ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՉԱՓԱՀԱՍՈՒԹԻՒՆ
Իրաւաբանական տեսակէտէ ամուսնական պայմաններու կամ արգելքներու մէջ գլխաւորներէն մին է «ամուսնական չափահասութիւն»ը, այսինքն ամուսնութեան տարիքը։
Այս կարգին կարեւորութիւն կը ստանայ «մանկական ամուսնութիւն»ը։ Ըստ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի (UNICEF) սահմանման՝ ամուսնութիւն կամ «ոչ պաշտօնական միութիւն» 18 տարին չլրացած անձի հետ. որոշ երկիրներու եւ շրջաններու մէջ օրէնքով սահմանուած ամուսնութեան նուազագոյն տարիքը 18 տարեկանէն վար է, միւսներու մէջ՝ թոյլ կը տրուի մինչեւ 18 տարեկանը ամուսնանալ ծնողներու համաձայնութեամբ՝ յղիութեամբ կամ ուրիշ յատուկ հանգամանքներով պայմանաւորուած, երրորդ՝ մշակութային աւանդութիւնները կարող են աւելի ուժեղ ըլլալ, քան պաշտօնական իրաւական սկզբունքներ (normes)։
Ինչպէս երիտասարդները, այնպէս ալ երիտասարդուհիներ՝ աղջիկներ կ՚ամուսնանան փոքր հասակին, սակայն ընդհանրապէս եւ սովորաբար կ՚ամուսնանան հասուն տարիքին, այլապէս, մանկահասակ հարսնացողներու թիւն ալ քիչ չէ, եւ անոնց մեծամասնութիւնը կը տեսնուին ծանր ընկերային-տնտեսական պայմաններ ունեցող ընտանիքներու մօտ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ որոշ հետազօտողներ մանկական ամուսնութեան շարքին կը դասեն նաեւ այն մանկահասակներու նշանադրութիւնը եւ ամուսնութիւնը՝ որոնք սահմանուած են դատարանի կողմէ՝ պատանեկան յղութեան դէպքերուն։
Տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու մէջ, տարբեր ժողովուրդներու մօտ եւ տարբեր ժամանակներու կարելի է գտնել իրարու ոչ նման պատկերացումներ այն բանի մասին՝ թէ անչափահաս ամուսնութիւնը պէտք է համարել չափազանց կանուխ։ Դարեր շարունակ ժամանակակից պատկերացումներով կանուխ ամուսնութիւնները կնքուած են աղքատ զարգացող երկիրներու եւ վատ ապահովուած ընտանիքներու մէջ։
Ըստ գիտական տուեալներու՝ մանկական ամուսնութիւնը առաւելապէս տարածուած է Ափրիկէի որոշ մասերուն մէջ. հարաւային, հարաւ-արեւելեան եւ արեւմտեան Ասիոյ, Լատինական Ամերիկայի եւ Ովկիանիայի մէջ։ Մանկական ամուսնութիւնը շատ տեղեր կը նուազի, սակայն կը մնայ թերեւս շատ բարձր՝ աւելի քան 60 տոկոս Նիկերիա, Չատ, Մալի, Պանկլատէշ, Կվինիա եւ ԿԱՀ-ի մէջ։ Ամենականուխ ամուսնութիւնները կը տեսնուին զանգուածային կերպով Նիկերիոյ, Չատի, Պանկլատէշի, Մալիի եւ Եթովպիոյ մէջ՝ ամուսնութիւնները աւելի քան 20 տոկոս մինչեւ 15 տարեկան՝ 2003-2009 թուականներու հետազօտութիւններու համաձայն։
Մանկական ամուսնութիւններու պատճառներէն կարելի է նշել աղքատութիւնը, հարսնցուի ազատագինի աւանդութիւնները, այսինքն՝ ձերբազատումը, օժիտ տալը, տեղական մշակութային աւանդութիւնները կանուխ ամուսնութիւններու թոյլատրող օրէնքներ, կրօնական եւ ընկերային ճնշումը, կրօնական կանոններ, հաւատալիքներ, հասուն տարիքի մէջ չամուսնանալու վախը, անգրագիտութիւնը, կիներու՝ վարձատրուող աշխատանքի տեղաւորուիլ չկարողանալը։
Յայտնի կրօններէն շատերը այսպէս թէ այնպէս ամուսնանալու նուազագոյն տարիք կը սահմանէին պատմական տեսակէտէ։ Քրիստոնէական կանոնական իրաւունքը կ՚արգիլէ աղջկան ամուսնութիւնը մինչեւ անոր «սեռական հասունացում»ը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 28, 2023, Իսթանպուլ