ԲԱՒԱՐԱՐՈՒԱԾ ՉԸԼԼԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌԸ

Մարդու բաւարարուած չըլլալուն մէջ մեծ դեր ու ազդեցութիւն ունի մարդկային բնութեան անբաժան մէկ մասը եղող յարմարուելու կարողութիւնը. օրինակի համար, մարդ մը երկար տարիներ կը պայքարի բան մը ձեռք բերելու համար, սակայն, երբ ձեռք կը բերէ, որոշ ժամանակ ետք բնականի կը վերածուի եւ իր նախկին իմաստն ու արժէքը կը կորսնցնէ։ Ամէն բան մարդու համար որոշ ժամանակ ետք կը դառնայ բնական եւ հետեւաբար նորը ուզելու եւ բաւարարուած զգալու զգացումը երբեք չ՚ունենար։ Այս երեւոյթը հոգեբանութեան մէջ կը բացատրուի հետեւեալ ձեւով. երբ մարդ բանի մը փափաքի, այդ մէկը երեւակայութեան մէջ շատ աւելի փայլուն կը ներկայանայ՝ քան իրականութեան։ Մարդու բաւարարուածութիւնը ցանկութեան եւ ձգտումի պայքար մըն է՝ քան գոհացում, որովհետեւ մարդ իր նոր ձեռքբերումով կարճ ժամանակով գոհանալով հանդերձ՝ նորերը պիտի ուզէ: Մարդ միշտ ինքզինք աւելի բարձր ցոյց տալու պայքարին մէջ է եւ հետեւաբար իւրաքանչիւր ձեռքբերում նոր եւ աւելի բարձր ձգտումներ պիտի ստեղծէ: Իւրաքանչիւր ձեռքբերում, որոշ ժամանակ ետք բնական դառնալով պարապութիւն պիտի ստեղծէ եւ մարդ այդ պարապութիւնը նոր ձգտումներով, նոր նպատակներով պիտի սնուցէ՝ որպէսզի դէպի ուրախութիւն ձգտող անվերջ պայքարը շարունակուի։ 

Յայտնի ուսումնասիրողներ կը գրեն. «Երբ մարդ փափաքի, միտքը նպատակի մը վրայ կը կեդրոնանայ եւ կը չափազանցէ անոր ազդեցութիւնը։ Մարդ կը սկսի հաւատալ, որ իրեն համար կեանքը «պակաս» ուրախ դարձնողը այդ նպատակին իրականութիւն չիդառնալն է։ Երբ այդ նպատակը իրականութիւն դառնայ եւ մարդ իր ձգտածը ձեռք բերէ, ուշադրութիւնը կը ցրուի ամբողջ կեանքին վրայ եւ նախկին հետաքրքրութիւնը չ՚ունենար»։ Այս վիճակին լաւագոյն բացատրութիւնը սեփական արժէքները լաւապէս չգնահատելու երեւոյթն է. օրինակի համար, կայ անձ, որ ոտքեր չունենալով նախանձով կը դիտէ հեծանիւ քշող երիտասարդը։ Իրեն համար ի՜նչ մեծ երանութիւն պիտի ըլլար ունենալ ոտքեր եւ կարենալ հեծանիւ քշել, սակայն, հեծանիւ քշողը իր այդ «բախտաւոր»ութեան գիտակցութիւնը չունենալով կը նախանձի ուրիշի մը՝ որ յաջողած է համեստ ինքնաշարժ մը ձեռք բերել։ Միեւնոյն ժամանակ, համեստ ինքնաշրաժի տէրը ինք եւս բաւարարուած չէ, որովհետեւ ուրիշի մը նոր ու ոչ-համեստ ինքնաշարժը գրաւիչ կը թուի։ Գրաւիչ ինքնաշարժի տէրը իր կարգին ուրիշին պիտի նախանձի ու ձգտի եւ այսպէս այս պայքարը վերջ պիտի չունենայ։ Նման աշխարհի մը մէջ բաւարարուած զգալը կը դառնայ անհնար: 

Անշուշտ, մեր մօտ ձգտում բառը դրական իմաստով կը գործածուի, սակայն, շատ մը մտածողներ կ՚ըսեն, որ մարդու կեանքը դժբախտացնողը այդ ձգտումն է, որովհետեւ վերջ չունի։ Ձգտումը պատճառ կը դառնայ, որ մարդ սկսի իր ներկայէն ձանձրանալ, այդ ձանձրոյթը ցաւ եւ ցաւը նոր ցանկութիւններ կը ծնի:

