ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
Երբ ամէն աղօթքի վերջաւորութեան կ՚ըսենք «ամէն», այս բառով կ՚արտայայտենք մեր հաւատարմութիւնը Աստուծոյ հանդէպ, ինչպէս նաեւ մեր վստահութիւնը Անոր հանդէպ։ Եւ Աստուած երբեք չի թողուր մարդը՝ որ հաւատարիմ է Իրեն, քանի որ Ինքն ալ հաւատարիմ է Իր խոստումներուն։ Ուստի, Ան ո՛չ միայն Արարիչ է, այլ նաեւ Նախախնամ եւ երբեք չի թողուր իր արարածները՝ որոնք հաւատարիմ են Իրեն, Իր Խօսքին, իր Ամենակարողութեան։
Հաւատարմութիւնը կ՚ենթադրէ աննենգութիւն եւ ստուգութիւն՝ վստահութիւն, ուղղամտութիւն եւ պարկեշտութի՛ւն։ Եւ այս իմաստով, հաւատարմութիւնը կը պահանջէ խոնարհութի՛ւն, եւ Աստուած երբեք չի մերժեր ան՝ որ Իրեն կը դիմէ հաւատարմութեամբ եւ խոնարհութեամբ։ Եւ առանց խոնարհութեան կարելի չէ՛ կատարեալ հաւատարմութիւն։
Արդարեւ, եբրայեցերէնի մէջ «Ամէն» բառը կ՚առընչուի «հաւատալ» բառին արմատին հետ։ Այս արմատը, արդարեւ, արտայայտութիւնն է ամրութեան, վստահելիութեան եւ հաւատարմութեան։
Եսայի մարգարէին մօտ՝ կը գտնենք «Աստուած ճշմարտութեան» կամ «Աստուած Ամէնի» արտայայտութիւնը, բառացիօրէն ըսելու համար, թէ Ատսուած հաւատարիմ է Իր խոստումներուն մէջ. «Ով որ կ՚ուզէ օրհնուիլ երկրի վրայ, պիտի ուզէ օրհնուիլ Ամէնի Աստուծմէ». (ԵՍ. ԿԵ 16)։
Յիսուս Քրիստոս ալ յաճախ կը գործածէ «Ամէն» բառը. (ՄԱՏԹ. Զ 13, Եւ այլն) եւ երբեմն կրկնուած ձեւով. (ՅՈՎՀ. Ե 19), ընդգծելու համար Իր ուսուցումին արժանահաւատութիւնը եւ Աստուծոյ Ճշմարտութեան վրայ հիմնուած Իր Իշխանութիւնը։ «Ամէն» կը նշանակէ՝ ամբողջովին վստահիլ Անոր՝ որ անհուն սիրոյ եւ կատարեալ հաւատարմութեան «Ամէնն» է։ Քրիստոնեային ամէնօրեայ պիտի դառնայ այն ատեն «Ամէն» մը՝ իբր պատասխան մը մեր Մկրտութեան հաւատքին դաւանութեան «կը հաւատամ»ին։
«Ամէն»ը՝ Ի՛նք Քրիստոսն է. (ՅԱՅՏ. Գ 14)։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Թող քու Հանգանակդ ըլլայ քեզի՝ զերդ հայելի մը։ Ինքզինքդ դիտէ՝ անոր մէջ, տեսնելու համար, թէ դուն արդեօք կը հաւատա՞ս այն ամէն ինչին, որուն հաւատալ կը յայտարարես։ Եւ ամէն օր հրճուէ՛ քու հաւատքովդ»։
Եւ հաւատարմութեան հիմն է խոնարհութիւնը, որովհետեւ Յիսուս կ՚ըսէ. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, վասնզի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է…». (ՄԱՏԹ. Ե 3)։ Արդարեւ, երանութիւնները կը յայտնեն դասաւորում մը երանութեան եւ շնորհքի, գեղեցկութեան եւ խաղաղութեան։ Յիսուս կը ներբողէ աղքատներուն տրուած ուրախութիւնը, քանի որ անոնց է Արքայութիւնը. (ՂՈՒԿ. Զ 20)։
Յիսուս երանի՜ կու տայ նաեւ սրտով մաքուրներու եւ կ՚ըսէ. «Երանի՜ անոնց, որ սրտով մաքուր են, վասնզի անոնք պիտի տեսնեն Աստուած». (ՄԱՏԹ. Ե 8)։
Եւ իրապէս, հաւատարմութիւնը եւ խոնարհութիւնը պէտք է ըլլայ մաքուր սրտով եւ աղօթքները՝ մաքուր բերնով, այսինքն՝ սրտանց եւ անկե՛ղծ։
Անշուշտ, բոլորիդ ծանօթ է պատմուածքը, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, պարզապէս վերյիշելու համար կրկնենք. կը պատմուի, որ գիւղի մը մէջ մարդ մը կար՝ որ ջերմեռանդ կ՚աղօթէր Աստուծոյ, նաեւ պահք եւ ծոմ կը պահէր եւ ողորմութիւն կ՚ընէր, կը կարեկցէր կարօտեալներու։ Բայց Աստուած չէր լսեր իր աղօթքները եւ կը մերժէր իր աղօթքները, անպատասխան կը թողուր։ Այս մարդը որքան աղօթող էր, ծոմապահ եւ ողորմասէր, բայց վատ ունակութիւն մը ունէր. իր ամէն խօսքին հայհոյիչ մըն էր. կը պղծբանէր։ Ան, մէկ խօսքով՝ պղծաբերան մըն էր՝ ծուռ եւ աղտոտ բերան մը։
Մարդը դիմեց գիւղի քահանայ հօր եւ հարցուց, թէ ինչո՞ւ իր աղօթքները եւ բարեսիրութիւնները լսելի չեն ըլլար։ Քահանայ հայրը սիրով ընդունեց զայն եւ պահ մը գնաց խոհանոց եւ գաւաթ մը ջուր բերաւ «աղօթասէր», «բարեսէր» բայց նաեւ «հայհոյասէր» մարդուն։ Բայց գաւաթը շատ աղտոտ էր, այնքան որ կարելի չէր ան բռնել ոչ մէկ կողմէն եւ մարդը նողկանքով մերժեց խմել այդ ջուրը։
Քահանայ հայրը ճիշդ այդ պահուն խօսելով մարդուն՝ ըսաւ. «Ահաւասիկ Աստուած ալ այս պատճառով կը մերժէ քու աղօթքներդ, քանի որ աղտոտ բերնով կը ներկայացնես զանոնք։ Եւ քու բարեգործութիւններդ ալ մաքուր սրտով չես կատարեր, քանի որ ամէն չարիք սրտէն կու գայ եւ բերնէն ա՛յնդպէս կ՚ելլէ…»։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մանաւանդ Մեծ պահքի ընթացքին երբ կ՚աղօթենք, ծոմ եւ պահքի մէջ ենք եւ աւելի եւս ողորմութիւն կ՚ընենք, անպայմա՛ն պէտք է ուշադիր ըլլանք մեր սրտին եւ լեզուին, քանի որ անոնք կ՚որոշեն աղօթքի ընդունելիութիւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 7, 2025, Իսթանպուլ