ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԻՆ ՍՆԱՐԻ ԳԻՐՔԸ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ՄԱՏԵԱՆԸ
Հոգեւորականին սնարի գի՛րքն է Աստուածաշունչ մատեանը։ Ան է, եւ ան պէտք է ըլլայ գրասեղանի առաջին եւ անբաժան ընկերը հոգեւորականին։ Արդարեւ, չափազանցած չենք ըլլար, երբ ըսենք, թէ Աստուածաշունչ մատեանին տեղը գրադարանը չէ՛, ուրկէ պէտքը զգացուած ատեն գիրք մը կ՚առնուի, եւ յետոյ դարձեալ հոն կը դրուի։ Իսկ ան երբեք գրադարանի զարդ մը չէ՛, այլ Աստուածաշունչի տեղը հոգեւորականին եւ իրաւ հաւատացեալին ձեռքին տակն է։
Սուրբ Գիրքը «պարագայաբար» գործածուելիք գիրք մը չէ, ինչպէս առհասարակ այդպէս կ՚ըմբռնուի եւ կը գործածուի շատերու կողմէ։
Մինչդեռ Աստուածաշունչ մատեանը կեանքին աղբիւրն է. հո՛ն է մարդուս կեանքին իմաստը եւ նպատակը, հո՛ն է շունչը՝ հոգին եւ կեանքը։
Ուստի, ամէն գնով պէտք է վերականգնել Աստուածաշուչի տեղը հաւատացեալին կեանքին մէջ։ Պէտք է ան ստանայ աղբերացումի այն մշտաբուխ առատահոս ընթացքը՝ որուն պերճաբարբառ հանդիսարանն է հայ ժողովուրդի անցեալի ամբողջ մատենագրութիւնը։
Ուշադրութիւն դարձնենք պահ մը հայ դասական գրականութեան մատեաններուն, հոն պիտի տեսնենք աստուածաշնչական գրականութիւնը։ Հոգեմտաւոր ճոխ եւ անգին, մեծարժէք երկերու հեղինակներ եղած են հոգեւորականներ՝ որոնց սկզբնաղբիւրը միշտ եղած է Աստուածաշունչ մատեանը։ Եւ շատ բնական է ասիկա, քանի որ Սուրբ Գիրքը կեա՛նքն իսկ է։ Մարդ արարածի առաջնակարգ հարցն է կեանքին գաղտնիքը։ Մարդ՝ ուղղակի կամ անուղղակի տեւական որոնումի մէջ է, թէ ի՛նչ է կեանքին առեղծուածը, անոր պատասխանը կարելի է գտնել միայն Աստուածաշունչ մատեանին մէջ։ Եւ այս իսկ պատճառով ահաւասիկ Աստուածաշունչ մատեանը «սնարի գիրք»ն է մեր բոլորին…
Անշուշտ, ամէն գիրք «արժէք» մըն է, քանի որ ան մտային վաստակի մը արդիւնք է եւ ամէն վաստակ պէտք է գնահատուի, քանի որ ան բան մը կ՚աւելցնէ մարդուս մտային պաշարին վրայ, բայց կան գիրքեր, որոնք մարդուս միտքը կը զարգացնեն եւ հոգին կ՚ազնուացնեն, եւ անոնց առաջնակարգն է Աստուածաշունչ մատեանը։
Աստուածաշունչ մատեանին արժէքը հոն է՝ որ անոր մէջէն կը խօսի Աստուած Ի՛նք, քանի որ ան կազմուած է Անոր շունչով, զայն գրողները ներշնչուած են ուղղակի՛ Աստուծմէ։ Անշուշտ, ասիկա հասկնալու համար մարդ պէտք է ունենայ աներկբայ, հաստատ հաւատք։
Աներկմիտ, աներկեւան զօրաւոր հաւատով է, որ «հաւատացեալ»ը իր հարցումներուն ստոյգ եւ հաւաստի պատասխանը կը ստանայ Սուրբ Գիրքէն՝ ուր կայ ամէն հարցին պատասխանը։ Ուստի, առաջին հերթին, հոգեւորականին կեանքին մէջ, գրչին տակ եւ խօսքին մէջէն պէտք է վերաբխի Աստուածաշունչը եւ աղբերանայ հայ հաւատացեալներու ամբողջ կեանքին մէջ։
Սուրբ Գիրքի ընթերցումը, հետեւաբար, մասնաւոր ճիգով եւ սերտողութեան լուրջ մօտեցումով՝ պէտք է դառնայ առաջին աղբիւրը յատկապէս հոգեւորականին եւ յաջորդաբար ճշմարիտ հաւատացեալին, անոնց որոնց իրենք զիրենք հաւատացեալ կը նկատեն, ընթերցանութեան ընթացքին առաջնահերթ տեղը պէտք է գրաւէ Սուրբ Գիրքը։
Այս իմաստով, եթէ աղօթքը Աստուծոյ հետ յարաբերուիլ է, Սուրբ Գիրք կարդալն ալ աղօթք է, քանի որ Սուրբ Գիրքով Աստուած Ի՛նքն է, որ կը խօսի մարդուն։
Այսպէս, հետեւողական աշխատանք մը վստահ, հարուստ եւ տոկուն ծանօթութիւն մը կ՚ապահովէ Սուրբ Գիրքի սերտողութիւնը մանաւանդ Եկեղեցւոյ պաշտօնեային՝ որ իր խօսքին եւ գրիչին կու տայ աստուածաշնչական սահուն արտայայտութեան, տեսակ մը ինքնաբուխ մատռուակման գրաւիչ ընթացքը։ Հոգեւորականին խօսքին եւ գրիչին մէջ Աստուածաշունչը պէտք չէ հնչէ սոսկ որպէս «բնագիր» եւ խօսք, այսինքն՝ գիրքէն յատուկ կերպով քաղուած միջոց մը որեւէ նպատակի համար գործածելու համար…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 26, 2025, Իսթանպուլ