ՕՐ ՄԸ ԵՐԱՆԻ՜ ՊԻՏԻ ՏԱՆՔ ԱՅՍ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ
Եթէ անձ մըն էք, որ մասամբ կը մեղադրէք ներկայ երիտասարդ սերունդը անտարբերութեան, անդաստիարակութեան ու անպատշաճ վարքի մէջ, ապա կը վստահեցնենք, որ ապագայ սերունդներուն դիմաց երանելիներ են անոնք, որովհետեւ այդ ընթացքը սրբագրուելու եւ լաւ հունի մէջ մտնելու փոխարէն օրէ օր շատ աւելի կործանման պիտի առաջնորդէ:
Լաւապէս կը գիտակցինք, որ մեր ազգին մէջ ունինք որոշ «լաւատես» անձնաւորութիւններ, որոնք ներկայ հայ երիտասարդութեան, ինչպէս նաեւ ապագայ երիտասարդութեան մէջ (որ այժմ պատանի են) կ՚ուզեն յոյս կապել: Սակայն թէ՛ ներկայ եւ թէ ապագայ սերունդներու դաստիարակութիւնը աչքի դիմաց ունենալով կը նկատենք, որ իրականութեան մէջ այնքան ալ առողջ դաստիարակութիւն չի փոխանցուիր եւ եթէ լրջօրէն փորձենք նայիլ մեր շուրջ, ապա այդ դաստիարակութեան փտածութիւնը շատ աւելի յստակ ձեւով պիտի տեսնենք:
Օրինակի համար, շուրջս կը տեսնեմ 8-13 տարեկան մանուկ-պատանիներ, որոնք կապուածութեամբ կը դիտեն հայկական այս կամ այն ժապաւէնը։ Փորձեցէք պահ մը մի քանի վայրկեանով աչքէ անցընել. պոռչտուք, կռիւ, անբարոյական ու անմակարդակ բառեր։ Հաւատացէ՛ք այդտեղ անուղղակի ձեւով կը քարոզուի անբարոյութիւն, դաւաճանութիւն, անբարեկիրթ պահուածք. հայկական ներկայ ժապաւէններու գրեթէ բոլո՛ր իգական սեռի ներկայացուցիչները «կռուազան»ներ են, «ապուշ», «էշ», «յիմար» ու նման հազար ու մէկ արտայայտութիւններով: Դաստիարակչական ո՛չ մէկ նիւթ, ո՛չ մէկ արտայայտութիւն:
Այսօրուան մեր պատանիներուն ձեռքը TikTok կոչեցեալ չարիքն է. այդ հարթակէն ի՞նչ կը սորվին մեր պատանիները. ըսենք. պոռնկական պարեր ու շարժումներ, իգական սեռի ներկայացուիչներու պարագային «կիսամերկ» դառնալու արուեստը, կռիւ, խեղկատակութիւն, սանձարձակութիւն եւ ի՛նչ վատ բան, որ կրնաք երեւակայել:
Անցեալին առաջին դպրոցը ծնողքն էր եւ ապա դպրոցը. այսօր պատկերը ուրիշ է. առաջին դպրոցը գրելէ բոլորին համար համացանցն է. որոշ ծնողներ կը փորձեն իրենց զաւակները հեռու պահել այդ բոլորէն, սակայն, բնականաբար, այդ մէկը եւս կ՚ունենայ իր ժխտական անդրադարձը, որովհետեւ այդ զաւակը բնականաբար կը տարբերի եւ կ՚անտեսուի հասարակաց դաստիարակութիւն ունեցող ընկերութենէն:
Անշուշտ, պէտք է նկատի ունենանք, որ փոխուած է նաեւ ընտանեկան դաստիարակութիւնը. եթէ անցեալին մայր մը կը խրատէր իր զաւակին կռիւ չընել, այսօր հակառակը կը տեսնենք. «իրաւունքը ուժն է միայն» կարգախօսով ամէն ծնողք կ՚ուզէ, որ իր զաւակը կռիւի պարագային, հասակակիցներու հետ ունեցած խնդիրներու պարագային համեստ բնաւորութեամբ չմօտենայ, որովհետեւ մերօրեայ ընկերութեան մէջ բարութիւնը, յարգանքը, նրբութիւնը իրականութեան մէջ չունի այն արժէքը՝ որ ունէր անցեալին:
