ԳԱՂՏՆԻՔԻ ՄԱՍԻՆ
«Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ». (ՂՈՒԿ. Ը 17)։
Անշո՛ւշտ, մարդիկ միշտ կ՚ունենան ծածուկ, գաղտնի բաներ՝ որոնք չեն ուզեր ուրիշներու յայտնել։ Մարդիկ ունին նաեւ գաղտնիքներ՝ որոնք իրենց վստահուած է եւ անոնք ալ չեն յայտնուիր, նախ երբ անոնց բացայայտումը գաղտնիքը պահողին անձին աննպաստ հետեւանքներու պատճառ պիտի ըլլայ. յետոյ չեն յայտնուիր՝ պատեհ ժամանակին յայտնելու համար։ Ուստի, կարգ մը գաղտնիքներ կը պահուին՝ յարմար առիթով մը գործածուելու համար։ Ասիկա որքա՞ն բարոյագիտական է՝ անշուշտ վիճելի է… մարդ արարածը տկար է, թերութիւններ ունի, եւ անոր համար գաղտնիք պահել դժուար է, եւ շատ անգամ կը մոռնայ կարգ մը սկզբունքները՝ բարձր գաղափարները։
Մարդ թէեւ կը մոռնայ սկզբունքներ, բայց չի մոռնար կեանքի մէջ իրեն ի նպաստ կարիքները ապահովել, առաքինի մարդ է այն՝ որ չի մոռնար նաեւ սկզբունքները եւ բարոյագիտական ամէն արժէք եւ կը գործադրէ զանոնք ամէն պարագայի մէջ։
Բայց ճշմարտութիւնը երբեք կարելի չէ՛ գաղտնի պահել եւ ծածկել։
Խաւարեցնելով կարելի չէ ճշմարտութիւնը ծածկել։ Սակայն, անձին էութեան նկատմամբ կան պարագաներ, որ ենթական չ՚ուզեր յայտնել եւ չ՚ուզեր, որ ուրիշներուն յայտնուին անոնք։ Անյայտ պահել կարգ մը անձնական գաղտնիք՝ ենթակային համար իրաւունք է։ Այս ուղղութեամբ կան գաղտնիքներ՝ որոնք ի պաշտօնէ պէտք է ծածուկ պահուին։ Ասոնց կարգին են՝ քաղաքական մարդիկ, բժիշկներ, իրաւագէտներ, գաղտնիքի կնիքի տակ ըսաւ մտերմական խօսքերու խօսակիցներ, բացի բացառիկ պարագաներէ, ի պաշտօնէ պէտք է գաղտնապահ ըլլան։ Ուրիշին վնասաբեր եղող անհատական տեղեկութիւնները, նոյնիսկ եթէ գաղնիքի կնիքի տակ չեն վստահուած, պէտք չէ հրապարակուին առանց ծանր եւ հակակշռող պատճառի։
Իսկ եկեղեցականներու համար խոստովանանքի սուրբ խորհուրդին գաղտնիքը նուիրական է եւ չի՛ կրնար յայտնուիլ ո՛չ մէկ պատրուակով։ Այս անբռնաբարելի է, ասոր համար բացարձակօրէն արգիլուած է խոստովանահօր՝ խոստովանողի որեւէ գաղնիքը յայտնել խօսքով կամ ուրիշ եղանակով, եւ որեւէ պատճառի համար։ Բացառութիւն չընդունող այս գաղտնիքը «խորհուրդի կնիք» կը կոչուի, քանի որ խոստովանողը կը յայտնէ քահանային՝ սուրբ խորհուրդին ներքեւ «կնքուա՛ծ» կը մնայ։
Բայց բոլորը՝ ընկերութիւնը հետաքրքրող ճշմարտութիւնը երբեք ծածուկ չի մնար։ Ուստի, մարդուս անձը՝ ինքնութիւնը նախ անհատական է, յետոյ՝ ընկերային։
Խրատ տալ շատ դիւրին գործ է. մարդ ընդհանրապէս խրատ կու տայ ուրիշին, պարզապէս ցոյց տալու համար, թէ ինք իմաստուն է եւ խելացի, բայց իմաստուն է այն ատեն, երբ ինք կը հնազանդի եւ կը գործադրէ իր խրատը, ինչ որ ընդհանրապէս չի գործադրուիր։
Ծածկուած իրողութիւնը եթէ անճշմարտութիւն է, կրնայ վնաս պատճառել ընկերութեան, ընկերային կեանքին։ Եւ երբեմն ալ անձնական, անհատական կեանքին, մանաւանդ անձնական ներքին կեանքին։ Ուստի, աւելի լաւ եւ պատշաճ տարբերակ մը պէտք է մտածել, որպէսզի ճշմարտութիւնը ի յայտ գայ՝ լուսաւորուի՛։ Լուսաւորելու համար Լոյս մը պէտք է ըլլայ՝ կեանքը եւ կեանքին ճշմարտութիւնը լուսաւորելու եւ յայտնելու համար…
Եւ այդ Լոյսը՝ Քրիստոսն է։ Անոր լոյսը կը նմանի գարնան արեւին՝ որ կը փայլի եւ կը վերակենդանացնէ ամբողջ բնութիւնը։ Ուստի, Քրիստոսի լոյսը պէտք է մեր մէջ լուսաւորուի՝ որպէսզի բացայայտէ մեր անձը, ծածուկները վերցնէ, ո՛չ թէ խայտառակելու, այլ բժշկելու, դարմանելու համար։ Ջանք թափենք, որ ներթափանցէ այդ Լոյսը մեր մէջ։ Չկա՛յ գաղտնի բան այդ Լոյսին մէջ, Քրիստոսի Խօսքը մեզ կը հրաւիրէ յայտնելու մեր գաղտնի կեանքը, քանի որ գաղտնիքը պէտք չէ՛ արգելք ըլլայ մեր լուսաւորուելուն, ուստի աղօթենք.
«Լուսովդ քո, Քրիստոս, ամենեքեան լուսաւորեցաք, եւ ի սուրբ խաչ քո, Փրկիչ, հաւատացեալքս ապաւինեցաք։ Լո՛ւր մեզ, Աստուած Փրկիչ մեր, տուր մեզ զխաղաղութիւն քո, եւ արա՛ առ մեզ զողորմութիւն քո, մարդասէր Տէր»։
Քանի որ Ա՛ն է Ճշմարտութիւնը, Ա՛ն է Լո՛յսը, եւ Անոր համար չկա՛յ որեւէ ծածուկ բան, որեւէ գաղտնիք եւ մեր գաղտնիքները թող արգելք չըլլան մեր լուսաւորութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