ԲԱՐԻՔ՝ ՈՐ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՉԱՐԻՔ Է ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ

Շաբաթավերջին մասնակցեցանք երիտասարդական հաւաքի մը, որուն նպատակն էր ծանօթութիւններ ձեռք ձգել։ Որպէսզի հաւաքը աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ ընտրուած էր նիւթ մը՝ որուն շուրջ ներկաները պէտք է իրենց կարծիքը յայտնէին։ Հանդիպման ընթացքին տրուեցաւ հետեւեալ հարցը. «Ի՞նչն է ամենէն կարեւոր արժէքը, որ ծնողք մը կրնայ իր զաւկին փոխանցել»։ Այս հարցին իբրեւ պատասխան քիչ մը մանկական պատասխաններ լսուեցան։ Մին ըսաւ՝ պէտք է մեծերը յարգել սորվեցնել. քաղաքավար ըլլալ սորվեցնել։ Անշուշտ, նման պատասխաններ սխալ չեն, սակայն, հեռու կը մնան հիմնական այն արժէքներէն, որոնք մարդուն Մա՛րդ ըլլալու համար պէտք են։ Այդ իսկ պատճառով կը գրենք այս յօդուածը:

Ամենէն կարեւոր արժէքը՝ որ զաւկին պէտք է թէ՛ իր պատանեկութեան, թէ՛ երիտասարդութեան եւ թէ մեծահասակ վիճակին, անկախ ու ազատ անհատ ըլլալու յատկութիւնն է։ Մեր շուրջ այսօր կան ծնողներ, որոնք բարիքի անուան տակ իրենց զաւկին համար ամենէն վատ բանը կ՚ընեն։ Անոնք կը կարծեն իրենց զաւկին դիմաց «դիւրին» կեանք մը պարզելով, անոր ամէն ուզածը ընելով, դիմագրաւած բոլոր հարցերը լուծելով՝ «բարիք» կատարած կ՚ըլլան։ Ամէն ծնողք կ՚ուզէ, որ իր զաւակը դժուարութիւններու դէմ չի պայքարի եւ այդ մէկը սիրոյ արտայայտութիւն որպէս կարելի է ընդունիլ, սակայն, այդ մէկը սիրոյ արտայայտութիւն ըլլալով հանդերձ՝ չարիք է։ Այդ դժուարութեան դէմ պայքարելով է, որ զաւակը ապագայ դժուարութիւններուն դէմ պայքարիլ պիտի սորվի։ Եթէ ծնողքը ինք դիմագրաւէ ամէն դժուարութիւն անոր փոխարէն, ապա զաւակը պայքարի մթնոլորտէ հեռու, ապագայի կեանքին մէջ փոքր դժուարութեան դիմաց պիտի յանձնուի, պարտուի եւ յուսահատի, որովհետեւ վարժուած պիտի ըլլայ, որպէսզի ուրիշներ դժուարութիւնները վերացնեն իր փոխարէն: Այս աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ ծնողք յաւիտեան չ՚ապրիր եւ ցաւ ի սիրտ, կեանքի օրէնքը այն է, որ ծնողքը շատ անգամ զաւկէն առաջ յաւիտենական ճամբորդ կը դառնայ։ Եթէ կենդանութեան տարիներուն զաւակը պայքարիլ չսորվի, սեփական ուժերուն վրայ հիմնուած ազատ անհատ մը չըլլայ, ապա զաւակը պիտի ունենայ շատ վատ ապագայ մը։ Նոյնիսկ ամուսնական ապագայ կեանքին մէջ կախեալ պիտի ըլլայ կողակիցէն եւ այդ մէկը ո՛չ թէ իր, այլ իր ծնողքին եւ դաստիարակութեան սխալը պիտի ըլլայ: 