Այս բոլորը կամայ թէ ակամայ մտածել կու տայ, թէ ո՞ւր կ՚առաջնորդուի նոր սերունդը, ի՞նչ ճակատագիր պիտի ունենայ մեր ազգի ապագայ վիճակը, մանաւանդ երբ բարոյականութեան հիմքերը օրէ օր կը փլին եւ դաստիարակութիւնը կը փոխարինուի անդաստիարակութեամբ: Լրջօրէն կ՚ուզենք գիտնալ, թէ ի՞նչ են մերօրեայ երիտասարդներուն եւ պատանիներուն հետաքրքրութիւնները. բարոյականութեան փոխարէն անոնց մէջ կը սերմանուի նիւթապաշտութիւնը. պահ մը քննեցէք եւ փորձեցէք ըսել, թէ որո՞նք են մերօրեայ երիտասարդներուն եւ պատանիներուն ընտրած տիպարները, որո՞նք են անոնց «հերոս»ները: Կը ստեղծուի սերունդ մը, որ հետաքրքրուած եւ մտահոգ է միայն ներկայով. սերունդ՝ որ մոռցած է անցեալի արժէքներն ու մոռցած ապագայի հանդէպ գիտակցութիւնը: Սերունդ՝ որ կ՚ապրի պահի ազդեցութեամբ:
Բացէ՛ք գիրքերը. անցեալի երիտասարդը ունէր երազներ, նպատակներ ու ամէն ջանք ի գործ կը դնէր այդ նպատակները իրագործելու համար. մերօրեայ երիտասարդը եւ պատանին կ՚ուզէ, որ իր «երազ»ն ու փափաքը մէկ վայրկեանուան մէջ իրականութիւն դառնայ: Ի դէպ, մեծահասակները իրենց օրինակով «ճիշդ»ը սորվեցնելու փոխարէն իրենք եւս տարուած ու դարձած են նոյնը։ Մեծահասկը օրինակ դառնալու եւ սրբագրելու փոխարէն, այսօր մեծահասակը ի՛նք օրինակ կ՚ընդունի երիտասարդ պատանին եւ օրէ օր աւելի հասուն դառնալու փոխարէն կը մանկանայ եւ առիթ կու տայ ընել այնպիսի սխալներ՝ որոնք խոցելի են:
Վստահաբար, այս բոլորէն ետք (թէեւ որպէս փոքրամասնութիւն) լաւերը հասակ պիտի առնեն, սակայն, վատը պիտի իշխէ եւ լուսարձակէ դուրս ձգէ զանոնք: Այս բոլորը նկատի ունենալ, չեմ գիտեր քանիերրորդ անգամ ըլլալով կը շեշտենք, դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, որովհետեւ ո՛չ միայն ազգի, այլ աշխարհի ապագան կախեալ է դաստիարակութենէն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչն է նոր սերունդի մեծագոյն թերութիւնը:
Պատասխան. Նոր սերունդի մեծագոյն թերութիւններէն մէկը անպատասխանատու ազատութեան զգացումն է: Այս սերունդը կ՚ընտրէ ամբողջական բաւարարութիւննը՝ երկարաժամկէտ նպատակներու եւ պատասխանատուութեան փոխարէն: Ընկերային ցանցերու ազդեցութեան տակ անոնց մօտ յառաջացած է մակերեսային հաղորդակցութիւն, իսկ մարդկային ճշմարիտ կապերն ու արժէքները՝ երկրորդական: Այս մէկը կը ստեղծէ հոգեբանական անկայունութիւն, ինքնութեան ճգնաժամ եւ դժուարութիւններ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան