ՄՈԳԱԿԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
Այնպէս ինչպէս աշխարհի, նոյնպէս հայ ժողովուրդի մէջ եւս եղած են անձնաւորութիւններ, որոնք հռչակաւոր դարձած են իրենց գուշակութիւններով: Անշուշտ, բոլորը գուշակութեան համար չեն ճանչցուած «կախարդ». անոնցմէ շատեր, որոնք որոշ գուշակութիւններ ըրած են, եղած են նոյնիսկ սուրբեր եւ որպէս վերջաբան մեր այս յօդուածաշարքին կ՚ուզենք յիշել զանոնք:
Անոնցմէ կարելի է յիշել Յակոբ Մծբնացի Հայրապետը, որ ժողովուրդին մօտ զարմանք յառաջացուցած էր իր կատարած հրաշքներով ու գուշակութիւններով, որոնց պատճառով ստացաւ Սքանչելագործ անունը: Անշուշտ, անոր գուշակութիւններէն օրինակներ մեզի հասած չեն, սակայն, անոր կատարած հրաշքները բաւարար են այդ անունին տիրանալու համար:
Պատմութեան մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս Ներսէս Ա. Պարթեւ Կաթողիկոս իր մահէն մի քանի վայրկեաններ առաջ ապագայի մասին որոշ գուշակութիւններ կ՚ընէ. անոր մահէն առաջ ունեցած գուշակութեան մասին կը գրուի. «Շատ երկար եւ գուշակական ատենաբանութիւն մը յառաջ կը բերէ իբրեւ հոգեվարք, ուր տեսիլքի ձեւով կը պատմուին Արեւելքի եւ Արեւմուտքի ապագայ դիպուածներ, Խաչակիրներու ժամանակին պատկանող եղելութիւններ վերջին դարերու բառերով, Նեռին գալուստը, աշխարհի վերջն ու դատաստանը»: Անշուշտ, պատմութիւնը կը յիշէ, որ Ներսէս Կաթողիկոս գուշակած էր նաեւ իր մահը, այդ իսկ պատճառով բժշկական ամէն միջամտութիւն մերժած էր:
Հայոց Պատմութեան մէջ կը տեսնենք, որ գուշակները աւելի «բարի» մարդիկ եղած են՝ քան չար ու սատանայական. օրինակ՝ Վարդանակերտի պատերազմէն առաջ պատմութիւնը հետեւեալը կը յիշէ. «Սմբատ Բագրատունիի հետ էին Վարդ Ռշտունի Թէոդորոսի որդին եւ Աշոտ Բագրատունի եւ 2000 հեծեալներու գունդ մը: Վասպուրականէն ելած ատեննին, Առեստակողմ կոչուած տեղը ճգնաւորէ մը «չոգան հարցանել զորպիսութիւն գործոյն, այսինքն ձեռնարկին մասին գուշակութիւն մը ուզեցին, սակայն նա ուրիշ բան չկրցաւ ըսել, բայցի եթէ զգուշանալ ի նենգութենէ եւ աղօթս արարեալ, առաքեալ յիւրմէ» (Ազգապատում, Ա. հատոր, էջ 397): Կը տեսնենք, թէ հայ մեծաւորները նախքան պատերազմը՝ կ՚ուզէին ճգնաւորին գուշակութիւնը լսել. այդ մէկը ապացոյց է, որ անոնք կը հաւատային այն համոզումին, թէ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին մարդիկ, որոնք կրնան ապագան տեսնել ու գուշակել: Պատմութիւնը կը յիշէ, թէ գուշակ ճգնաւորը կը զգուշացնէ նենգութենէն. այդ մէկը գուշակութի՞ւնն է արդեօք Վասակ Սիւնիի «դաւաճանութեան»՝ չենք գիտեր:
Պատմութիւնը ընդհանրապէս կը յիշէ մեծ սուրբերը, եկեղեցականները, ճգնաւորները, սակայն, շատ քիչ անդրադարձ կ՚ունենայ սովորական քահանաներու եւ եկեղեցականներու մասին. այդ քիչերէն է Մարկոս Մոկաց ճգնաւորը, որ բազմաթիւ հրաշքներ կատարելու կողքին գուշակած էր Լատին թագաւորութեան կործանումը:
Անշուշտ, հայ պալատականներու մօտ եւս եղած է կախարդութեան հանդէպ հաւատք մը. օրինակի համար՝ պատմութեան մէջ կը կարդանք, թէ Սաթենիկ թագուհին կը հաւատար, որ պալատականներուն քրիստոնէութիւնը ընդունելուն մէջ կախարդութեան զօրութիւնը գոյութիւն ունի, այդ իսկ պատճառով Օրմանեան կը գրէ. «Նոր դարձողներէն աւելի զանոնք դարձնողներու վրայ կը զայրանան, եւ մինչեւ Ծաղկէոյ լեռները Ոսկեանց մենարանները երթալով, հինգն ալ կը նահատակէին սուսերու բարձեալ զգլուխս նոցա»:
