ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԱՅՐ ՍԻՐՈՅ, ՀԱՒԱՏՔԻ, ՅՈՅՍԻ
Սոփիա (իմաստութիւն) մայրն է Պիստիսի (հաւատք), Էլպիսի (յոյս) եւ Ագապիի (սէր) աղջիկներուն։
Առակախօսը կ՚ըսէ. «Առաքինի կինը իր ամուսնոյն պսակ է…», (ԱՌԱԿ. ԺԲ 4)։ Իրականին՝ կինը, որպէս եւ մայր, ընտանիքին եւ ապա ուրեմն ամբողջ ընկերութեան, հասարակութեան հաստատուն եւ ամուր սի՛ւնն է։ Եւ եթէ մայրը «իմաստուն» է եւ անոր զաւակները՝ հաւատք, յոյս եւ սէ՛ր։
«Սոփիա՝ մայր եւ երեք զաւակները Պիստիս, Էլպիս, Ագապի։ Մայրը եւ զաւակները իրենց անունները կը խորհրդապատկերեն կարծես քրիստոնէական այն մտածումը, թէ աստուածային «իմաստութենէն» միայն կրնան ծնիլ «հաւատք»ը, «յոյս»ը եւ «սէր»ը։
«Իտալացի էին անոնք, Հռովմի մօտակայ քաղաքէ մը, ազնուական տոհմէ։ Սոփիա, որ այրի էր մնացած, աստուածպաշտութեան բարի կրթութեամբ դաստիարակած էր իր դուստրերը, որոնց հետ ստէպ Հռովմ կ՚երթար. Ադրիանոսի օրով, եկեղեցական պաշտամունքի մասնակցութեամբ մխիթարուելու համար։
«Անտիոքոս անուն հեթանոս մը սիրահարուելով անոնց գեղեցկութեան, անոնցմէ մէկին ձեռքը խնդրեց. մայրը մերժեց, կեանքի տարբերութեան փաստը մէջբերելով։ Այս պատճառաւ արքունական ատեանի մատնուեցան անոնք։ Առաքինի մայրը կը յորդորէր իր զաւակները, ինչպէս երբեմն Մակաբայեցւոց մայրը, չընկրկիլ իրենց հաւատքին մէջ, ու երեք քոյրերը զիրար կը գերազանցէին նահատակութեան ցանկութեամբ։
«Նախ մեծը՝ տասներկու տարեկան տակաւին, տառապեցուցին գանակոծութեան եւ հրկիզանքի տանջանքներով, եւ ի վերջոյ գլխատեցին։ Նոյնպէս վարուեցան յետոյ միւս երկուքին հետ։
«Սգաւոր բայց երջանիկ մայրը մի առ մի թաղեց իր երեք սիրասունները, ու երեք օր վերջը, անոնց տապաններուն վրայ ինկած կը խնդրէր Աստուծմէ, որ իր հոգին եւս միանայ անոնց հոգիներուն։ Այդ դրութեան մէջ էր որ աւանդեց իր հոգին»։ (Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան. «Սուրբք եւ տօնք», Երուսաղէմ, 1939)։
Մարդը կը մասնակցի Աստուծոյ իմաստութեան եւ բարութեան, որ կու տայ անոր իր արարքներուն տիրապետելու եւ ինքզինք կառավարելու կարողութիւնը ճշմարտութեան եւ բարիին հասնելու համար։ «Եւ Քու իմաստութեամբ ձեւաւորեցիր մարդուն կեանքը՝ որ տիրէ Քու ստեղծած արարածներուն…». (ԻՄԱՍՏ. Թ 2)։ Բնական օրէնքը կ՚արտայայտէ սկզբնական բարոյական իմաստը՝ որ թոյլ կու տայ մարդուն իր բանականութեամբ զանազանելու ի՛նչ որ բարի է եւ չար, ի՛նչ որ ճշմարտութիւն է եւ սո՛ւտ։
Սողոմոնի հետ կարելի է ըսել. «Ինքն է որ տուաւ ինծի ճշմարիտ գիտութիւնը արարածին մասին, ճանչցուց ինծի կառոյցը աշխարհի, յատկութիւնները տարրերուն… որովհետեւ որպէս ամէն բանի ճարտարապետ՝ Իմաստութիւնը Ի՛նք սորվեցուց ինծի». (ԻՄԱՍՏ. Է 17-21)։
Սուրբ Ամբրոսիոս կ՚ըսէ. «Յիշէ՛ ուրեմն, թէ ընդունած ես հոգեւոր կնիքը. Հոգին իմաստութեան եւ հանճարի, Հոգին խրատի եւ ուժի, Հոգին գիտութեան եւ աստուածպաշտութեան, Հոգին սուրբ երկիւղի։ Այս ընդունածներդ պահպանէ՛։ Հայր Աստուած կնքեց քեզ Իր նշանով, Քրիստոս Տէրը քեզ դրոշմեց եւ Հոգիին գրաւականը սրտիդ մէջ դրաւ»։
Արդարեւ, իմաստութիւնը՝ Սուրբ Հոգիին եօթը պարգեւներէն մի՛ն է։ Իմաստութիւնը իր լրումին մէջ կը պատկանի Քրիստոսի, Դաւիթի Որդիին. (ԵՍ. ԺԱ 1-2)։ Ան կը լրացնէ եւ իր կատարելութեան կը հասցնէ առաքինութիւնները անոր, որ կ՚ընդունին զայն։ Իմաստութիւնը հաւատացեալները կը դարձնէ հլու՝ հնազանդելու համար փութկոտութեամբ աստուածային ներշնչումերուն։ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Քու բարի հոգիդ թող առաջնորդէ ինծի ուղիղ երկրին վրայ». (ՍԱՂՄ. ՃԽԲ 10)։ Եւ «Իմաստութեան» զաւակները.
Հաւատքը մարդուն պատասխա՛նն է Աստուծոյ, որ Ինքզինք կը յայտնէ եւ Ինքզինք անոր կու տայ, իր կեանքին գերագոյն իմաստը որոնող մարդուն միաժամանակ յորդառատ լոյս կը սփռէ։
Յոյսը աստուածաբանական այն առաքինութիւնն է, որով մենք կը բաղձանք իբր մեր երանութիւնը ունենալ՝ երկինքի Արքայութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը, մեր վստահութիւնը դնելով Քրիստոսի խոստումներուն վրայ եւ ապաւինելով ո՛չ թէ մեր ուժերուն, այլ Սուրբ Հոգիին շնորհքին օգնութեան։
Սէրը Աստուած Ի՛նքն է՝ որ «հարուստ է շնորհքով եւ հաւատարմութեամբ». (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։
Սէրը աստուածաբանական այն առաքինութիւնն է, որով կը սիրենք Աստուած Իրեն համար՝ ամէն բանէ վեր, եւ մեր մերձաւորը իբրեւ մեր անձը, Աստուծոյ սիրոյն համար։ Յիսուս սէրը կ՚ընէ «նոր պատուիրան» մը. (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34), սիրելով իրենները «մինչեւ վերջ». (ՅՈՎՀ. ԺԳ 1), Ան կը յայտնէ սէրը Հօր, զոր կ՚ընդունի։ Սիրելով, արդարեւ, կը հետեւինք Յիսուսի սիրոյն։ Եւ մեր՝ հաւատացեալներուս պարտքն է պահել Յիսուսի պատուիրանները՝ մնալու համար միշտ Իր սիրոյն մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 5, 2025, Իսթանպուլ