ԱՐԵՒԸ ԽԱՒԱՐԷՆ ՉԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ
Արեւը՝ լոյսը խաւարէն չի՛ վախնար, ապա ուրեմն ինչո՞ւ վրդովի անցաւոր ամպերէն։ Խաւարը արեւի վրայ յաղթանակ չէ, այլ՝ ան արեւին «պարգեւ»ն է։ Արե՛ւն է, որ թոյլ կու տայ գիշերուան իր երեսը ցոյց տալու։ Հրամանը արեւի՛նն է։
Տիեզերքի մէջ տիրակալ ուժը դրական ուժն է. լուսաւորող, շինող, կենսաւորող եւ ոգեւորող ո՛ւժ մը։ Իսկ ամէն ժխտական, բացասական ուժ դատապարտուած է պարտուելու՝ կորսնցնելո՛ւ։
Արեւը երբ կը ծածկէ իր երեսը, երբեք վհատութեան պատճառ չ՚ըլլար, ընդհակառակը, կը քաջալերէ, կը զօրացնէ։ Ակնյայտ է, որ երբ գիշերը իջնէ, նորէն լոյս պիտի ծագի։ Չկա՛յ երբեք այնքան մութ եւ խաւար՝ որուն մէջ չգտնուի լոյսի շող մը. ամէն խաւարի կը յաջորդէ լո՛յս։
Արդարեւ, արեւը Աստուծոյ հաւատարիմ եւ պարտաճանաչ «ժամկոչ»ն է, որովհետեւ երկրակամարին բոլոր մոմերը կը վառէ ննջելէ առաջ։ Արեւէն ետք լուսինը եւ անհամար աստղերը…
Ի՜նչ անիմանալի, անբացատրելի եւ անպատմելի աւետիս մարդուս համար, որ հաւա՛տք ունի Աստուծոյ իմաստութեան վրայ…։ Եւ երբ մարդուն կեանքը հետզհետէ մօտենայ արեւմտեան հորիզոնին, ինչո՞ւ այլայլի եւ անձկութեամբ մտահոգուի։ Արեւէն ետք նորէն արե՛ւ, լոյսէն յետոյ դարձեալ լո՛յս՝ որ յաւիտենականութեան մէջ կը փայլի միշտ եւ անշէջ։
Բարին եւ Չարը, Լոյսը եւ Խաւարը, իրարու դէն յարատեւ պայքարի մէջ՝ «երկուութիւն» եւ «մանիքէականութիւն». ըստ այս մտայղացման, աշխարհը, գէթ նիւթական աշխարհը չա՛ր է. անկումի մը արդիւնք, ուստի, կա՛մ մերժելի է եւ կամ գերազանցելի՝ գնոստիկեան։ Մարդ՝ հրապուրուած «չար»էն, պատմութեան սկիզբէն իսկ նախընտրած է խաւարը փոխանակ լոյսին, չարաչար գործածելով իր ազատութիւնը։ Ան սայթաքեցաւ խաւարի եւ փորձութեան մէջ եւ գործակցեցաւ չարին։ Ան պահած է բաղձանքը լոյսին եւ բարիին, սակայն, անոր բնութիւնը կը կրէ խոցը սկզբնական մեղքին։ Ան եղած է հակամէտ խաւարին եւ չարին եւ երթակայ՝ մոլորումին։
Ուստի, իր անձին մէջ բաժնուած է։
Ահա թէ ի՛նչու մարդոց անհատական եւ հաւաքական ամբողջ կեանքը կը ներկայանայ իբր «եղերական պայքար» մը՝ լոյսին եւ խաւարին, բարիին եւ չարին միջեւ։
Լոյսը Սուրբ Հոգիի յայտնութենէն անբաժանելի խորհրդանիշ մըն է։
Հաւատքը աներկբայ է, աւելի աներկբայ՝ քան մարդկային ամէն ճանաչում, որովհետեւ ան կը հիմնուի Անսուտ Ճշմարիտ Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ Անշուշտ, յայտնեալ ճշմարտութիւնները կրնան մարդկային բանականութեան եւ փորձառութեան մութ եւ խաւար երեւիլ, բայց աստուածային լոյսին տուած աներկբայութիւնը եւ յստակութիւնը աւելի մեծ է՝ քան բնական բանականութեան տուած լոյսը։ Բոլոր դժուարութիւնները եւ արգելքները չեն կրնար մէկ տարակոյսի պատճառ ըլլալ։
Հաւատքը կ՚որոնէ հասկնալ՝ լոյսի մէջ եւ լոյսի միջոցով։
Արեւը, արդարեւ, կը փայլի Արդարութեան Արեգակին նման, ըստ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի խօսքերուն։ Աստուած բացարձակ ճշմարտութիւն է, քանի որ «Աստուած լոյս է, Անոր մէջ չկայ երբեք խաւար» (Ա ՅՈՎՀ. Ա5)։
Ամենասուրբ Երրորդութեան Խորհուրդը քրիստոնեայ հաւատքին եւ կեանքին կեդրոնական խորհուրդն է։ Ան խորհուրդն է նոյնինքն Աստուծոյ։ Ան է միւս բոլոր խորհուրդներուն հաւատքի աղբիւրը՝ լո՛յսը, որ կը լուսաւորէ զանոնք։ Ան ամենահիմնական եւ էական ուսուցումն է «հաւատքի ճշմարտութիւններուն նուիրակարգին»։
Աստուած քանի որ Լոյս է, ապա ուրեմն լոյսը խաւարէն երբեք չի՛ վախնար եւ լոյսը միշտ տիրապետո՛ղն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 21 2026, Իսթանպուլ