Պատմութեան մէջ կը յիշուի Գրիգոր անունով մակագրուած 30 կանոններ, որոնք ընդհանրապէս կը խօսին քահանայական եւ ամուսնական կանոնազանցութիւններու մասին. այդ օրէնքներուն մէջ տեղ կը գտնեն նաեւ կախարդները՝ գուշակութեամբ ու մոգութեամբ զբաղողները:
Վստահաբար բոլորս ալ գիտենք Շապուհ արքայի եւ Արշակ թագաւորի պատմութիւնը. հաշտութիւն կնքելու նպատակով Շապուհ կը հրաւիրէ Արշակ թագաւորը եւ միասին զբօսնելու դուրս կու գան: Շապուհ արքայ գաղտնի ձեւով հայկական հող բերել կու տայ եւ գետին կը փռէ: Արշակ թագաւոր երբ հայկական հողին վրայ կու գան Արշակի վերաբերմունքը կը փոխուի, ըմբոստութիւն կը յայտարարէ, սակայն, երբ պարսկական հողին հասնի, կը զղջայ: Պատմութեան մէջ կը յիշուի, թէ իրականութեան մէջ Շապուհ արքայ այդ հողը բերած ու տուած էր որոշ կախարդներու եւ անոնց համոզումով այդ կախարդութեան արդիւնքն էր, որ Արշակ ունեցաւ այդ հոգեկան յոյզերը՝ յայտնելով իր ճշմարիտ ներքին զգացումները:
***
Անշուշտ, կարելի է կախարդներու եւ գուշակներու շարքը երկարել՝ ինչ որ դուրս կը մնայ մեր նպատակէն: Սակայն վերջին հարիւրամեակի մէջ կ՚ուզենք յիշել որոշ անուններ, որոնք թէեւ մոռցուած, սակայն օրին մեծ արձագանգ ունեցած են: Անոնցմէ մէկն է, օրինակ, Կղեմէս Մովսէսեանը, որ 1960-1967 թուականներուն իւրաքանչիւր տարուայ աւարտին իր կանխատեսումները կը բարձրաձայնէր եւ եւրոպական մամուլի մէջ տեղ կը գրաւէր: Կղեմէս Մովսէսեան կը խօսէր քաղաքական հարցերու մասին եւ գուշակութեան ճամբով որոշ կանխատեսումներ կ՚ընէր՝ ինչպէս կ՚ընեն շատեր մինչեւ օրս:
Միւս անուան կը հանդիպինք հռչակաւոր ամերիկացի գրող Հենրի Միլըրի աշխատութեան մէջ. ան կը յիշէ, թէ Յունաստան գտնուած ժամանակ հայկական թաղամասի մէջ կ՚այցելէ հայ գուշակի մը: Ամերիկացի գրողը այդ գուշակին անունը կը յիշէ որպէս Արամ Հուրապետեան, սակայն, ապագայ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ խօսքը Արամ Հայրապետեանի մասին էր, որ յայտնի էր իր ժամանակին կանխատեսումի իր ունակութեամբ: Պատմական յիշատակութիւններ կ՚ըսեն, որ նոյնիսկ Յունաստանի Սոֆիա իշխանուհին այցելութեան կ՚երթար Արամ Հայրապետեանին՝ բոլորովին ծպտուած՝ որպէսզի մարդ զինք չճանչնայ: Արամ Հայրապետեան իշխանուհիին կ՚ըսէ, թէ ինք ապագային թագուհի պիտի դառնայ, սակայն ո՛չ իր երկրին. եւ Սոֆիա իշխանուհին տարիներ ետք կ՚ամուսնանայ Սպանիոյ գահաժառանգին հետ եւ կը դառնայ թագուհի 1975-ին:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Հայ կախարդներու եւ կամ գուշակներու մասին գիտէ՞ք:
Պատասխան. Հայ մշակոյթի մէջ կախարդներն ու գուշակները միշտ առանձնայատուկ տեղ ունեցած են: Հին ժամանակ՝ մանաւանդ գիւղերու մէջ, այդ գուշակները կոչուած են «թուղթ ու գիր» ընողներ եւ կամ «հարցող»ներ, որոնք իրենց գիտելիքով ու փորձառութեամբ զբաղած են գուշակութիւններով, ապագայ կանխատեսումներով եւ փորձած են պատասխան տալ մարդոց հարցերուն: Ոմանք օգտագործած են սուրճը, ուրիշներ՝ ձեռքի գիծերու վերլուծութիւնը եւ կամ աստղագուշակութիւնը. զբաղած են երազներու բացատրութեամբ: Ժամանակին եկեղեցին պայքարած է այս երեւոյթներուն դէմ, սակայն այդ մէկը եղած է դժուար եւ շարունակուած է գործել:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան