ՅԻՍՈՒՍԻ ԾՆՈՒՆԴԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Յիսուս ծնաւ ախոռի խոնարհութեան եւ համեստութեան մէջ, աղքատ ընտանիքի մը ծոցը. (ՂՈՒԿ. Բ 6-7)։ Պարզ հովիւներն են այն հրաշալի իրադարձութեան առաջին եւ կենդանի վկաները։ Այս պարզութեան եւ աղքատութեան մէջն է, որ երկինքի փառքը կը յայտնուի. (ՂՈՒԿ. Բ 8-20)։ Սուրբ Ռոմանոս Երգեցող հետեւեալ խօսքերով կ՚արտայայտէ այս իրողութիւնը.

«Կոյսը այսօր կը ծնի Յաւիտենականը
Եւ երկիրը քարայր մը կ՚ընծայէ Անմատչելիին։
Հրեշտակները եւ հովիւները կը գովաբանեն զԻնք
Եւ մոգերը կը յառաջանան աստղին հետեւելով,
Որովհետեւ մեզի համար ծնար,
Փոքրիկ Մանուկ, Աստուած յաւիտենական»։

«Աստուծոյ նկատմամբ մանկանալ»ը՝ Արքայութիւն մտնելու նախապայմա՛նն է. (ՄԱՏԹ. ԺԸ 3-4), առ այս՝ հա՛րկ է «խոնարհիլ». (ՄԱՏԹ. ԻԳ 12), «մանկանալ», դեռ աւելի՝ հարկ է «ծնիլ ի վերուստ». (ՅՈՎՀ. Գ 7), «ծնիլ Աստուծմէ». (ՅՈՎՀ. Ա 13), ըլլալու համար «որդիներ Աստուծոյ». (ՅՈՎՀ. Ա 12)։ Ծննդեան խորհուրդը մեր մէջ կը կատարուի երբ Քրիստոս «կը կերպաւորուի» մեր մէջ. (ԳԱՂ. Դ 19)։ Ս. Ծնունդը խորհուրդն է այս «սքանչելի՜ փոխանակումին»։

«Ո՛վ սքանչելի՜ փոխանակում։ Մարդկային ցեղին Արարիչը, մարմին եւ հոգի առնելով, հաճեցաւ ծնանիլ Կոյսէ մը եւ առանց մարդու միջամտութեան մարդ դառնալով, Իր Աստուածութիւնը մեզի պարգեւեց»։

Աստուածայայտնութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի յայտնութիւնն է իբրեւ Մեսիա Իսրայէլի, իբրեւ Որդի Աստուծոյ եւ Փրկիչ աշխարհի։

Յորդանանի մէջ Յիսուսի մկրտութեան եւ Կանայի հարսանիքին հետ, Յայտնութիւնը կը տօնախմբէ նաեւ Արեւելքէն եկած մոգերուն երկրպագութիւնը Յիսուսի. (ՄԱՏԹ. Բ 1)։

Այս «մոգեր»ուն մէջ, որոնք ներկայացուցիչներն են շրջանի հեթանոսական կրօններուն, Աւետարանը կը տեսնէ երախայրիքը այն ազգերուն՝ որոնք կ՚ընդունին Մարդեղութեան կատարուած փրկութեան Աւետիսը։ Մոգերուն գալուստը Երուսաղէմ՝ «յարգանք ընծայելու համար հրեաներուն թագաւորին». (ՄԱՏԹ. Բ 2), ցոյց կու տայ, թէ Դաւիթի աստղին մեսիական լոյսին մէջէն. (ԹԻՒՔ. ԻԴ 17), (ՅԱՅՏ. ԻԲ 16), անոնք Իսրայէլի մէջ կը փնտռեն Ան, որ պիտի ըլլայ ազգերուն թագաւորը. (ԹԻՒՔ. ԻԳ 17-19)։ Անոնց գալուստը կը նշանակէ, թէ հեթանոսները չեն կրնար գտնել Յիսուսը եւ երկրպագել Անոր իբր Որդի Աստուծոյ եւ Փրկիչ աշխարհի՝ եթէ ոչ դառնալով դէպի հրեաները. (ՅՈՎՀ. Դ 22) եւ ընդունելով անոնցմէ անոնց տրուած մեսիական խոստումը, այնպէս ինչպէս ան բովանդակուած է Հին կտակարանին մէջ. (ՄԱՏԹ. Բ 4-6)։

