ԱԼԻՔԵԱՆ. ՄԱԿԱՆՈՒՆ՝ ՈՐ ՀՈՄԱՆԻՇՆ Է ԻՐ ԿԵԱՆՔԻՆ
Անշուշտ (կարծես ինչպէս ամէ՛ն մտաւորականի պարագային), կեանքը Ալիքեանի հանդէպ արդար չեղաւ. հայ ազգը չկրցաւ գնահատել մայրենի լեզուն աստուածացնող մտաւորականը եւ իր ծերութեան մէջ լքեց զինք. շատ լաւ կը յիշեմ, թէ անոր թաղման արարողութեան ներկաներուն թիւը կարելի էր մատի վրայ համրել:
Անշուշտ, քիչեր կրցան գնահատել եւ պարտք նկատեցին բարձրացնել ու ապրեցնել բանաստեղծին անունը. մեր թերթի աշխատակիցներէն Սագօ Արեան տարիներ առաջ «Բագին»ի մէջ գրած իր գրութեան մէջ կ՚ըսէր. «Այսօր Ալիքեան կ՚ապրի իր մինակութեան ամենէն խոր պահերը՝ լռութեամբ, բացակայութեամբ եւ անտեսումով: Սակայն այս բոլորը չեն կրնար խանգարել աշխարհին ըսելու, որ ան մեր բանաստեղծութեան ամենէն վաւերական դէմքերէն մէկն է, չըսելու համար ամենէն վառը, ամենէն աքսորականը, ամենէն բանաստեղծը» («Բագին», յունուար-փետրուար-մարտ, 2012, Ծ. տարի թիւ 1): Սագօ Արեան իր այս տողերը կը գրէր բանաստեղծին մահէն մօտաւորապէս տարի մը առաջ. բանաստեղծը իր կենդանութեան առանձին էր, հակառակ անոր որ որոշ շրջանակներու կողմէ յարգուած, սիրուած ու շրջապատուած էր սիրելիներով. ունէր աշակերտներ, զինք յարգող քիչ սակայն որակեալ մտաւորականներ, սակայն այդ բոլորով հանդերձ բանաստեղծը ինքզինք առանձնութեան մէջ կը զգար:
Անոր մահը գրականութեան համար մեծ կորուստ էր, սակայն հայ ժողովուրդը չնկատեց այդ մէկը։ Չափազանցած չենք ըլլար՝ եթէ ըսենք, որ կարելի չէր իր ժամանակին գտնել այնպիսի անձ մը, որ մայրենին աւելի լաւ գործածել ու ստեղծագործել կարենար՝ քան Ալիքեանը եւ չափազանցած չենք ըլլար՝ եթէ ըսենք, որ այսօր եւս կարելի չէ գտնել նման անձ մը՝ որ ստեղծագործէ այնպէս՝ ինչպէս կը ստեղծագործէր Ալիքեանը:
Հայերէնի ուսուցիչ՝ Սարգիս Կիրակոսեան նկատի ունենալով Ալիքեանի մայրենիին հանդէպ ունեցած պաշտամունքը, յետ մահու անոր կորուստը կը նկարագրէ նոյնինքն Ալիքեանի պաշտելի բառերով ու ոճով. «Խաւարը նահանջեց քառասմբակ եւ տիրեց յաղթական լոյսը: Եւ լոյսին յաւերժահունչ արշալոյսներուն հետ, Հայ լեզուի այս հեզահամբոյր, բայց մեծաշռայլ երկրպագուն ինքզինք ամենայն իրաւունքով հաստատեց մեր պաշտելի Մեծասքանչին ոգեղէն հայրենիքին մէջ»: Ինչքա՜ն տեղին գործածուած է «երկրպագու» բառը, որովհետեւ Ալիքեանի համար մայրենի լեզուն Աստուծոյ համազօր եւ կամ գուցէ մէկ աստիճան ալ աւելի բարձր ըլլար:
Անշուշտ, պէտք է նկատի ունենաք, որ Ալիքեան աշակերտած էր Լեւոն Շանթին, Նիկոլ Աղբալեանին եւ ժամանակիցներ կը հաւատային, որ այս մեծութիւններ ո՛չ միայն կրթեցին Ալիքեանը, այլ անոր մէջ կրցան սերմանել իրենց տեսիլքները, իրենց նպատակներն ու իղձերը եւ Ալիքեան անոնց դեսպանը դարձաւ այս աշխարհի վրայ։ Ալիքեան իրեն որպէս ուսուցիչ ընդունեց Մեծարենցը, Դուրեանը, Ինտրան, Դանիէլ Վարուժանը, Չարենցը եւ բազմաթիւ մեծութիւններ, որովհետեւ իր «աքսոր»ի առանձնութեան մէջ լոկ գիրքերն էին իր բարեկամները, որոնց հետ կ՚անցընէր իր ամբողջ օրը:
