ԹՈՒՂԹ՝ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾ Է ԱՐԴԷՆ (Ա.)

Բոլորս ալ կը տանջուինք, կը պայքարինք, մեր անձերը կը հիւծենք, որպէսզի ձեռք ձգենք աշխարհի ամենէն խաբուսիկ, ամենէն վտանգաւոր ու անիմաստ ստեղծագործութիւնը՝ դրամը. հաւատքի մարմնացում մը, որ կը դառնայ նաեւ մարդկային արժէքներու գերիշխան տիրակալը: Թուղթի եւ կամ մետաղի կտոր մը, որ չունի ջուրի թարմութիւն, արեւի ջերմութիւն. չունի ո՛չ մէկ կենդանութեան նշան, սակայն, մարդիկ անոր համար պատրաստ են կորսնցնել բարոյականութիւն, զոհել սէր ու ժամանակ, շատ անգամ նոյնիսկ կեանք՝ պարզապէս ձեռք բերելու համար այդ անկենդան կտորը: Այս պարագային բացառութիւնները չե՛մ յարգեր, որովհետեւ վերջապէս բոլո՛րն են, որ կը ձգտին, կը սպասեն, կ՚աշխատին, կը տանջուին եւ այդ բոլորին վարձատրութիւնը այդ թուղթին եւ կամ մետաղին մէջ է, որ կը տեսնեն եւ այս երեւոյթը մարդոց մէջ նոր ծնունդ առած երեւոյթ մը չէ։ Մեր թուականէն հազարամեակներ առաջ Արիստոտէլ իր մտածումներուն մէջ կ՚ըսէր. «Դրա՛մը պէտք է ծառայէ մարդուն եւ ո՛չ թէ մարդը՝ դրամին»։ Վստահաբար, այս խօսքը ծնունդ առած է ի տես իր ժամանակի մարդոց, որոնք դրամը իրենց կարիքներուն ծառայեցնելու փոխարէն, իրե՛նք կը ծառայէին դրամին:

Սակայն Արիստոտէլէն շա՜տ աւելի առաջ իսկ դրամը խնդիր էր մարդկութեան համար. մարդկային պատմութեան հետ միատեղ մի՛շտ գոյութիւն ունեցած է հարուստի եւ աղքատի, թշուառի եւ ագահի տարբերութիւնը. այդ ժամանակ եւս մարդիկ միշտ ուզած են աւելին ունենալ. փաստ Հին կտակարանի Ժողովող գիրքի մէջ յիշուած հետեւեալ խօսքը. «Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշատանար, ո՛չ ալ հարուստը շահէն» (Ժողովող 5:10) եւ Հին կտակարանը այս մէկը կը կոչէ ունայն։ Սակայն այս յիշատակուած խօսքը դարձեալ ցոյց կու տայ, թէ այդ ժամանակ ապրող մարդիկ եւս ունէին շատ աւելի դրամ ձեռք բերելու հիւանդութիւնը՝ որ տարածուելով հասած է մինչեւ մեր օրերը. այդ ժամանակ եւս մարդիկ անիրաւութիւններ կը գործէին, կը գողնային, կը սպաննէին դրամ ձեռք բերելու համար:

Այսօր կը տեսնենք, որ մարդիկ դրամը միջոցի վերածելու փոխարէն, նպատակի կը վերածեն եւ կ՚ուզեն հնարաւորինս շուտ հարստանալ. այդ մէկը եւս հազարամեակներէն եկող հիւանդութիւն մըն է։ Առակաց գիրքն է որ կ՚ըսէ. «Հարստանալու աճապարող մարդը անպատիժ չի՛ մնար» (Առակաց 28:20): Մարդիկ կը փորձէին ամէն ձեւ դրամ ունենալ, սակայն, այդ բոլորին պատասխանը դարձեալ նոյն գիրքն է, որ կու տայ. «Անոնք երբ մահանան, իրենց հետ ոչինչ կրնան տանիլ» (Սաղմոսաց 49:6 / 17):

Ահաւասիկ հազարամեակներու պատմութիւն մը, որ նոյնութեամբ կը կրկնուի այսօր. չենք կրնար արտայայտել կամ փորձել ըսել թիւը այն մարդոց, որոնք դրամի համար աշխատած, գողցած, զոհած են ամէն բան՝ սակայն վերջաւորութեան յանձնուած են այն հողին՝ որ օր մը մենք եւս պիտի յանձնուինք:

Դրամը ունեցար... յետո՞յ...:

