ԸՆԹԵՐՑԱԿԵՂԾԵՐԸ

Մօտաւորապէս հինգ-վեց տարիներ առաջ կը բարձրաձայնէինք, թէ մարդկութեան քով ընթերցելու սէրը պակսած է. գրեթէ ո՛չ ոք գիրք ու թերթ կը կարդայ. այս մէկը վստահաբար ահազանգ մըն էր, որ հարցականի տակ կը դնէր նաեւ տպագրութեան եւ մամուլի ապագայ ընթացքը, սակայն, այսօր կու գանք այդ հաստատումը փոխելու: Տարօրինակ ձեւով գիրք կարդալը կամաց կամաց մարդոց մօտ դարձեալ նորաձեւութեան վերածուեցաւ՝ ինչպէս մոռցուած ամէն հին բան, սակայն, այս նորաձեւումը պէտք չէ համեմատել գիտելիքի ծարաւի հետ։ Այսօր մարդոց համար երեւոյթն է կարեւորը, որովհետեւ վերջին տարիներու նորաձեւութեան հիմնական ազդեցութիւնը այն է, որ ան որ կը շարունակէ գիրք կարդալ՝ խելացի, գիտակից եւ բացմիտ կը նկատուի: Այդ իսկ պատճառով այսօր գիրքին կողքը, լեզուն շատ աւելի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, քան ներքին բովանդակութիւնը:

Այս երեւոյթը աւելիով հասկնալու համար բաւարար է խօսակցիլ այդ գրքասէրներէն մէկուն հետ եւ տալ մի քանի գիրքերու անուններ. վստահ եղէք, որ անոնք կարդացած պիտի ըլլան ձեր ըսած գիրքերը, սակայն պիտի «չյիշեն»՝ առարկելով, որ շատոնց կարդացած են՝ սակայն ոչինչ կը յիշեն: Այո, բնական է, որ շատ ընթերցող մը իր կարդացած բոլոր գիրքերուն բովանդակութիւնը չյիշէ, սակայն, երբ ամբողջութեամբ օտար է անոր, այդտեղ հարցական մը կայ ու պէտք է ըլլայ: Այնպէս ինչպէս անցեալին, այսօր եւս աշխարհի մէջ շատ արագ ձեւով աճ կ՚արձանագրէ ցուցամոլութիւնը։ Այսօր երիտասարդներու ձեռքը հայերէն գիրքէն աւելի բնական է, որ օտարալեզու գիրք պիտի գտնենք. պատճառը այն չէ՛, որ օտարալեզու գիրքը եւ կամ հեղինակը շատ աւելի զարգացած կամ իմաստուն է քան հայ հեղինակը. պարզապէս նորաձեւութիւնը այն է, որ օտարալեզու գիրքը մարդուն կու տայ համաշխարհայնացած մշակոյթի անդամ դառնալու զգացում։ Այդ խումբին մօտ է, որ հայերէն շատ մը բառեր կը փոխարինուին օտարինով՝ պարզ այն կեղծ զգացումին համար, որ «զարգացած» են. զանոնք ինչքանո՞վ ընթերցասէր կարելի է նկատել՝ հարցական է. ընթերցակեղծ բառ կա՞յ հայերէնի մէջ՝ չեմ գիտեր, սակայն աւելի յարմար որակում է՝ քան ընթերցասէրը: 

Այսօր սրճարաններու քովէն անցնելով կը տեսնենք մարդիկ, որոնք սեղանի վրայ բաց դիրքի մէջ դրած են գիրք մը. դուն այդ մարդը առանց ճանչնալու բնականաբար «խելացի»ի տպաւորութեամբ պիտի նայիս, որովհետեւ մերօրեայ աշխարհը ամէն բան կը դատէ իր արտաքինով՝ քան ներքինով: Մերօրեայ աշխարհին համար հարուստ է ան՝ որ ոսկիներ կը կրէ իր վրայ, խելացի է ան՝ որ գիրքեր կը բռնէ, առանց անդրադառնալու, որ այդ բոլորը ո՛չ թէ իսկութիւնն են այլ երեւոյթը: 

