ՅԻՍՈՒՍ՝ ԲԺԻ՛ՇԿ

«Բժշկական արուեստի ամենափորձ ճարտարութեամբդ պատճառ ես Դուն անախտ կեանքի, երկնաւոր հզօր թագաւոր, Տէր Յիսուս Քրիստոս, ամենուն Աստուածը, իմանալիներուն եւ տեսանելիներո՛ւն…». (ՆԱՐԵԿ. ԽԳ)։

Ինչպէս որ Տէր Յիսուս Քրիստոս, բժի՛շկ մեր հոգիներուն եւ մեր մարմիններուն, անդամալոյծին մեղքերը ներեց եւ մարմինի առողջութիւնը վերադարձուց եւ բժշկեց. (ՄԱՐԿ. Բ 1-12)։ Արդարեւ, Սուրբ Խորհուրդներուն իւրաքանչիւրին մէջ Քրիստո՛սն է, որ կը գործէ։ Եւ այս իմաստով, ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, որ բժիշկը երկրի վրայ Աստուծոյ ձեռքն է, այո՛, անտարակոյս, բժիշկը կարեւոր եւ կենսական դեր մը ունի մարդոց կեանքին մէջ, բայց նաեւ պէտք է ընդունիլ, որ ան միջնո՛րդ մըն է եւ կը գործէ, կը բժշկէ Յիսուս Քրիստոսի՝ Աստուծոյ կամքով եւ Անոր հայրախնամ օգնութեամբ։

Յիսուս Քրիստոս ախտաւորներու եւ հիւանդներու իւրաքանչիւրին անձնապէ՛ս կ՚ուղղէ խօսքը. «Որդեա՛կ իմ, մեղքերդ ներուած են». (ՄԱՐԿ. Բ 5)։ Ինք այս բժի՛շկն է, որ Իրեն պէտք ունեցող հիւանդներէն իւրաքանչիւրին վրայ կը հակի զանոնք բուժելու համար, քանի որ պէտք ունի Իրեն. (ՄԱՐԿ. Բ 17)։ Եւ Յիսուս Ի՛նք կը բուժէ, կը վերականգնէ զանոնք։

Եւ ինչպէս սրտի խորերէն կ՚աղօթէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի. «Հոգեկան վէրքերու պատատ պատրաստելու համար Դուն կարօտ չես ո՛չ սպեղանիի, ո՛չ ժամանակի, ո՛չ միջնորդի, ո՛չ օրերու երկարաձգութեան, ո՛չ անգամ մը այս՝ անգամ մը այն դեղը գործածելու, ո՛չ հատումի, ո՛չ խարումի եւ ո՛չ վիրահատութեան, ինչպէս կ՚ընեն երկրաւոր բժիշկները, որոնք յաճախ սխալներ կը գործեն շուարումով կամ վրիպումով։ Քեզի համար, որ հոգիներու եւ մարմիններու արարիչն ես, ամէն ինչ լուսաւոր է, ամէն ինչ ներկա՛յ է, ամէն ինչ գրուած է, ամէն ինչ դիւրին է, ամէն բան հնարաւոր է եւ կարելի՛, հասկցողութիւնը դիւրին է, խոստումը իրագործուած է, կամենալը կատարեալ է. Քու կտակդ Աւետարա՛նն է, Քու վճիռդ ազատութիւնն է, Քու մատեանդ շնորհն է…». («ՆԱՐԵԿ» Բան ԽԳ. Բ հատուած)։

Արդարեւ, երկրաւոր բժիշկներ միշտ յարգելի են, քանի որ անոնք երկրի վրայ Աստուծոյ իրենց վստահած գործը կը կատարեն որպէս մարդկութեան ծառայող անձնուէր անձնաւորութիւններ եւ փոխանորդներ Անոր։

Քրիստոսի հիւանդներուն հանդէպ կարեկցութիւնը եւ ամէն տեսակ ախտաւորներու եւ ցաւատանջներու վրայ Իր կատարած բազմաթիւ բուժումները բացայայտ նշանն են, թէ «Աստուած այցելած է Իր ժողովուրդին». (ՂՈՒԿ. Է 16)։ Յիսուս իշխանութիւն ունի ո՛չ միայն բուժելու, այլ նաեւ մեղքերը ներելու. (ՄԱՐԿ. Բ 5-12), այսինքն՝ հիւանդութեան պատճառը վերցնելու, քանի որ ամէն հիւանդութիւն պատճառի մը արդիւնքն է, եւ այդ պատճառը՝ մարդուն գործած սխալն է, թէեւ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար ըլլայ ան։ Առողջապահական օրէնքներու հանդէպ անտարբերութիւն կամ անհնազանդութիւն՝ պատճառներ են հիւանդութեան։

Եւ ահաւասիկ, Յիսուս հիւանդին կ՚անդրադարձնէ նաեւ զղջալ՝ առողջապահական օրէնքներու նկատմամբ կատարուած անհնազանդութիւններէ, որուն աստուածաբանական որակումն է՝ «մեղք», քանի որ ամէն անհնազանդութիւն «մե՛ղք» է, սկզբնական մեղք, որ ունի հետեւանքները մարդուն վրայ…

Ուստի, Յիսուս եկած է բուժելու ամբողջական մարդը՝ հոգի եւ մարմին։ Ան բժի՛շկն է, որուն կարիքը ունին հիւանդները։ Բոլոր տառապողներուն հանդէպ Անոր կարեցութիւնը կ՚երթայ ա՜յքան հեռու, որ Ինքզինք անոնց հետ կը նոյնացնէ կատարեալ հասկացողական համակրանքով. «Հիւանդ էի եւ այցելեցիք Ինծի…». (ՄԱՏԹ. ԻԵ 36)։

Յիսուս յաճախ կ՚ուզէ հիւանդներէն, որպէսզի հաւատա՛ն։

Եւ ա՛յն որ կը հաւատայ, կը բժշկուի։ Հիւանդներ կը փորձեն դպչիլ Անոր, «որովհետեւ ուժ մը կ՚ելլէր Անկէ եւ կը բուժէր զանոնք». (ՂՈՒԿ. Զ 19)։ Եւ ասիկա մեկնակէտն է զանոնք սփոփելու համար կատարուող անխոնջ ջանքերուն… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 26, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 27, 2026