ԵՐԱՆԻ՜ ԽԱՂԱՂԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ…
Յիսուս Քրիստոս անձամբ մեզի ցոյց կու տայ երանելի մարդոց դասակարգեր՝ որոնք կը ներկայացնեն քրիստոնեայի մը գլխաւոր շնորհները։ Մատթէոսի Աւետարանին Ե. գլխուն 3-12 համարներու մէջ դասուած այս շնորհներուն եօթներորդը կը պատկանի անոնց՝ որոնք խաղաղասէր են եւ խաղաղութիւ կ՚ընեն. (ՄԱՏԹ. Ե 9)։
«Երանի՜ անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատումին համար կ՚աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»։
Յիսուս «Երանի՜ անոնց…» ըսելով եւ նաեւ անոնց խոստացուած ապագայի երանութիւն կամ վարձատրութիւն մը կը յայտնաբերէ։
Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ, թէ «Վերին իմաստութիւնը նախ սուրբ է, ապա խաղաղարար…»։ Երանելի եղողները սուրբ են Աստուծոյ առջեւ եւ խաղաղարար՝ մարդոց առջեւ։
Արդարեւ, խաղաղարարները խաղաղութիւնը պահելով, անոնք ուրախութիւն կը ստանան։ Անոնք կը ջանան նմանիլ Քրիստոսի, որ աշխարհ եկաւ հակառակութիւնները, թշնամութիւնները վերցնելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու եւ հռչակելու։ Ուստի, խաղաղութիւն ընողներն ալ վարձատրութիւն պիտի ստանան, այսինքն՝ Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։
Աստուած պիտի սեփականացնէ խաղաղութիւն ընողները եւ հետեւաբար անոնք Աստուծոյ պիտի նմանին։
Մարդուս թշնամին յաճախ ժխտական խորհուրդներ, առաջարկներ կը բերէ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ մարդ արարածը Աստուծոյ նմանիլ. միթէ հողէ շինուած արարած մը կարելի՞ է, որ Աստուծոյ նմանի։ Այդ մէկը կարելիութի՞ւն է։
Այո՛, կարելի է գինը ճարէ մարդ, եւ Անոր պատուիրանները կատարէ։ Արդէն մարդ Աստուծոյ նմանութեամբ եւ Անոր պատկերով չէ՞ ստեղծուած։ Մարդ եթէ չկորսնցնէ այդ նմանութիւնը եւ չաղաւաղէ, չեղծանէ Պատկերը՝ արդէն նման է իր Արարչին։
Ուստի, Պօղոս առաքեալ ալ կը պատուիրէ. «Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս». (ԵՓԵՍ. Ե 1)։ Կատարեալ ըլլալ եւ Աստուծոյ նմանիլ՝ հրահանգ է Աստուծմէ մեզի տրուած՝ անխտիր ամբողջ մարդկութեան, քանի որ Ան այդ կոչումով ստեղծած է մարդը։ Եւ այս հրահանգը կը կատարուի հնազանդութեամբ եւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, որ Տէրը այդ յօժարութիւնը կու տայ մարդուն։
Այս կէտին պէտք է անդրադառնալ, թէ «կատարեալ ըլլալ» անսխալ, բոլորովին անթերի եւ զօրաւոր ըլլալ չի նշանակեր, բայց ամէն սխալ կը մաքրուի, ամէն թերութիւն կը լիանայ, ամէն անզօրութիւն կը զօրանայ եւ մարդ կրնայ սրբագրուիլ Յիսուս Քրիստոսի արիւնէն անցնելով։
Կատարեալ ըլլալու համար պէտք է ձգտիլ կատարեալին։
Աստուած խաղաղութեան Աստուած է եւ Աստուծոյ Որդին՝ խաղաղութեան Իշխան։ Քանի որ Աստուած Իր Որդիովը խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն բերած է մարդկութեան, հետեւաբար՝ եւ ցաւօք սրտի, պիտի չընդունի անոնք՝ որպէս Իր զաւակները, որոնք անհաշտ, աններող դիրք մը ունին ուրիշներու՝ իրենց նմաններուն հանդէպ։
Խաղաղութիւն ընողները երանելի՜ են, սակայն անբաղձալի են խաղաղութիւնը կոտրողները, ըստ Աստուծոյ անսուտ, անսխալ եւ ճշմարիտ Խօսքին՝ որուն պէ՛տք է հնազանդի ամէն մարդ կոչուելու համար երանելի՜։
Արդարեւ, խաղաղութիւնը հի՛մն է հասարակաց բարիքին։ Մարդկային կեանքին յարգանքը եւ աճումը «խաղաղութիւն» կը պահանջեն։ Խաղաղութիւնը միայն հակադիր ուժերուն հաւասարակշռութիւնը պահպանելով չի կրնար սահմանափակուիլ, ան միայն պատերազմի, կռիւի, հակադրութիւններու չգոյութիւնը չէ՛։ Իրական խաղաղութեան հաստատման համար, նախ պէ՛տք է հաստատուի եւ պահպանուի իւրաքանչիւր անհատի ներքին խաղաղութիւնը։ Անհատական խաղաղութեամբ է, որ կը հաստատուի հասարակաց-ընդհանուր խաղաղութիւնը։ Հասարակութեան մէջ եթէ նոյնիսկ մէկ անհատ խաղաղ չէ. ընտանիքը խաղաղ չէ՝ հոն անկարելի է հաստատել ընկերային խաղաղութիւնը։ Խաղաղութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է թէ՛ ընկերային, թէ՛ անհատական կեանքի համար։
Խաղաղութիւն պահանջել իրաւունք մըն է, բայց խաղաղարար ըլլալ՝ խաղաղութեան համար աշխատիլ պարտականութի՛ւն մըն է միանգամայն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 5, 2025, Իսթանպուլ