ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ամուսնական ուխտին դերակատարներն են մկրտուած այր-մարդ մը եւ կին-մարդ մը, որոնք ազատութիւն կը վայելեն ամուսնութեան դաշինքը կնքելու եւ ազատօրէն իրենց հաւանութիւնը կու տան։ «Ազատ ըլլալ» կը նշանակէ. «հարկադրանքի չենթարկուիլ» եւ «բնական կամ եկեղեցական օրէնքի մը արգելքը չունենալ»։
Եկեղեցին ամուսիններու միջեւ հաւանութեան փոխանակումը կը նկատէ իբրեւ «ամուսնութիւնը գոյացնող» անհրաժեշտ մէկ տարրը։ Եթէ հաւանութիւն չկայ, ամուսնութիւն ալ չկա՛յ։
«Հաւանութիւն»ը կը կայանայ մարդկային արարքի մը մէջ՝ որով ամուսինները՝ այր եւ կին իրենք զիրենք փոխադարձաբար իրարու կու տան եւ կ՚առնեն։ «Ես քեզ կ՚առնեմ իբրեւ իմ կինս…։ Ես քեզ կ՚առնեմ իբրեւ իմ ամուսին…». (ԾՆՆԴ. Բ 24), (ՄԱՐԿ. Ժ 8), (ԵՓՍ. Ե 31)։ Ամուսինները իրարու կապող այս հաւանութիւնը իր ամբողջացումը կը գտնէ անով, որ երկուքը կ՚ըլլան «մէկ մարմին»։
Հաւանութիւնը ըլլալու է կողմնակիցներէն իւրաքանչիւրին կամքի մէկ արարքը, զերծ՝ բռնութենէ կամ արտաքին ծանր երկիւղէ։
Մարդկային ո՛չ մէկ իշխանութիւն կրնայ փոխարինել այս հաւանութիւնը։ Եթէ այս ազատութիւնը թերանայ, ամուսնութիւնը անվաւեր կը դառնայ։ Ամուսնութիւնը անվաւեր եւ չեղեալ դարձնող այս կամ ուրիշ պատճառներու պարագային, Եկեղեցին հարցը եկեղեցական իրաւասու ատեանով քննելէ ետք, կրնայ «ամուսնութիւնը չեղեալ» հռչակել. ասիկա կը նշանակէ, թէ «ամուսնութիւնը երբեք գոյութիւն չէ ունեցած»։ Բայց այս պարագային, կը ծնի ուրիշ հարց մը, թէ անվաւեր ամուսնութեան ընթացքին երբ զաւակ մը ծնած է, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր իրաւական դիրքը եւ կամ ի՞նչեր պիտի ըլլան այդ անվաւեր հռչակուած ամուսնութեամբ ստացուած իրաւունքներուն իրաւական կացութիւնը։
Ասիկա բոլորովին իւրայատուկ ուսումնասիրութեան ենթակայ կրնայ ըլլալ, արդարեւ, ամէն իրաւունք կը ստեղծէ ուրիշ իրաւունք մը, ինչպէս ամէն անիրաւութիւն՝ ուրիշ անիրաւութիւն մը։ Եւ այսպէս իրաւունքներու եւ անիրաւութիւններու շարքը իրերայաջորդ կը շարունակուի՝ ստեղծելով միշտ իրերայաջորդ նոր հարցեր, որոնք կը կարօտին լուծումներու։ Այսպէս, հարցերը վերջ չունին կեանքի մէջ, մանաւանդ ընկերային կեանքին մէջ։ Հարցեր՝ որոնք միշտ լուծումի կը սպասեն։
Ամուսնութեան մը անվաւեր հռչակուելու պարագային՝ կողմնակիցները՝ ամուսինները այր թէ կին, ազատ են կրկին ամուսնանալու, պայմանաւ որ պահեն նախկին միութենէ մը յառաջ եկած բնական պարտաւորութիւնները եւ ստանձնեն պատասխանատուութիւնները։ Եւ այս կը վերաբերի թէ՛ այր ամուսինին եւ թէ կին ամուսինին։ Թէեւ նախապէս յիշուած էր, բայց հոս միջանկեալ յիշենք, որ «ամուսին» բառը կը գործածուի թէ՛ այր մարդուն, թէ՛ կին մարդուն համար փոխադարձ կերպով, որ իրարու հետ ամուսնացած են, ուստի, այրը՝ կնոջ «ամուսին»ն է եւ կինն ալ՝ «ամուսին»ն է այրին։ Մինչդեռ սովորութիւն եղած է մեր մէջ «ամուսին» բառը գործածել միայն այրերուն համար։
Եկեղեցական իրաւունքի համաձայն, ամուսնութեան հանդիսակատարումին ներկայ քահանայ հայրը Եկեղեցւոյ անունով ամուսիններուն հաւանութիւնը կ՚ընդունի եւ Եկեղեցւոյ օրհնութիւնը կու տայ։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պաշտօնատարին, նաեւ ներկայ ժողովուրդին վկայութեան ներկայութիւնը տեսանելիօրէն ցոյց կու տայ, թէ ամուսնութիւնը եկեղեցային իրականութիւն մըն է եւ եկեղեցւոյ ներկայութիւնը անհրաժե՛շտ։ Եւ ինչպէս նախապէս անդրադարձած էինք, առանց ամուսնութեան կազմուած միութիւն մը վաւերական չէ՛։ Այլապէս, ամուսնութիւնը կը կայանայ այր եւ կնոջ միջեւ միայն…
Այս պատճառով՝ Եկեղեցին առ հասարակ իր հաւատացեալներուն ամուսնութիւնը վերջնականացնելու համար «եկեղեցական ձեւակերպում»ը կը խնդրէ։ Բազմաթիւ համընթաց պատճառներ այս որոշումը կը բացատրեն. զոր օրինակ, տրուած հաւանութեան հրապարակային հանգամանքը թէ՛ փոխանցուած «Այո՛»ն կը պաշտպանէ եւ թէ կ՚օգնէ անոր հաւատարիմ մնալու։ Եւ քանի որ ամուսնութիւնը գոյավիճակ մըն է Եկեղեցիէն ներս, հա՛րկ է որ ստուգում գոյացուի ամուսնութեան մասին, եւ ասկէ կը հետեւի ստիպողութիւնը վկաներ ունենալու։
Եւ ուրեմն պատշաճ է, որ ամուսնութիւնը կատարուի Եկեղեցւոյ հանրային ծիսակատարումէն ե՛ւ գիտակցաբար…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 8, 2025, Իսթանպուլ