ՀԱՒԱՏՔԻ ԴԵՐԸ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր հանդիսապետութեամբ, Ս. Գայիանէի վանքէն ներս կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք, որու յաջորդեց Արցախի երկրորդ պատերազմին մասնակցած եկեղեցականներու պարգեւաբաշխման արարողութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը վերջերս հաստատած է «Սուրբ Ղեւոնդ Երէց» շքանշանը, որու առաջին պարգեւընկալները դարձան շարք մը հոգեւոր հայրեր։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի ողջոյնի խօսքէն վերջ «Էջմիածինն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեան ներքեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եկեղեցական հայեցակարգային բաժնի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի կողմէ խորան բարձրացուեցան Հայրապետական սրբատառ կոնդակները, որոնք ընթերցուեցան բարձրաստիճան հոգեւորականներու կողմէ։ Վանօրէից տեսուչ Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեան ընթերցեց Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի շնորհուած Հայրապետական կոնդակը։ Արցախի թեմի բազմամեայ առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան վերջերս արդէն յատուկ յանձնարարութիւններով հայրապետական նուիրակ դարձած է։ Բացի իրմէ, այս նորահաստատ շքանշանին արժանացան Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան, Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեան, Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, Հայաստանի Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեան, Արցախի թեմէն Տ. Սահակ Վրդ. Շաքարեան եւ այլ հոգեւոր հայրեր։
Նորին Սրբութեան բարձր տնօրինութեամբ հաստատուած «Սուրբ Ղեւոնդ Երէց» շքանշանը նախատեսուած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասու անդամներուն համար՝ ի գնահատութիւն ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս դրսեւորուած նուիրեալ ծառայութեան եւ գովարժան վաստակի։ Բացի շքանշաններէն, շարք մը հոգեւորականներու համար ալ նախատեսուած էին օրհնութեան գիրեր։
Պարգեւաբաշխման արարողութենէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով մը։ Ան ըսաւ. «Սիրելիներ, համախմբուած ենք Սուրբ Գայիանէ նուիրական վանքին մէջ՝ գնահատանքի եւ պարգեւի արժանացնելու Արցախի 44-օրեայ պատերազմին մէջ մեր զինուորները աղօթքով զօրացուցած, արիագործութեան քաջալերած եւ Աստուծոյ խօսքով մխիթարած հոգեւորականները։
«Ցաւով կը վերյիշենք Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած աղէտալի պատերազմի արհաւիրքները։ Հակառակորդի գերակշիռ ուժերու դէմ անձնուրաց պայքար մղեցին մեր հայրենեաց պաշտպանները։ Քաջարի մեր զաւակներէն շատեր իրենց կեանքը ընծայեցին ազգին ու հայրենիքին՝ անմահանալով հերոսական սխրանքներով։ Այսօր ալ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ մշտահունչ աղօթք է մեր զոհուածներու անմար յիշատակի, անյայտ կորսուածներու ու գերիներու վերադարձի եւ վիրաւորներու ապաքինման համար։ Մեր Սուրբ Եկեղեցին եւս ահաւոր այդ պատերազմին ունեցաւ թէ՛ զոհուած, թէ՛ անյայտ կորած, թէ՛ վիրաւոր եկեղեցականներ։
«Սիրելի հոգեւոր սպասաւորներ, հայոց բանակի արիասիրտ գնդերէցներ, դուք, որ անմիջական մասնակցութիւն ունեցաք պատերազմին, զինուորներուն քաջալերանքի ձեր խօսքը ուղղելով, անոնց մարտական ոգին ամուր պահելով, հայրենեայց պաշտպանութեան պայքարին մէջ սատար կանգնելով, ջուր ու հաց հասցնելով, ռազմի դաշտին շատերը մկրտելով ու Ս. Հաղորդութիւն տալով, այսօր ներկայ էք այստեղ՝ արժանանալու բարձր գնահատանքի ձեր գովելի ծառայութեան համար։ Գիտենք՝ պատերազմի ողբերգական տեսարանները տակաւին ուղեկից են ձեզի, եւ ձեր սրտերուն մէջ են նահատակ մեր երիտասարդ զինուորներու կորուստի ցաւն ու կսկիծը։ Ձեր հաւատքի ու յոյսի մէջ, գոհութիւն Աստուծոյ, դուք զօրութիւն գտած էք վերապրելու դժուարին այդ օրերը եւ ներկայիս կը շարունակէք ձեր սպասաւորութիւնը՝ հաւատարմութեամբ Տիրոջն ու մեր ժողովուրդին։ Ձեր հոգիէն բխող այդ յոյսն ու հաւատը, սիրելիներ, տարածեալ պահեցէք մեր ժողովուրդի մէջ, որպէսզի պատերազմի ծանր կորուստներէն յետոյ ազգովի ուժ գտնենք դարձեալ ոտքի կանգնելու, հայրենական կեանքը նորոգելու եւ շէնացնելու, Հայաստան եւ Արցախ մեր երկիրը վեր հանելու եւ ծաղկեցնելու, մեր պետականութիւնը ամուր ու անվտանգ պահպանելու»։ Իր խօսքերու վերջաւորութեան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Հայաստանի խաղաղութեան, ժողովուրդի բարօր, ապահով ու արժանապատիւ կեանքի համար։
Հանրապետական մաղթանքին եւ յաջորդած պարգեւաբաշխման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Արման Սարգսեան եւ զինեալ ուժերու հրամանատարութենէն ներկայացուցիչներ։ Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եւ փոխ-նախարար Արման Սարգսեան հանդէս եկան խօսքերով՝ կարեւորելով հաւատքի դերը մարդու կեանքին մէջ եւ մասնաւորապէս զինուորական ծառայութեան տեսակէտէ։ Այս առթիւ իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին նաեւ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան եւ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։