ՄԵԾԱՐԵՆՑ ԵՒ ՆԱՐԵԿԱՑԻ
Միսաք Մեծարենցի կեանքը՝ իր գործն իսկ է։ Իր կեանքը պէտք է ուսումնասիրել իր գործին մէջէն, լրջօրէն որոնելու է այն ազդակները, որոնք գերագոյն կատարելութեան մը հասցուցին իր քնարերգութիւնը։ Ադամանդաշող իր լեզուն աննմա՛ն է մեր բովանդակ աշխարհիկ գրականութեան մէջ։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին՝ գրաբարի, իսկ Միսաք Մեծարենց աշխարհաբարի մէջ կու գան առաջին գծի վրայ։ Անոր տաղարաններուն մէջ մեզ կը դիմաւորէ իր երկիւղած պաշտամունքը՝ տոհմային աւանդութիւններուն եւ գանձերուն հանդէպ։ Իր ներշնչման տարրերը կը վերաբերին առաւելապէս գիւղական բնութեան։
Վերապրած է յաճախ իր գիւղը. իր հոգին նորոգուած է անոր տեսարաններուն եւ գեղեցկութիւններուն աւիշով։ Անոր մտահոգութիւնը եղած է իսկատիպ գրականութեան մը իրականացումը՝ զերծ օտար ազդեցութիւններէ։ Հակառակ ճակատագրօրէն սահմանուած կարճատեւ շրջանի մը, ան յաջողած է իր ձգտումին մէջ։
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ողբերգութենէն կրած իր ներշնչումը, զգացման փոթորիկ մըն է, որ յայտնատեսութեան վայրկեանի մը սարսուռը կու տայ իրեն, ոգելու, ներբողելու, մրմնջելու բառեր, շնչատ վերլուծումներ՝ որոնք մերթ ալեկոծեալ ովկիանոսի մը երեսը կը գգուեն, անհունին երկարաձգուած զեփիւռի մը մէջ շնչատ՝ շնչասպառ մեղեդիներ՝ որոնք օծուն են սրբութեամբ եւ թաթաւուն՝ համամարդկային զգայութեան ջերմ շունչով մը։
«Նարեկ»ին մէջէն Մեծարենց կ՚ընդնշմարէ բոցով շրջանակուած դիմագիծ մը. «սրբութեան իղձին կրակովը վառուած անշէջ մորենին, աղօթասաց մեծ բանաստեղծը»։ Մեծարենցի սիրելագոյն մատեանն էր «Նարեկ»ը՝ «Մատեան ողբերգութեան»ը, իր սրբազան ներշնչումներուն աղբիւրը, որուն ան փարեցաւ մինչեւ ետքը, եւ երբ իր մահամերձի վերջին օրերը ապրեցաւ Հէյպէլիի մէջ, իր մօտն էր ան, իր սնարին վրայ՝ որպէս իսկական «Սնարի գիրք»։
Արդարեւ, պէտք է խորհիլ այս երեւոյթին վրայ, պէտք է անցեալին պատմական գիտակցութեամբը մտապատկերուած յուշքի մը մէջ կենդանացնել այդ կրօնաստաններու մէջ պարզուած մտաւոր եռանդի եւ հոգեկան անդորրանքի եւ ներքին խաղաղութեան այն կեանքը՝ որ իր ձգողական ուժին տակ կ՚առնէր երբեմն ամէն դասակարգի բազմութիւններն իսկ. կարենալու համար ճանչնալ դէմքը՝ օրն ի բուն իր տեսլական սեւեռամտածումովը խորհրդասոյզ կամ մեղքին ընդմտատար զգացումովը վիրաւոր եւ արիւնոտած հոգիին իր լացը դրացի ծովակին մռնչիւններուն հետ կշռաւորող վանականին՝ որ Նարեկացին եղաւ։ Որովհետեւ գլխաւոր եւ տիրական դէմքն է անիկա՝ որ իր հզօր եւ բարի մտածումին քաղցրութեամբը կ՚իշխէ իր ժամանակի մտքին եւ հոգիին վրայ։
Խորհուրդի, մտածումի եւ զգացման բոլոր ձեւերը, սրտի եւ հոգիի բոլոր բերումները, խօսքի եւ ոճի բոլոր շեշտերը եւ երանգները՝ որոնք հոս եւ հոն, իրեն՝ Նարեկացիի ժամանակակից այս կամ այն դպրոցին մէջ, միջավայրին իմացական եւ բարոյական կեանքը կ՚արտայայտեն որոշ ինքնատպութիւններով ամէնքը կը միանան իր մէջ զմայլելի ներդաշնակութեամբ. իր նկարագիրը համադրութիւնն է իր դարուն ձգտումներուն։ Ի՛նչ որ իսկապէս ուշագրաւ է իր մէջ եւ յատկանշական, սա իրողութիւնն է մանաւանդ, թէ Նարեկացին՝ իր մէջ ներշնչումի եւ հմտութեան մարդը ինքն եւ իր ցեղն է գերազանցապէս. ո՛չինչ կայ իր մէջ կեղծ եւ օտարոտի։
Եւ ա՛յս է պատճառը, որ հակառակ անիմանալի խրթնաբանութիւններուն, որոնք յաճախ անթափանցելիին մռայլովը կը պարուրեն իր տողերը, հակառակ զարտուղութիւններուն՝ որոնք կ՚ընդոտնեն լեզուի եւ ճշմարտութեան ամէն կանոն, ան կը մնայ դարձեալ ներքնապէս հասկցուած եւ սրտախօսիկ մատենագիրը, որ գաղտնիքը ունի ամէնքը մոգելու՝ հրապուրելու, ամէն սրտի մէջ աստուածայինին զգացումը վառելու։
Բոլոր այս գրադատումներուն մէջ, պէտք է զատ զատ նկատի ունենալ իր գրական կեանքի շրջանները։ Մեծարենց անկասելի խոյանքով մը սլացաւ դուրս այդ շրջանին պարունակէն եւ ճախրեց հեռաւոր հորիզոններ, փայլելով անմար աստղի մը պէս, սերունդներու հրացիկ ակնարկներուն դէմ։
Մինչ ո՛րքան իրաւացի եւ ճշմարտացի՛ է Մեծարենցի «սնարի գիրք» ընդունիլը «Նարեկ»ը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 23, 2026, Իսթանպուլ