ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ

Եկեղեցիներն ու եկեղեցականները ինչքան ալ խօսին պահեցողութեան մասին, անժխտելի փաստ է, որ շատ մը քրիստոնեաներ՝ մա՛նաւանդ երիտասարդութիւնը պահեցողութեան ճշմարիտ իմաստը չեն հասկցած։ Շատ շատեր կը կարծեն, թէ պահեցողութիւնը սննդակարգ մըն է. հեռու պէտք է մնալ միսէն, կաթէն եւ այդպիսով մարդ պահք պահած կ՚ըլլայ: Սակայն, քրիստոնէութիւնը իր առաջին իսկ դարէն սկսեալ փորձեց մարդոց բացատրել ու հասկցնել, որ միայն մսեղէնէն հեռու մնալով մարդ պահք պահած չ՚ըլլար. օրինակի համար, քրիստոնէական առաջին գրականութեան մէջ (ինչպէս՝ Հերմասի «Հովիւը» աշխատութիւնը) կը բացատրուի, թէ մարդ եթէ մսեղէնէն հեռու մնայ, սակայն շարունակէ մեղանչել, պահք բռնած չ՚ըլլար, որովհետեւ պահեցողութիւնը մարմնական սնունդէն աւելի հոգեւորին պահեցողութիւնն է: Այսօր մեր շուրջ շատեր պահեցողութեան մէջ են, սակայն, կը շարունակեն բամբասել, ամբաստանել, նեղել ու չարախօսել… նման պահեցողութիւն մը հոգեւոր իմաստով ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ:

Քրիստոնէական հայրերը բազմիցս կը բացատրեն որ պահքի հիմնական նպատակը չարութենէ հեռու մնալն է։ Իսկական պահքը սկիզբ կ՚առնէ այն ժամանակ, երբ մարդ կը սկսի հեռու մնալ անարդարութենէ. երբ կը սկսի զսպել իր լեզուն եւ ամբողջութեամբ փոխել իր ապրելակերպն ու կեանքը: Պատկերացուցէք մարդասպան մը, որ ամէ՛ն օր չարութիւն կը գործէ, սակայն որպէս պահք հեռու կը մնայ միսէն, կաթէն եւ բոլոր անասնական արտադրութիւններէն. միսը չէ, որ մարդը դէպի փրկութիւն կ՚առաջնորդէ։ Միսէն հեռու մնալով հանդերձ չարութիւն ընո՞ղն է հոգեւորը, թէ միսը ուտելով հանդերձ մաքուր կենցաղով ապրողը: Այդ իսկ պատճառով մեր շուրջ շատեր պէտք չէ հպարտանան ու գոռոզանան ըսելով՝ «պահեցողութեան մէջ եմ». պահեցողութիւնը ուրիշ այլ կերպերով կարելի է բռնել: Օրինակի համար, եկեղեցւոյ հայրերը կ՚ըսեն, որ պահեցողութեան ընթացքին միս չուտելը պէտք է ունենայ հետեւեալ նպատակը. այն գումարը՝ որով մարդ միս պիտի գնէր եւ պահեցողութեան ընթացքին չի գներ, պէտք է նուիրէ աղքատներուն, որովհետեւ ողորմութիւնը պահեցողութեան ընթացքին շատ աւելի մեծ իմաստ ու նշանակութիւն ունի՝ քան միս չուտելը: Պահքը իր նպատակին կը հասնի, երբ մարդ ինքզինք զրկելով կ՚օգնէ աղքատներուն, որբերուն ու կարիքաւորներուն: Այս մէկը այսօր վերացած է, այդ իսկ պատճառով մարդիկ պահքը սկսած են ըմբռնել որպէս «նիհարնալ»ու եւ որոշ չափով դրամ «խնայելու» միջոց: Մեր եկեղեցւոյ հայրապետներէն Շնորհալի կ՚ըսէ, որ պահեցողութեան ընթացքին պէտք է հոգին խնայել. այլ խօսքով՝ պարկեշտութեամբ ապրիլ: 

