայ ակամայ համակերպին իրականութեան հետ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան