400 ՄԱՐԴ ՊԱՐԵԼՈՎ ԿԸ ՄԵՌՆԻ

Մեր մարդկային միտքին մէջ կան որոշ կաղապարներ ու համոզումներ, որոնք իրականութեան մէջ ճշմարտութենէն հեռու կրնան ըլլալ. օրինակի համար՝ մեր մարդկային տկար համոզումով ժպիտն ու խնդուքը ուրախութեան, լացն ու վիշտը տրտմութեան արտայայտութիւններ են, սակայն հոգեբանութիւնը կու գայ փաստելու, որ միշտ չէ՛, որ լացը տխրութեան եւ ժպիտը ուրախութեան արտայայտութիւններ ըլլան։ Հոգեբանութեան մէջ շատ յստակ ձեւով կը բացատրուի, որ մենք ուրախութիւնն ու տխրութիւնը չենք կրնար տեսնել. մենք կրնանք պարզապէս անոնց հետեւանքն ու արտայայտութիւնը եղող ժպիտը կամ լացը տեսնել, որ իրականութեան մէջ արտայայտութիւնն են եւ ո՛չ տխրութիւնը եւ կամ ուրախութիւնը: 

Այս բոլորը աւելիով հասկնալու համար բաւարար է ուսումնասիրել համաշխարհային մարդկային պատմութիւնը։ Վստահաբար, շատերու համար անծանօթ է 1518 թուականին տարածուած «պարելու համաճարակ»ը, որ անունով ինչքան ալ գրաւիչ ու դրական ըլլալ թուի, իրականութեան մէջ ցաւ ու վիշտ կը պարունակէ: Բոլորիս համար գրեթէ պարը ուրախութեան խորհրդանիշ է, սակայն միշտ չէ, որ պարելը ուրախութիւն կրնայ խորհրդանշել: 

Ուրեմն 1518 թուականին Սթրազպուրկի մէջ Ֆրաու Տրոֆէա անունով կին մը յանկարծ փողոցին մէջ պարել կը սկսի, սակայն, այդ ուրախութեան պար մը չէր. անոր պարին մէջ կը նկատուի կատաղութիւն: Երկար ժամեր կը պարէ եւ հակառակ անոր, որ կը յոգնի եւ ուժասպառ կ՚ըլլայ, սակայն չի՛ յաջողիր վերջ տալ իր պարին եւ օրեր շարունակ կը շարունակէ պարել. որոշ ժամանակ ետք զարմանքով կնոջ նայող անցորդներէն շատեր կը սկսին միանալ կնոջ խելագար պարին։ Պատմութեան էջերը կ՚ըսեն, որ այդ կնոջ պարին կը միանան հարիւրաւոր անձեր, այնպէս ինչպէս կինը, նոյնպէս հարիւրաւոր մարդիկ չեն կրնար վերջ տալ իրենց պարին եւ այնքա՛ն երկար կը պարեն, որ անոնցմէ շատեր սիրտի կաթուածէն կը մահանան, սակայն, հակառակ մահացողներուն, պարը անվերջ կը շարունակուի։ Աղբիւրներ կը նշեն, որ այս պարի համաճարակի պատճառով աւելի քան 400 մարդ պարելով կը մահանայ, սակայն հարիւրաւորներ կը շարունակեն կատաղի ու անվերջ պարել: 

Իշխանութիւնները սկիզբը դրական եւ ուրախ երեւոյթ նկատելով այս մէկը մինչեւ իսկ երաժիշտներ կը ղրկեն, որպէսզի ժողովուրդը պարի ճամբով իր ուրախութիւնը արտայայտէ, մինչեւ իսկ յատուկ պարի տարածք կը տրամադրեն, կարծելով որ որոշ ժամանակ ետք պարերը վերջ պիտի գտնեն, սակայն կամաց կամաց կը հասկնան, որ ուրախութենէն անդին այս դէպքը դէպի ողբերգութիւն կ՚առաջնորդուի եւ ստիպուած կը դիմեն աղօթքի, ուխտագնացութեան: 

