ԱՆՍԽԱԼԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հոգեւորականներ, «իբրեւ ստանձնուած առաջնահերթ պարտականութիւն ունին Աստուծոյ Աւետարանը բոլոր մարդոց քարոզելու». (ՄԱՐԿ. ԱԶ 15), ըստ Տիրոջ պատուէրի։ Արդարեւ, անոնք Քրիստոսի հեղինակութեամբ օժտուած են։
Եկեղեցին առաքեալներէն փոխանցուած հաւատին մաքրութեան մէջ պահպանելու համար, Քրիստոս, որ Ճշմարտութի՛ւնն է, ուզեց Իր Եկեղեցին Իր իսկ անսխալականութեան մասնակից դարձնել։ Հաւատքին գերբնական եւ անուրանալի զգայնութեամբ, Աստուծոյ ժողովուրդն ալ անքակտելիօրէն կը յարի հաւատքին, առաջնորդութեամբ Եկեղեցւոյ կենդանի ստոյգ վարդապետումին։
Այս ճշմարիտ վարդապետումին առաքելութիւնը կապուած է Աստուծոյ Քրիստոսով Իր ժողովուրդին հետ կնքած ուխտին վերջնական բնոյթին հետ։ Վարդապետումը պարտի ժողովուրդը պաշտպանել շեղումներէ եւ թերացումներէ. ինչպէս նաեւ վաւերական հաւատքը անշեղ եւ անսխալ դաւանելու առարկայական կարելիութիւնը անոր երաշխաւորել։ Վարդապետումի հովուական պաշտօնը այնպէս դասաւորուած է, որ ան կարենայ հսկել Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ, որպէսզի ան մնայ զինք ազատագրող ճշմարտութեան մէջ։ Այս սպասարկութիւնը կատարելու համար, Քրիստոս օժտեց հովիւները հաւատքի եւ բարքերու հարցերուն մէջ անսխալականութեան պարգեւաշնորհքով։
Այս պարգեւաշնորհին կիրարկումը կրնայ ստանալ բազմաթիւ եղանակաւորումներ։
Աստուածային օժանդակութիւնը կը տրուի առաքեալներուն յաջորդներուն՝ որոնք կը վարդապետեն Ճշմարտութեան՝ հաւատքի եւ բարքերուն հայող Յայտնութեան լաւագոյն հասկացողութեան։ Այս սովորական ուսուցումին նկատմամբ՝ հաւատացեալները պարտին տալ իրենց մտքին կրօնական հաւանութիւնը՝ որ նոյնիսկ եթէ հաւատքի հաւանութեան հետ նոյնը չէ, սակայն անոր շարունակութիւնն է։
Քրիստոսի Իշխանութեան մասնակցութեան գերագոյն աստիճանը ապահոված է «անսխալականութեան պարգեւաշնորհով…»։
Անսխալականութիւնը կը զօրէ վարդապետութեան բոլոր այն տարրերուն վրայ, ներառեալ Բարոյականը, առանց հաւատքին փրկարար ճշմարտութիւններուն ազդեցութեան՝ չեն կրնար պահպանուիլ, բացատրուիլ կամ գործադրուիլ։
Արդարեւ անսխալականութիւնը կը վերաբերի միայն Աստուծոյ։ Մարդը՝ որ բնութեամբ սխալական է, քանի որ ան թերութիւններ, տկարութիւն ունի եւ անկատար է։ Այս իմաստով, մարդ կը ջանայ Աստուծոյ կատարելութեան հասնիլ, բայց պէտք է նկատենք, որ Աստուած Հոգի է, հոգիի անարատութիւնը, անբծութիւնը եւ բացարձակապէս անմեղութիւնը ունի, բայց մարդ, որովհետեւ մարմին եւ հոգի է, եւ մարմինը մեղանչական եւ մեղանչելու միշտ հակում ունի, կարելի չէ որ բոլորովին անսխալական ըլլայ։
Մարդուն «անսխալականութիւն» վերագրել՝ զայն աստուածացնել կը նշանակէ, որ այս իսկ «սխա՛լ» մըն է։ Մարդուն իմացականութիւնը ծագումներուն հարցին պատասխան մը գտնելու կարողութիւնը անշուշտ ունի։ Բայց այդ իմացականութիւնը յաճախ մթագնած է եւ աղաւաղուած՝ մարդուն մոլորումին հետեւանքով։ Ասոր համար հաւատքը կու գայ բանականութիւնը հաստատելու եւ լուսաւորելու այս ճշմարտութեան ճշգրիտ հասկացողութեան մէջ. «Հաւատքը մենք կը հասկնանք, թէ աշխարհ ստեղծուեցաւ Աստուծոյ մէկ խօսքով, այնպէս որ ինչ որ կը տեսնենք, յառաջ կու գայ անտեսանելիէն». (ԵԲՐ. ԺԱ 3)։
«Բարոյական ընտրանք»ի դէմ դիմաց դրուած՝ մարդուն խիղճը կրնայ կազմել կա՛մ ուղիղ, շիտակ դատաստան մը, հաշտ՝ բանականութեան եւ աստուածային օրէնքին հետ, կա՛մ ընդհակառակը կազմել թիւր, սխալ դատաստան մը՝ որ կը հեռանայ անոնցմէ։ Մարդկային արարածը պէտք է միշտ հնազանդի իր խղճմտանքին ստոյգ դատողութեան։ Եթէ ազատ կամքով անոր դէմ գործէ, մարդ ինքզինք պիտի դատապարտէ։ Բայց կը պատահի, որ բարոյական խղճմտանքը տգիտութեան մէջ կը գտնուի եւ կ՚արձակէ թիւր՝ սխա՛լ դատաստաններ՝ կատարելիք կամ արդէն կատարուած գործերուն մասին։ Այս տգիտութիւնը կրնայ յաճախ վերագրուիլ անձնական պատասխանատուութեան։
Ուստի, հաւատանք, աղօթենք, որպէսզի կարելի չափով քի՛չ սխալ գործենք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 22, 2025, Իսթանպուլ