ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ առաւօտ Անթիլիասի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որ միջոցէ մը ի վեր Լիբանանի մէջ կը գտնուի՝ մասնակցելու համար Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի նստաշրջանին։ Կիլիկեան Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Զեքիեան Գերապայծառ զրոյցի ընթացքին անդրադարձան Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած՝ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներու ժողովին, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապի մասնակցութեամբ։ Հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդը երկշաբաթեայ աշխատանքէ մը վերջ չյաջողեցաւ ընտրել նոր պատրիարքը։ Ս. Սինոդի նիստերուն մասնակցեցաւ նաեւ Զեքիեան Գերապայծառ։ Այժմ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի յաջորդ փուլերու վերաբերեալ իրադարձութիւններուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021