Այս տողերը լուրջ վերլուծութեան կը կարօտին։ Աւելի քան մէկուկէս դար առաջ ապրած գրող, թատերագիր ու բանաստեղծ Օսքար Ուայլտ (1854-1900) իր աշխատանքներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Աշխարհիս վրայ երկու տեսակ ողբերգութիւն կայ. մէկը ձեռք չբերել այն, ինչ կ՚ուզես, իսկ միւսը՝ ձեռք բերել»։ Արդիւնքը միշտ տառապանք է։ Մարդ կ՚ուզէ ձեռք բերել, սակայն, չի յաջողիր եւ հետեւաբար այս մէկը ինքնին տառապանքի կը վերածուի։ Մարդ ցաւ կը զգայ, երբ ստանայ՝ նորէն տառապանք մը կը ծնի, որովհետեւ ձգտումը՝ որ երազանք մըն էր, պայքար մըն էր, վերջ կը գտնէ։ Տառապանքը կը ծնի, որովհետեւ երեւակայութեան մէջ կատարեալ թուացող երեւոյթ մը իրականութիւն դառնալէ ետք իր իրական արժէքը կը ստանայ։ Նպատակը իրականութիւն դարձնելը դրական երեւոյթ է, սակայն, շատեր իրենց նպատակը իրականութիւն դարձնելէ ետք իրենք զիրենք պարապութեան մը մէջ կը զգան։ Չկատարուած երազանքը պայքարելու, ապրելու իմաստ կու տար, որովհետեւ մարդ շատ աւելի կապուած ու երջանիկ կը զգայ ինքզինք, երբ նպատակի մը համար կ՚ապրի ու կը պայքարի: Մարդ արարած առանց նպատակի ու ցանկութեան չի կրնար ապրիլ եւ հետեւաբար երբեք բաւարարոչի կրնար ըլլալ: 

Մեր էութեան մէկ մասն է շատ աւելին ցանկալը, որմէ մարդ չի կրնար ձեռբազատիլ, սակայն, կրնայ որոշ բաներ գիտնալ. մարդու ձգտումի զգացումը շատ աւելի զօրաւոր է՝ քան իրականութենէն հաճոյք ստանալը։ Հետեւաբար, չիրականացած երազի մը հասնելու կարծեցեալ հաճոյքը իր ճշմարիտ հաճոյքէն շատ աւելի է ու տարբեր։ Մարդ կը կարծէ, որ եթէ ձեռք բերէ այս մէկը, իր կեանքին մէջ ամէն բան իր տեղը պիտի գտնէ, սակայն, ձեռք բերելէ ետք կը նկատէ, որ այդպէս չէ, որովհետեւ աւելին ունենալու բնազդը նոր ձգտումներ պիտի ստեղծէ, ինչ որ թէ՛ դրական եւ թէ բացասական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։ Դրական՝ որովհետեւ նոր պայքարներ ու նպատակներ կը ստեղծէ, բացասական՝ որովհետեւ անվերջ անկուշտ կը դարձնէ մարդը: 

Պէտք է պարզապէս յիշել, թէ ժամանակին որքա՜ն կ՚ուզէինք այս կամ այն բանը ձեռք բերել։ Այդ գիտակցութիւնն է, որ սեփականը գնահատել կը սորվեցնէ։ Աւելին ցանկալը բացասական չենք ուզեր ներկայացնել, որովհետեւ եթէ չըլլար այդ մէկը, մարդ այսքան չէր կրնար զարգանալ։ Պարզապէս երջանիկ ըլլալու համար պէտք է գնահատել այն բոլորը, որ մեր պայքարի արիւնքն է։ Պէտք է աչքի դիմաց ունենալ ձեռքբերումները, որովհետեւ այն, ինչ որ այսօր մենք ունինք, ուրիշին համար երազ է՝ այնպէս ինչպէս ուրիշին ունեցածը մեզի համար: Պէտք է յիշել պարզապէս այն ժամանակները, երբ այսօր ունեցածնիս երազ էր մեզի համար: 

Այս յօդուածը կ՚ուզենք վերջացնել Մարկոս Աւրելիոսի խօսքերով. «Միտքիդ մէջ թուէ այն բոլորը, որ այսօր ունիս եւ մտածէ, թէ ինչքան պիտի փնտռէիր այդ բոլորը՝ եթէ չունենայիր»:

•​վերջ

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ի՜նչ գարշելի է մարդը, երբ ան միմիայն նիւթ է, առարկայ, կենդանի, կամ աւելի ճիշդ, երբ ան անասուն է:

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2026