Կիրակի 25, Մայիս 2025
ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ արագ ապաքինման մաղթանքներ յղեց Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապին, որ վերջին օրերուն վիրահատութեան մը ենթարկուեցաւ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական իր սէրն ու ողջոյնները փոխանցած է Սրբազան Քահանայապետին։ Ան հայցած է, որ երկնաւոր Տէրը պահէ ու պահպանէ Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետը՝ պարգեւելով կենաց արեւշատութիւն եւ արդիւնաւոր գահակալութեան բազում տարիներ։
Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021