ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՍՏԱՀԻԼ

Աստուծոյ վստահիլ, կը նշանակէ ամէն պարագայի մէջ՝ ապաւինիլ Անոր եւ յանձնուիլ անվարան, վճռական։ Արդարեւ, հաւատացեալի համար Աստուծոյ վստահիլ դիւրին է եւ այս մասին, ընդհանրապէս որեւէ հարց չի ծագիր։ Հաւատացող մէկու մը համար՝ հաւատացածին վստահիլ բնական է եւ այդ մասին տարակուսիլ կարելի չ՚ըլլար. անշուշտ երբ հաւատքը անկեղծ է եւ աներկբայ, հաստա՛տ։

Բայց հարցը՝ մարդոց վստահելու մէջ է։

Մարդոց իրարու վստահելու հարցին լուրջ դժուարութիւններ եւ նեղութիւններ կը ծնին։ Եւ ասիկա ենթադրական կամ երեւակայական դժուարութիւն մը չէ, այլ շատ կենսական կարեւորութիւն ունեցող հարց մըն է, եւ եթէ հաւատացեալը չկարենայ վերլուծել այդ, անոր հաւատքին ներքին կեանքը անկարելիութեան մը առջեւ պիտի կանգնի, որովհետեւ մարդուս կեանքի ընթացքին անոնց հանդիպած ամէն ինչը դարձեալ մարդոց միջոցով կը կատարուի։

Մարդկային կեանքի փորձութիւններուն եւ գրգիռներուն մեծ մասը կ՚առաջանայ ուրիշի ձախող ընթացքի, տգիտութեան, անհանգստութեան եւ ընդհանուր առումով՝ մեղքին պատճառով։ Բայց սա բացայայտ է՝ որ այս պատահածներուն, վիճակներուն հեղինակը երբեք Աստուած չի՛ կրնար ըլլալ։

Աստուած բարի է եւ բարիէն երբեք չար չի ծնիր։ Եւ եթէ «չարութիւն»ը եւ «չար» բաները կատարողը Աստուած Ինքը չէ, մարդ ինչպէ՞ս կրնայ ատոնց նկատմամբ արտայայտուիլ։

«Թող Քու կամքդ ըլլայ». ահա ա՛յս է կենսական եւ էական հարցը։

Աստուած ամէն ինչ բարի կը ստեղծէ, բայց բարին աշխարհի զանազան արտաքին ազդեցութիւններով կ՚այլասերի, կը վատասերի եւ կ՚օտարանայ։

Եւ այս աշխարհի վրայ իրապէս վստահելի մէկը գտնել մեծ երջանկութիւն է։ Մարդ, անշուշտ, որ ամենավստահելին Աստուած միշտ ունի, բայց մարդ արարածը ընկերային կեանք ապրելու կոչուած է եւ անոր հիմնական կոչումն է իրերօգնութիւնը։ Ահաւասիկ, այս իրերօգնութեան կոչումին հաւատարիմ մնացողներն են որ վստահութիւն կը ներշնչեն։ Բայց ո՜րքան դժուար է անկեղծ մէկը գտնել՝ որ իրապէս վստահութիւն կը ներշնչէ։ Անկեղծութիւնն է, որ կը պակսի մարդուս եւ հոն ուր անկեղծութիւն չկայ՝ հոն վստահութիւնը կը պակսի։

Հետեւաբար ինչպէ՞ս հնարաւոր է հաւատքով ապրիլ՝ երբ մարդկային իշխող ազդեցութիւնը իր ներգործութիւնը պիտի ունենայ մարդուս կեանքը կերտելու եւ ապահովելու մէջ, միթէ անոնց վստահիլը սխալ եւ անմիտ բան մը պիտի չըլլա՞յ։

Մարդուս պատահած որեւէ բանի մը մէջ, երբ ակնբախ Աստուծոյ ձեռքը կը տեսնուի, պատահածները, նոյնիսկ եթէ մարդս վիրաւորելու ալ ըլլան, մարդս մխիթարող քաղցրութիւն մը կ՚առաջացնեն մարդուս ներսիդին, իսկ մարդու ձեռքով առաջացած փորձութիւնը միայն լեղութիւն մը կամ դառնութիւն մը կը ստեղծէ։ Այս կը նշանակէ՝ կարեւոր եղածը ամէն բանի մէջ Աստուած տեսնել, եւ պատահած ամէն բան Իր ձեռքէն ընդունիլ՝ առանց երկրորդական պատճառներ եւ պատրուակներ ունենալու։

Ահաւասիկ, ա՛յս պէտք է ըլլայ ողջախոհ եւ հաստատամիտ մարդուն՝ եթէ կը փափաքի կատարեալ Աստուծոյ յանձնուելու եւ վստահելու, եւ Անոր ապաւինելու մնայուն փորձառութիւնը վայելել։ Հոս, պէտք է ուշադիր ըլլալ, թէ՝ յանձնուիլը Աստուծոյ ըլլայ, եւ ո՛չ մարդու։

Մի գուցէ ուրիշներու մեղքի պատճառով մարդուս կեանքի մէջ ստեղծուած երկրորդական պատճառներ եւ պատրուակներ կարելի չէ ուղղակի մտածել եւ յայտնել, թէ անոնք Աստուծոյ կամքն են։ Նոյնիսկ ուրիշներուն մեղքին հետեւանքով պատահած երկրորդական պատճառներն ալ, մինչեւ մարդուս հասնիլը, Աստուծոյ միջամտութեամբը, Աստուծոյ կամքը կը դառնան մարդուս համար, հետեւապէս հարկաւոր է մարդուս, որ ատոնք ալ ուղղակի Հօրը ձեռքէն ընդունին։

Քրիստոսի հետ, Քրիստոսի մէջ բնակող հաւատացեալին ո՛չ մարդը, ո՛չ երկրի վրայ եւ ոչ ալ երկինքի մէջ գտնուող զօրութիւն մը կրնայ դպչիլ, առանց մարդս շրջապատող Աստուծոյ սուրբ ներկայութեան մէջէն անցնելու եւ Անոր թոյլտուութեան կնիքը ընդունելու։

Եւ Աստուծմէ զատ ո՜վ կրնայ ներշնչել այն կատարեալ եւ անխախտ վստահութիւնը մարդուս՝ որ միշտ ապաւէնի մը պէտք ունի իր թերութիւններուն եւ իր տկարութիւններուն մէջ։

Քանի որ Աստուած մեր կողմն է՝ հոգ չէ թէ ո՛վ է մեզի հակառակ եղողը, ատոնց կատարածը ո՛չ կրնայ մեզ անհանգստացնել եւ ոչ ալ մեզի վնասել, որովհետեւ մեր Հայրը միա՛յն այն պարագային ատոնց մեզի մօտենալուն ճամբայ կը բանայ եւ թոյլ կու տայ երբ կը նկատէ, որ մեզի համար լաւագոյնը ա՛յդ է։

Մարդկային ծնողքի՝ իր անօգնական մանուկի հանդէպ ցոյց տուած հոգատարութիւնը շատ տկար պատկերացումն է իր զաւակներուն հանդէպ Աստուծոյ ցուցաբերած հոգատարութեան։ Եւ ի՜նչ երջանկութիւն պիտի ըլլար մարդկութեան համար, երբ գտնուէին գոնէ մէկ-երկու «մարդ»՝ որոնք Աստուծոյ մարդուս ներշնչած վստահութեան մէկ իսկ տոկոսը ներշնչէին իրարու եւ իրապէ՛ս նմանէին իրենց Արարչին եւ Նախախնամին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 20, 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2023