Մեծագոյն բարիքը, որ ծնողք մը իր զաւկին համար կրնայ ընել, ապա անոր որոշում առնելու կարեւոր արուեստը սորվեցնելն է։ Որոշում կայացնելով, շատ անգամ սեփական սխալներէն սորվելով է, որ զաւակը իր անհատականութիւնը պիտի կազմէ, պիտի հասուննայ։ Մենք լաւ ծնողք ըլլալը բարիքներու եւ լաւատես պայմաններու մէջ ապրեցնել կը կարծենք, սակայն, լաւագոյն ծնողքը իր զաւակը դժուարութիւններուն պատրաստող ծնողն է, որովհետեւ բարիքն ու լաւատեսութիւնը պայքար չի պահանջեր, սակայն, դժբախտութիւնը կը պահանջէ: 

Մեր շուրջ կը տեսնենք երկու տարբեր տեսակի ծնողներ. մին իր զաւկին կը սորվեցնէ ինչպէս չիյնալ, իսկ ուրիշը կը սորվեցնէ իյնալէ ետք ինչպէս կանգնիլ։ Երկրորդը, ինքնաբերաբար, ինչպէս չիյնալը պիտի սորվի, որովհետեւ կանգնիլը չիյնալ պիտի սորվեցնէ։ Իսկ առաջինը իյնալ չփորձելով պատահմամբ իյնալու պարագային կանգնելու մէջ պիտի դժուարանայ։ Բարիքէն ու լաւատեսութենէն աւելի չարիքն ու դժբախտութիւնն է, որ մարդուն համար դաստիարակ կը դառնան։ Ամէն ծնողք կ՚ուզէ, որ իր զաւակը հարթ ճամբով առաջնորդուի, սակայն, դժուար ճամբուն մէջ առաջնորդել սորվեցնելով՝ ծնողքը կ՚ապահովէ իր զաւկի ապագան: Պէտք է զաւակը համոզուի, որ ծնողք ունենալով հանդերձ իր հարցերը պարտի ինքնուրոյն պայքարով լուծել, այլապէս ուրիշներու լուծելը սպասելով այդ մէկը կը վերածուի մարդկային թուլութեան: 

Զաւակը իր բոլոր տարիքներուն մէջ պէտք է իր կատարած սխալներուն հետեւանքը կրէ, որպէսզի գնահատել գիտնայ իւրաքանչիւր արարքի հետեւանքները։ Օրինակ՝ կը տեսնենք, որ որոշ ծնողներ նիւթապէս լաւ պայմաններ ունենալով իրենց զաւակը կը շփացնեն մեծ գումարներ նուիրելով։ Զաւակը անհոգութեամբ կը մսխէ բոլորը՝ մտապէս հանգիստ ըլլալով, որ մսխուածին տեղ նորերը պիտի գան։ Շատերու համար այս մէկը նախանձելի կեանք կը թուի, սակայն, ծնողքը այդտեղ մեծագոյն սխալն է, որ կը կատարէ. 

Իտալացի մանկավարժուհի, բժիշկ ու փիլիսոփայ Մարիա Մոնթեսորի իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Զաւկիդ երբեք մի՛ օգներ այնպիսի գործի մը մէջ՝ որ ինքնուրոյն կրնայ կատարել»։ Պէտք է ծնողքը հասկնայ յստակ տարբերութիւնը զաւկին օգնելուն եւ անոր փոխարէն որոշելուն, անոր փոխարէն ընելուն։ Եթէ զաւակը կրնայ գործ մը ինքնուրոյն ընել ու ծնողքը կ՚ընէ իրեն փոխարէն, ապա զաւակը զրկած կ՚ըլլայ իր կարողութիւնները բացայայտելու հնարաւորութենէն: 

Այս բոլորը աչքի դիմաց ունենալով պէտք է գիտնալ, որ ամէն օգնութիւն դրական չէ։ Պէտք է պարզապէս անկախ ու սեփական կարծիքը, ուժն ու անհատականութիւնը ունեցող զաւակներ դաստիարակել:

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Պարզ գրեցէ՛ք, պարզութեան հասնիլը եւ պարզութեան մէջ կեանքը սեւեռելը ամենէն մեծ արուեստն է:

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026