Եթէ այդ «յետոյ»ին պատասխանը կը հետաքրքրէ, ապա ըսենք. այսօր ձեզմէ ո՞վ կը յիշէ Յակոբ Ֆուկերը. գերմանացի մարդ՝ որ 15-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 16-րդ դարու սկիզբները թագաւորներուն պարտքով դրամ կու տար. ձեզմէ ո՞վ կը յիշէ Կրէսոսը՝ որ իր ժամանակաշրջանին ամենէն հարուստ մարդը կը նկատուէր. ո՞վ կը յիշէ Մարկոս Լիցինոս Կրասոսը՝ որ Հռոմի ամենէն հարուստ մարդն էր: Այսօր ո՞ւր են վերոյիշեալ անունները եւ ո՞ւր է անոնց հարստութիւնը. հակառակ այդ մեծամեծ հարստութեան, այսօր ո՞վ գիտէ, թէ ուր է անոնց շիրիմները (որովհետեւ վերջաւորութեան տեղ մը նիւթապէս ինչքան ալ հարուստ ըլլաս, մի քանի սերունդ ետք գերեզմանիդ տեղն ալ կը մոռցուի)։ Վերոյիշեալ մեծահարուստները իրենց հետ ի՞նչ կրցան տանիլ. անոնց մեծագոյն յաջողութիւնը եղաւ այն, որ յաջողեցան պատմագիրի մը էջին մէջ յիշատակուիլ եւ որպէս անուն հասնիլ մինչեւ մեր օրերը՝ առանց դէմքի, առանց ինքնութեան. լոկ որպէս անուն:

Գրականութեան ու պատմութեան մէջ կան խօսքեր, որոնք հինէն աւելի մեր օրերուն կը պատկանին. օրինակի համար, յոյն պատմիչ եւ փիլիսոփայ Պլուտարկոս աւելի քան 2 հազար տարի առաջ կ՚ըսէր. «Աւելի վտանգաւոր է դրամի սիրահար ըլլալը, քան թշնամի ունենալը: Թշնամին կրնայ խնայել, իսկ դրամը՝ ոչ», իսկ հռոմէացի պատմիչ Տակիտոս դարձեալ հազարամեակներ առաջ կ՚ըսէր. «Ոսկին եւ արծաթը փոխարինեցին պատիւը»:

Տակաւին կարելի է հազար ու մէկ պատմիչի ու մեծութեան խօսք յիշատակել, սակայն, այդ բոլորը կը մնայ մեր նպատակէն դուրս. սակայն եթէ նկատի ունենանք, որ հասարակութիւնը, մտաւորականութիւնն ու մանաւանդ անցեալի պարագային գրականութիւնն է, որ կ՚առաջնորդէ, ապա կարելի է ընդունիլ, որ բոլորը մարդը կը զգուշացնեն դրամէն, որովհետեւ նոյն այդ դրամին համար էր, որ Յուդա մատնեց իր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը, Հին կտակարանին մէջ Տալիլա ոսկիի եւ արծաթի համար դաւաճանեց Սամսոնը ու հաւատացէ՛ք օրինակները մեր բոլորին երեւակայածէն շա՜տ շատ են:

Այսօրուան մեր գրութիւնը կ՚ուզենք աւարտել Արշաւիր Շիրակեանի իր աշխատութեան մէջ յիշած մէկ խօսքով. «Դրամը անդիմադրելի փորձիչ մըն է շատ անգամ...»։ Երանի՛ անոր, որ այդ փորձութիւնը յաջողութեամբ կը տանի:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ե՞րբ յիշած է դրամի գործածութիւնը:

Պատասխան. Դրամի մասին առաջին անգամ յիշատակումներ եղած են Ք.Ա. 7-րդ դարուն. այդ թուականներուն Լիտիայի թագաւորը սկսած է գործածել բնական ոսկիէ եւ արծաթէ պատրաստուած մետաղադրամներ: Այս մետաղադրամները գործածուած են փոխանակման համար։ Անշուշտ, դրամէն առաջ գոյութիւն ունէր փոխանակման համակարգը. մարդիկ ապրանքներ կը փոխանակէին եւ որոշ ծառայութեան դիմաց ապրանքներ կու տային: Լիտիայի մետաղադրամներն են, որոնք պատմութեան մէջ առաջին անգամ սկսան գործածուիլ որպէս դրամ՝ ձեռք բերելու համար ապրանք մը (որ իրականութեան մէջ դարձեալ փոխանակում էր):

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025