Աստուածայայտնութիւնը ցոյց կու տայ, թէ «հեթանոսներուն լիութիւնը մուտք կը գործէ նահապետներուն ընտանիքին մէջ», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Լեւոն Մեծ, եւ ձեռք կը ձգէ «Իսրայէլեան պատուաստիճանը»։

«Յիսուսի Տաճար ընծայումը». (ՂՈՒԿ. Բ 22-39) կը յայտնէ, թէ Ան է Տիրոջ պատկանող Անդրանիկը (ԵԼՔ. ԺԳ 12-13)։ Սիմէոնի եւ Աննայի մէջէն՝ Իսրայէլի ամբողջ սպասումն է, որ ընդառաջ կու գայ իր Փրկչին. (Բիւզանդական աւանդութիւնը «Տեառնընդառաջ» կը կոչէ այս իրադարձութիւնը)։

Յիսուս կը ճանչցուի իբրեւ վաղուց սպասուած Մեսիան, իբր «լոյս ազգերուն» եւ «փառք Իսրայէլի», բայց նաեւ իբր «նշան հակառակութեան»։

Մարիամը խոցող նախագուշակուած սուրը նախանշանն է Խաչին միւս միակ եւ կատարեալ ընծայումին՝ որ պիտի բերէ այն փրկութիւնը, զոր Աստուած «պատրաստած է բոլոր ժողովուրդներուն համար»։

«Դէպի Եգիպտոս փախուստը» եւ անմեղ մանուկներուն ջարդը. (ՄԱՏԹ. Բ 13-18) կը մատնանշեն լոյսին եւ խաւարին հակադրութիւնը. «եկաւ իրեններուն եւ իրենները չընդունեցին զԻնք». (ՅՈՎՀ. Ա 11)։ Քրիստոսի ամբողջ կեանքը պիտի կրէ հալածանքի, չարչարանքի նշանը։ Իրեններն ալ զայն պիտի կրեն Իրեն հետ. (ՅՈՎՀ. ԺԵ 20)։

Իսկ Եգիպտոսէն վերադարձը. (ՄԱՏԹ. Բ 15) կը յիշեցնէ Ելքը. (ՈՎՍ. ԺԱ 1) եւ կը ներկայացնէ Յիսուսը իբրեւ վերջնական ազատարարը։

Արդարեւ, Յիսուս Իր կեանքին մեծագոյն մասը անցուց բաժնեկից ըլլալով մեծամասնութիւնը ներկայացնող անհամար մարդոց վիճակին. ապրեցաւ սովորական առօրեայ մը առանց արտաքին մեծութեան, արհեստաւորի կեանք մը պարզ եւ համեստ, Աստուծոյ Օրէնքին ենթակայ հրեայ կրօնական կեանք մը (ԳԱՂ. Դ 14), կեանք մը՝ հասարակութեան մը ծոցին մէջ։ Այս ամբողջ ժամանակաշրջանին մասին՝ մեզի միայն յայտնուած է, թէ Յիսուս Իր ծնողներուն «հնազանդ» էր. (ՂՈՒԿ. Բ 51) եւ թէ «կ՚աճէր իմաստութեամբ, հասակով եւ շնորհքով Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ» (ՂՈՒԿ. Բ 52) եւ Անոր կեանքը տիպար կեանք մըն է բոլորիս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 23, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025