Անշուշտ, հին ժամանակ հոգեւորին կողքին խստութեամբ կը պահանջուէր նաեւ սնունդի պահեցողութիւնը։ Օրինակի համար, ԺԱ. դարուն պապական եկեղեցին մեծ պահքը չպահողներուն ակռաները կը հեռացնէր՝ որպէս պատիժ եւ հիւանդներու պարագային ուտելու արտօնագրեր կը ծախէր: Այսօր ինչպէս մահմետականները, անցեալին ամբողջ քրիստոնէութիւնը պահք կը պահէր, 4-րդ-6-րդ դարերու ընթացքին մարդիկ ո՛չ միայն անասնական միսէն ու կաթէն հեռու կը մնային, այլ մինչեւ իսկ օրական միայն մէկ անգամ կ՚ուտէին՝ երբ արեւը մայր կը մտնէր։ Շատ աւելի խստապահ հասարակութիւններ ամբողջ պահեցողութեան ընթացքին միայն հաց ու ջուրով կը սնուէին։ Պատմութեան մէջ յիշուած է «սեւ պահք» հասկացողութիւնը, ուր ամբողջ օրը մարդ անօթի մնալով միայն երեկոյեան շատ չնչին բան մը կ՚ուտէր: Ի դէպ, շատ շատեր բացի մեծ պահեցողութենէն՝ իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին կը պահէին չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերու պահեցողութիւնը։ Այսօր մատներու վրայ կարելի է հաշուել նման անձեր, սակայն, անցեալին բոլորին մօտ տարածուած էր այդ մէկը, որովհետեւ դաստիարակութեան, ուսուցման մաս կը կազմէր: Այս կանոնները չպահելու պարագային մարդիկ կ՚ենթարկուէին հրապարակային ապաշխարութեան, տուգանք կը վճարէին՝ որպէս ներում, շատ անգամ հաղորդութենէ կը զրկուէին: 

Սակայն, լուրջ ու մտահոգեցուցիչ հարց է, որ ինչպէ՞ս այսօր ամբողջ մահմետականութիւնը՝ մեծամասնութեամբ կը պահէ իրենց կրօնին մէջ նշանակուած ծոմն ու պահեցողութիւնը, սակայն, քրիստոնէական աշխարհը ոչ: Պատճառը պարզ է. օրէնքներու մեղմութիւն եւ տարբերութիւններ։ Այսօր կան քրիստոնէական տարբեր բաժանումներ եւ այդ բաժանումները հաւատալով հանդերձ նոյն Յիսուս Քրիստոսին, ունին տարբեր օրէնքներ. հաւատալով հանդերձ նոյն Յիսուս Քրիստոսին, ունին հակասութիւններ. մին խաչափայտը չ՚ընդունիր, ուրիշ մը Յարութիւնը հարցականի տակ կը դնէ. մին պահքը կարեւոր կը նկատէ, իսկ ուրիշը ոչ-կարեւոր՝ դիտել տալով, որ ուտելիքը մարդը չի փրկեր։ Այս քաոսային վիճակն է, որ արժեզրկած է օրէնքներն ու պարտաւորութիւնները։ Այո, մահմետականներու մօտ եւս կայ բաժանումներ. անոնց մէջ եւս կան հասկացողութեան տարբերութիւններ, սակայն, անոնց մօտ հասարակաց գիծերը շատ աւելի են՝ քան տարբերութիւնները։ Անոնց բաժանումները կարեւոր կը նկատեն ծոմն ու պահեցողութիւնը եւ այդ ուսուցման հանդէպ իրենց ունեցած կապուածութիւնն է, որ կը յաջողի կենդանի պահել օրէնքներն ու աւանդութիւնները։ Այո, անոնց մօտ եւս տարուէ տարի պիտի կորսուի այդ աւանդութիւնը՝ որովհետեւ աշխարհը կը փորձէ մարդը միատեսակ դարձնել՝ հեռու դաստիարակուած օրէնքներէ եւ սպասումներէ, սակայն, այսուհանդերձ տակաւին կը յաջողին կենդանի պահել: Տեսած եմ բազմաթի՜ւ մահմետականներ, որոնք կը պահեն իրենց կրօնական աւանդութիւնը՝ նոյնիսկ իրենց շրջանակէն դուրս՝ հեռու տեղ մը, ուր զիրենք տեսնող ու ճանչցողներ չկան, որովհետեւ այդ մէկը իրենց համար կը շարունակէ մնալ կապ՝ մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ եւ ո՛չ թէ ցուցադրութիւն՝ մարդու եւ մարդու միջեւ կատարուած: 

Պահեցողութեան այս շրջանին ինչքա՜ն կը սիրեմ այս տողը յիշել. մի՛ս կերէք, բայց իրարու միս մի՛ ուտէք։ Մենք թէ՛ միսը կ՚ուտենք եւ թէ իրարու միս կ՚ուտենք: Ահաւասի՛կ, աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութեան պարզած վիճակը:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Քանի դեռ հայերը կարողութիւն չունին իւրեանց բուն լեզուով մտածելու, խօսելու եւ գրելու՝ չկայ նաեւ ո՛չ հայկական ուսումն եւ լուսաւորութիւն եւ ոչ իսկ հայութիւն. եւ հայութիւն առանց հայաբար մտածելու եւ խօսելու՝ բարբարոսութիւն է մեր աչքում, որովհետեւ ազգ եւ լեզու մի են. առանց լեզուի չկայ ազգ, ինչպէս եւ առանց ազգի՝ լեզուն մի անըմբռնելի բան է:

ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2026