ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ ՃԱՆՉՆԱԼ

«Եւ զիս ղրկող Հօրը կամքը այս է, որ այն ամէնը որ ինք տուաւ, չկորսնցնեմ, հապա անոնց յարութիւն առնել տամ վերջին օրը». (ՅՈՎՀ. Զ 39)։

Իր իմաստութեան եւ բարութեան մէջ հաճոյ թուեցաւ Աստուծոյ յայտնել Ինքզինք եւ ճանչցնել Իր կամքին խորհուրդը, որուն շնորհիւ մարդիկ, Քրիստոսով՝ մարդացեալ Բանով, կը մերձենան Հօր՝ Սուրբ Հոգիի մէջ եւ մասնակից կ՚ըլլան աստուածային բնութեան։ Աստուծոյ փառքը այն է, որ իրականանան Իր բարութեան յայտնութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը, որոնց հեռանկարով աշխարհ ստեղծուեցաւ։

Իր կամքին բարեհաճ ծրագիրը ա՛յս եղաւ. ընել մեզ «որդեգիրներ Յիսուս Քրիստոսով, ի գովաբանութիւն փառքի Անոր շնորհքին». (ԵՓՍ. Ա 5-6). որովհետեւ Աստուծոյ փառքը կենդանի մարդն է, իսկ մարդուն կեանքը Աստուծոյ տեսութիւնն է։

Եթէ Աստուծոյ յայտնութիւնը արարչագործութեամբ երկրի վրայ ապրող բոլոր արարածներուն արդէն իսկ կեանք տուաւ, որքան աւելի յայտնութիւնը Հօր՝ Բանով, կեանք պիտի տայ անոնց, որոնք կը տեսնեն Աստուած։ Վերջնական վախճանը արարչագործութեան այն է, որ Աստուած, որ արարիչն է բոլոր արարածներուն, ըլլայ ի վերջոյ «ամէն ինչ ամէն բանի մէջ». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 28), իրականացնելով միանգամայն Իր փառքը եւ մեր երանութիւնը։ 

Յիսուս երբեք պիտի չկորսնցնէ մէկը, մարդ մը իսկ անխտիր՝ չարը եւ բարին, հաւատացեալը եւ անհաւատը։ Արդարեւ, Հօր եւ Որդիին կամքը նո՛յնն է, եւ Որդին եկած է կատարելու Հօր կամքը։ Ուրեմն, մեզ բոլորին պարտքն է հնազանդիլ Աստուծոյ կամքին եւ կատարել Անոր կամքը։

Բայց արդեօք գիտե՞նք Աստուծոյ կամքը։

Գիտնալու համար պէտք է ճանչնալ, յետոյ գործադրել, կատարել զայն եւ խոնարհիլ անոր առջեւ։ Եւ այս բոլորը կարելի է մարդուս համար. պէտք է հետեւիլ Քրիստոսի, Անոր Աւետարանին՝ հնազանդիլ ե գործադրել պատուիրանները։ Ասոր համար նախ պէտք է հեռանալ չարէն՝ ճշմարիտը, բարին հետապնդել եւ միշտ սիրոյ մէջ բարի՛ն կատարել՝ ա՛յն ինչ որ բարեբեր եւ ի նպաստ է մարդուն համար։ Ուստի, մարդու բարիքի համար աշխատիլ՝ բարիքն է, որ կը բխի սէրէն։ Եւ այն՝ ինչ որ մարդուն օգտին կը ծառայէ, բարի է եւ աստուածահաճո՛յ։

Աստուծոյ կամքը մնայուն է՝ կայուն եւ անժամանակ։ Մինչդեռ մարդուն կամքը անկայուն է՝ փոփոխական եւ ժամանակաւոր, եւ այդ պատճառով մարդ պէտք է ճանչնայ, գիտնայ, թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը։ Եւ Աստուծոյ կամքին ճամբան՝ աներկբայ հաւատքին ճամբա՛ն է, այն որ կը հաւատայ, կը ճանչնայ Աստուծոյ կամքը եւ ըստ այնմ կը շարժի։

Յիսուս կ՚ըսէ.- Ան, որ զիս կ՚անարգէ եւ իմ խօսքերս չ՚ընդունիր, կայ մէկը որ զանիկա պիտի դատէ. այն խօսքը որ ես խօսեցայ, ան պիտի դատէ վերջին օրը։ (ՅՈՎՀ. ԺԲ 48)։ Այս ալ, ահաւասիկ, ցոյց կու տայ Աստուծոյ կամքը ճանչնալու ճամբան։

Դատաստանը կը պատկանի Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի. «Քանզի Հայրը մէ՛կը չի դատեր, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ, որպէսզի ամէնքը պատուեն Որդին, ինչպէս Հայրը կը պատուեն։ Ան որ Որդին չի պատուեր, զանիկա ղրկող Հայրը չի պատուեր։ Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի թէ Ան որ իմ խօսքս մտիկ կ՚ընէ եւ կը հաւատայ Անոր որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի եւ դատապարտութեան տակ չ՚իյնար, հապա մահուանէ դէպի կեանք անցած է». (ՅՈՎՀ. Ե 22-24)։

Ուրեմն, պէտք է ճանչնալ եւ ընդունիլ դէպի Իրեն գացող ճամբան։ Գործադրել, իրագործել սէրը, բարին եւ կարեկցութիւնը, ողորմութիւնը «բարի» ըլլալու ճամբաներն են։ Առաւել եւս, խոնարհիլ, եւ սիրայօժար, ազատակամօրէն կատարել այդ բոլորը եւ ո՛չ պարտադրութիւն համարելով։ Որովհետեւ Աստուծոյ կամքը միշտ մարդուն ի նպաստ է եւ զայն կը բարձրացնէ։

Հոգատարութիւն, խաղաղութիւն, ապաւէն՝ Քրիստոսը ճանչնալու արդիւնքներն են։ Եւ այս ճանաչումը՝ յաւիտենական կեանք կու տայ։ Աշխարհի բարիքները օգտագործել եւս Աստուծոյ կամքը կատարել կը նշանակէ։ Եւ այս կերպով կարելի է ապահովել հոգիի փրկութիւն, անմահ եւ յաւիտենական կեանք եւ երկնային երջանկութիւն, այսինքն՝ երանութի՛ւն։

Եւ Աստուծոյ կամքը կը նշանակէ՝ Անոր պատուէրները հասկնալ, կատարել եւ խոնարհիլ։ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար մարդացեալ Աստուած՝ Որդին երկինքի Արքայութեան բացումը կատարեց երկրի վրայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 5, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 6, 2025