Շատեր կը հաւատային, որ Ալիքեան իր բանաստեղծութիւնները գրի առած ժամանակ կ՚օգտուի այս կամ այն բառարանէն, որովհետեւ մարդկային միտքին համար հասկնալի չէր, թէ ինչպէս կրնար այս մեծութիւնը մեր մայրենիին տիրապետել այդքան վարժ, նմանը չունեցող կարողութեամբ մը: Ալիքեան ինքզինք որպէս բանաստեղծ չուզեց տեսնել, որովհետեւ ան ուզեց մի՛շտ աշակերտ մնալ, ուզեց մի՛շտ կատարելագործուիլ:
Իր մեծութեան մասին խօսող մտաւորական մը ի՜նչ սիրուն ձեւով կը ներկայացնէ Ալիքեանն ու մայրենիի կապը. «Լեզուն իրենց համար եղաւ ո՛չ միայն պաշտամունքի եւ ուսումնասիրութեան մնայուն առարկայ ու բաց գիրք, այլեւ՝ ստեղծագործական նպատակակէտ: Ահա թէ ինչու մերթ յաղթակտրիճ, երբեմն հեզաճկուն, այլուր կոշտ ու կոպիտ, բայց յաւիտեանս յաւիտենից վեհասլաց ու առաքինազարդ մեր մայրենին միշտ ա՛լ աւելի երիտասարդացաւ իր գրիչին տակ»:
Անշուշտ, շատեր թէ՛ օրին եւ գուցէ մինչեւ այսօր, կրնան «նեղանալ», թէ Ալիքեանի ոճը անհասկնալի է. իրականութեան մէջ Ալիքեան չգրեց, որպէսզի ուրիշներու կողմէ հասկնալի ըլլայ. Ալիքեան գրեց ի՛նքն իր անձին համար. անոր ոճը անհասկնալի է, որովհետեւ նոյնքան անհասկնալի էր անոր ներաշխարհը. ոճը խիստ ու կոպիտ էր, որովհետեւ նոյն խստութիւնն ու կոպտութիւնը կեանքը ի գործ դրած էր անոր դէմ: Ան կը գրէր ի՛նքն իր անձին համար, ի՛ր ներաշխարհին հանգստութիւն տալու համար: Ան գրելով կը փորձէր խօսիլ Մաշտոցին հետ, Վարուժանին հետ, Աստուծոյ հետ, շատ անգամ ի՛նքն իր անձին հետ, որովհետեւ մայրենին իր մէջ հոսող աղբիւր էր. ինք այդ աղբիւրը չէր կրնար բանտել:
Եւ այսօր, անոր մայրենիին, լեզուի հանդէպ ունեցած իր սիրոյն դիմաց մենք մեզ փոշի կը նկատենք, անարժան տող մը գրելու. կը հաւատանք, որ արեւմտահայ գրականութեան մէջ ծնած արեւ մըն է Ալիքեան, որ լուսաւորեց ու ծաղեցուց գրականութիւնը, սակայն, ինք երբեք լուսաւորութեան չարժանացաւ:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մոռցուած գրողի մը համար ի՞նչն է մեծագոյն ցաւ:
Պատասխան. Մեծագոյն գրողի մը համար մեծագոյն ցաւը իր սիրտի ամենէն խոր զգացումները, միտքերն ու պայքարներն են, որոնք թուղթին յանձնուած են ո՛չ միայն որպէս բառ, այլ որպէս հոգեկան պայքար ու վկայութիւն: Ան իր ցաւերը կը յանձնէ թուղթին եւ այդ մէկը կը վերածուի գոյութեան դատարկութեան. իր ցաւերն ու ապրումները գրի առած ժամանակ ան չի գործածեր գրիչը որպէս գործիք, այլ իր ներքին ձայնն է, որ անոր կը յանձնէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան