ԽԱՉԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
Սովորաբար կ՚ըսուի, թէ խաչը տառապանքի գործիք է եւ թէ քրիստոնէութիւնը տառապանքի կրօն է։ Անշուշտ, ինչպէս կեանքի մէջ ամէն բան, այնպէս ալ չարչարանքը երկու երեսակ ունի, զոհող եւ լուսաւոր չարչարանք, որ աւելի առաջնորդող դեր մը կը կատարէ կեանքի մէջ, եւ մութ եւ խաւար, աւելի ճնշիչ չարչարանք՝ որ մահուան կ՚առաջնորդէ։ Լուսաւորը՝ մարդ ինքն է, որ կը ստանձնէ եւ կը դիմաւորէ, մութը՝ մարդուն կը պարտադրուի։ Արդարեւ, չարչարանքը, տառապանքը մարդուն անխուսափելի բաժի՛նն է. ան խաղաղ եւ երջանիկ կեանքին միջամտութիւնը եւ արգելքն է։ Ամէն ծնունդ եւ արարչագործութիւն՝ մարմնական կամ բարոյական, առընչուած է չարչարանքին։ Եւ ընդհանրապէս այս չարչարանքը, տառապանքը կը խորհրդանշէ խա՛չը։
Բայց հոգեպէս զգաստ եւ բարոյապէս զօրեղ է այն մարդը՝ որ շատ չարչարուած եւ տառապած է ճշմարտութեան, արդարութեան, բարութեան եւ ծառայութեան համար։ Ահաւասի՛կ, այս իմաստով խաչը եղաւ նաեւ զօրութեան խորհրդանիշը։ Խաչը հրաշագործութիւններու գործիք մը, անիմանալի բայց զգալի զօրութիւն մըն է։ Խաչը իր զօրութեամբ բժշկարար գործիք մըն է։ Յիսուս իր խաչին զօրութեամբ դժոխքին եւ չարին յաղթեց։
Եկեղեցւոյ հայրեր ընդհանրապէս կ՚ըսեն, թէ խաչը երկրի վրայ Աստուծոյ գաւազանն է։
Մովսէս գաւազանով ջուրերէն ճամբայ բացաւ իր ժողովուրդին, եւ դարձեալ կ՚ըսուի, թէ Մովսէսի գաւազանը խաչին նախատիպարը եղաւ՝ որպէս ամէն նեղութեան դարման եւ դժուարութիւններ, արգելքներ ջնջող։ Խաչը եղաւ նաեւ հոգեկան յաղթանակի տանող գործիք եւ այս ուղղութեամբ՝ յաղթութեան խորհրդանիշ։ Եւ Մովսէսի օրինակով՝ ինչպէս անոր գաւազանը Կարմիր ծովուն մէջ ճամբայ բացաւ, խաչն ալ ճամբայ կը բանայ։ Խաչը Աստուծոյ արքայութեան տանող ճանբան է։ Խաչը նաեւ վահան մըն է՝ որ մարդս կը պաշտպանէ չարին դէմ եւ չարին յարձակումները կը կասեցնէ։ Ուստի, կեանքի բոլոր դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու դէմ մարդս պահպանող վստահելի ապաւէն մըն է խաչը։
Աշխարհի վրայ, կեանքի մէջ անխուսափելի են նեղութիւններ, դժուարութիւններ, հոգեր, բայց մարդ պէտք է քաջ ըլլայ, եւ այս քաջութեան ապահով եւ վստահելի գործիքը, միջոցը խա՛չն է։ Արդարեւ, ամէն օր առնել իր խաչը եւ խաչին առաջնորդութեամբ հետեւիլ Յիսուսին՝ ամենէն ապահով ուղին է Աստուծոյ արքայութեան եւ երանութեան։ Յիսուս մարդուն կու տայ պէտք եղած ուժը եւ շնորհքը Իր խաչին միջոցաւ՝ ապրելու համար կեանքը Աստուծոյ արքայութեան տարողութեան համեմատ։ Քրիստոսի հետեւելով, իրենց անձէն հրաժարելով, իրենց խաչը առնելով է, որ մարդիկ, հաւատացեալներ պիտի կարենան կեանքին սկզբնական իմաստը հասկնալ եւ ապրիլ զայն՝ Քրիստոսի հովանիին ներքեւ Անոր օգնութեամբ։ Քրիստոսի հետ ապրուած կեանքը այն շնորհքն է՝ որուն պտուղը Քրիստոսի Խաչէն կու գայ, ակնաղբիւրը քրիստոնեայ ամէն կեանքի։ Ասոր համար անհրաժե՛շտ է համբերատար ընկալումը խաչին՝ զոր կրելու է ամէն հաւատացեալ։
Յիսուսի Խաչով մարդը կը գործակցի կերպով մը Աստուծոյ Որդիին հետ՝ Անոր փրկչագործութեան։ Մարդը Քրիստոսի կ՚աշակերտի ամէն օր խաչը կրելով, այն գործին մէջ՝ զոր կատարելու կոչուած է։
Մարդ խաչը կրելով կը կատարելագործէ մաս մը այն կարողութիւններուն՝ որոնք դրոշմուած են իր բնութեան մէջ։ Եւ մեծ է Խաչին զօրութիւնը՝ հրաշագործ է ան, կը պահէ, կը պահպանէ եւ կը բժշկէ՛, կը վերակենդանացնէ՛…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