Մարդկային պատմութեան մէջ մինչեւ հիմա այս դէպքը կը շարունակէ մնալ առեղծուած։ Վստահաբար, այս մէկը հոգեբանական վիճակ մըն է, սակայն ունի նաեւ այլ պատճառներ եւս. օրինակի համար՝ 1518 թուականին Սթրազպուրկի մէջ տարածուած էր հիւանդութիւններ եւ ժողովուրդը կը դիմագրաւէր սովը. ծայրայեղ աղքատութիւն էր. պատմութիւնը կը վկայէ, որ այդ տարի ծանր ձմեռ մը ապրելով ունեցած էին բերքի անյաջողութիւն. հետեւաբար այն ժամանակ, երբ առաջին անգամ կինը սկսաւ պարել, բնականաբար անոր ունեցած նոյն հոգեկան վիճակը ունէին նաեւ միւսները եւ հետեւաբար այդ խելագար ընթացքը քննադատելու եւ կամ ծաղրելու փոխարէն մարդիկ բնականաբար կ՚ընդօրինակէին, որովհետեւ բոլորն ալ այդ ընթացքէն դուրս գալու միջոց մը կը փնտռէին եւ այս մէկը հոգեբանութեան համար կարեւոր դէպք մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս նեղութիւնն ու վիշտը կրնայ տարբեր ձեւերու տակ երեւան գալ: 

Այս դէպքի մասին բազմաթիւ պատմաբաններ ունին յիշատակութիւններ ու վերլուծութիւններ. օրինակ՝ պատմաբան Ճոն Ուոլլէր իր «Պարելու ժամանակը, մեռնելու ժամանակը» աշխատութեան մէջ կը յիշատակէ. «Պարելու համաճարակը զանգուածային հոգեբանական հիւանդութեան ձեւ մըն էր, որ կը հանդիսանայ Սթրազպուրկի ժողովուրդի զգալի անհանգստութեան եւ լարուածութեան ֆիզիքական արտայայտութիւն»։ Այս դէպքը անշուշտ նիւթ եղած է նաեւ բանաստեղծութիւններու. աւստրիացի գրող Կիւստաւ Մէյրինք ունի «Մահուան պարը» խորագրով բանաստեղծութիւն մը, ուր կը նկարագրէ, թէ ինչպէս հակառակ մահուան սարսուռին, անոնք պարով կ՚առաջնորդուին դէպի մահ: 

Այս բոլորը ցոյց կու տայ, որ լացն ու ժպիտը պարզապէս ուրախութեան եւ տխրութեան հետ կապուած արտայայտաձեւեր են, սակայն, կրնան ունենալ տարբեր պատճառներ. օրինակի համար՝ մարդ կայ ուրախութենէն կու լայ, իսկ կայ մարդ, որ իր վիշտէն կրնայ ծիծաղիլ եւ այս մէկը հոգեբանականօրէն պարզ է, որովհետեւ զգացումները կրնան փոխել մարդու վարքագիծը, որովհետեւ եթէ զգացումները շատ ուժեղ են, կրնան հակառակ ազդեցութեան տակ յայտնուիլ։ Փիլիսոփաներ դարեր շարունակ ծիծաղին եւ լացին մէջ փորձած են վերացական ուժ մը գտնել. գտած են, որ մարդ պէտք է դժուարութեան եւ ցաւի վրայ ծիծաղի՝ որպէսզի ուրախութիւն գտնէ. միւս կողմէ սակայն, ուրախութեան տիրանալու համար անհրաժեշտ նկատած են լացը, որ պայքարի եւ ուժի խորհրդանիշ որպէս կարելի է ընդունիլ. այդ իսկ պատճառով մարդ ըլլալ կը նշանակէ լալու եւ խնդալու միջեւ պայքարիլ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդ ուրախութենէն ինչո՞ւ կու լայ:

Պատասխան. Մարդիկ ուրախութենէն կու լան, երբ յաջողութիւններ արձանագրեն, որոշակի հանգստութիւն մը զգան եւ կեանքէն հաճոյք ստանան: Ուրախութեան պատճառով լալը կապուած է զգացումներու հետ. մարդ երբ շատ ուրախ վիճակի մէջ ըլլայ, կրնայ միաժամանակ ըլլալ որոշ շփոթած կամ լարուած իրավիճակի մէջ եւ նման զօրաւոր հոգեկան ապրումներ ծանր բեռի մը նման մարդուն վրայ կը դրուին: Մարդ կու լայ, որովհետեւ չի կրնար հսկողութեան տակ առնել իր զգացումները: Երբ մարդ երկար ժամանակ նպատակի մը համար պայքարած է եւ վերջապէս յաջողած, այդ սպասումի յոգնածութիւնը կրնայ արտայայտել լացի ճամբով՝ որպէս գերագոյն ուրախութեան արտայայտութիւն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025