Իրականութեան մէջ երեւոյթը մարդուն համար միայն այսօր կարեւոր չէ եղած. վկայ փիլիսոփաները. տակաւին մի քանի օրեր առաջ կը կարդայի հռոմէացի փիլիսոփայ Մարքուս Աւրելիոսի «Meditations» գիրքը, որուն մէջ փիլիսոփան կ՚ըսէ հետեւեալը. «Մարդկութեան մեծամասնութիւնը կը բաւարարուի արտաքինով՝ կարծելով, որ այդ է իրականութիւնը»: Մեր ապրած դարաշրջանը մարդու վրայ արագ ազդեցութիւն գործելու դարաշրջան է. անձի մը մօտ տպաւորութիւն ձգելու համար մարդ ունի ընդամէնը մի քանի երկվայրկեան եւ կեղծ ըլլայ թէ ոչ, որոշ փայլով մը ներկայանալու պարտաւորութիւնը կը զգայ իր վրայ. բոլորը կ՚ուզեն յաջողակ, հարուստ եւ խելացի երեւոյթ մը ստեղծել իրենց անձին շուրջ։ Այդ իսկ պատճառով եթէ կարդալը խելացի ըլլալու տպաւորութիւն կը ձգէ մարդու վրայ, ապա գիրքը իրապէս կարդալու կարիքը չկայ։ Երեւոյթը բաւարար է այդ համոզումը ապահովելու: Մերօրեայ աշխարհը լեցուն է կեղծ ինքնութիւններով. կե՛ղծ բանաստեղծ, կե՛ղծ մտաւորական, կե՛ղծ զարգացած, կե՛ղծ հարուստ, կե՛ղծ յաջողակ ու գրեթէ ամէ՛ն կողմէ կեղծ. երեւութապէս կը հարստանանք ու կը զարգանանք, սակայն որակապէս կորուստի մէջ ենք։ Մտային ու հոգեկան դատարկութիւն մը պատած է ամէն տեղ: 

Այս բոլորը նկատի ունենալով մերօրեայ մարդուն կու տանք ամենէն կարեւոր հարցումներէն մէկը. «Կ՚ուզես ըլլա՞լ... թէ կ՚ուզես երեւալ...»: Խելացի ըլլալը ուրիշներու «վկայութեան» չի կարօտիր։ Ուրիշներուն կողմէ գնահատուիլը չէ՛ խելացի ըլլալ կամ չըլլալու չափանիշը։ Ուրիշներու հաւանութիւնը պարզապէս մարդու եսասիրութիւնը կը շոյէ: Այսօր շատեր կը հաւատան, որ իրականութիւնը պարզութեան մէջ է. այսօր աշխարհի հիմնական հարուստները ոսկիներ կրելու փոխարէն կը նախընտրեն իրենց պարզութեան մէջ ըլլալ, որովհետեւ ոսկին արտաքին է, սակայն հարուստ ըլլալը այդ բոլորէն անդին տարբեր արժէքներ կը հետապնդէ:

Կը հաւատանք, որ մարդ կը սկսի իրապէս հոգեպէս ազատ զգալ, երբ կը դադրի հաւատալ, որ ինք է իրապէս այն՝ ինչ կը փորձէ երեւիլ։ Կը յաջողի այն ժամանակ, երբ ո՛չ թէ կը փորձէ, այլ կ՚ըլլայ այն՝ ինչ որ է:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞վ է աշխարհի ամենէն շատ գիրք գրած հեղինակը:

Պատասխան. Աշխարհի ամենէն շատ գիրք գրած հեղինակը ամերիկացի գիտնական Ռոպ Հոպարտն է: Ան յայտնի է իր կրօնական շարժում ստեղծելովը, սակայն, միւս կողմէ յայտնի իր գրական աշխատութեամբ։ Ռոպ հեղինակ է աւելի քան հազար գիրքերու, որոնց մեծ մասը փիլիսոփայական է: Անոր գրական մեծ վաստակը արդիւնքն է իր ստեղծած գրողներու միութեան, որուն աշխատակիցներէն մէկն ալ ինք եղած է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 25, 2025