ԱԼԻՔԵԱՆ. ՄԱԿԱՆՈՒՆ՝ ՈՐ ՀՈՄԱՆԻՇՆ Է ԻՐ ԿԵԱՆՔԻՆ

Աշխարհի վրայ կան մարդիկ, որոնք հայերէն կը գրեն, սակայն, կան նաեւ քիչեր՝ որոնք հայերէն կը ծնանին. ոմանք հայերէն կ՚արտայայտուին, իսկ քիչեր հայերէն կ՚ապրին, կը զգան եւ մինչեւ իսկ հայերէն կը մեռնին. քիչեր՝ որոնց ճամբով լեզուն մարմին ու հոգի, կեանք ու շունչ կը ստանայ: Քիչեր, որոնց համար լեզուն ո՛չ թէ հաղորդակցութեան միջոց, այլ ինքնութեան փարոս մըն է. քիչեր, որոնք հայերէնով կը պայքարին, հայերէնով կը ցաւին, հայերէնով կը սիրահարուին եւ վերջապէս հայերէնով ալ կը մեռնին: Հիմա երբ կը փորձեմ գրել նման անձերու մասին, կը զգամ, թէ ինչքա՜ն աղքատ է մեր հայերէնը, նման մարդոց տիպարը ներկայացնելու, որովհետեւ անոնց դիմաց մենք լեզուի վարձկաններ ենք, իսկ անոնք՝ տէրերը, որովհետեւ մենք բառերով պատկերներ կը ստեղծենք, սակայն կենդանութեան շունչը տուողը անոնք են: 

Այդ քիչերէն մէկուն ծնունդն է այսօր. մեր թուականէն 97 տարիներ առաջ՝ 1928 թուականին Հաթայի մէջ ծնած է բանաստեղծ ու թարգմանիչ Աբրահամ Ալիքեան: 

Իրականութեան մէջ Ալիքեանը իր իսկական մականունը չէ, սակայն լաւագոյն ընտրութիւն է նկարագրելու այն կեանքը, հոգեկան յոյզերն ու պոռթկումները, զորս ունեցած է Ալիքեան, որովհետեւ անոր գրիչը եւս ծովու ալիքներու պէս մէկ խաղաղած, մէկ փոթորկած է: 

Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք Ալիքեան Սայաթ Նովան է հայ բանաստեղծութեան, որ լաւագոյնս գիտէ օգտագործել իւրաքանչիւր վանկ, հնչիւն ու դարձուածք, ստեղծելով երաժշտութիւն մը, որ թէ՛ հոգեկան ապրումները եւ թէ մայրենին կը բիւրեղացնէ, ծնունդ տալով բառերու, որոնք մոռցուած մեր ժառանգութեան մաս կը կազմեն: 

Այսօր կը տեսնենք «բանաստեղծներ», որոնք բառարանները չարչրկելով կը փորձեն անոր մէջէն դուրս բերել բառ մը՝ իրենց բանաստեղծութեան որոշ չափով որակ ու հմայք տալու համար, սակայն, Ալիքեան իր բնական մայրենիով կը ստեղծէ այդ հմայքը. մաքրամաքուր հայերէն մը՝ որ իր իսկ վկայութեամբ կը սորվի մօրմէն. Ալիքեանի մօր մասին այլ մտաւորականներ հետեւեալ արտայայտութիւնը կ՚ընեն. «Կիլիկեան կիրճերն ի վար կարկաչով վազող ջինջ վտակն էր Ալիքեանի մօր հայերէնը». շատեր կը մեղադրէին մեծ բանաստեղծը իր մեծամեծ բառերուն համար, շատ անգամ զանոնք նկատելով «բռնազբօսիկ», սակայն բանաստեղծը միշտ նոյն պատասխանը կու տար. «Վեցամեան աւարտած մօրս բերնէն լսած եմ այս ամէնը: Չէք հաւատար՝ քրոջս հարցուցէք»: 

Անշուշտ, ամբողջութեամբ չէ՛ր որ սորված էր մօրմէն. տակաւին երիտասարդ տարիքին Լիբանանէն Հայաստան եւ ապա Հայաստանէն Ռուսաստան գաղթած Ալիքեան մինակութեան մէջ չունէր ուրիշ ընկեր՝ քան գիրն ու գրականութիւնը, մայրենին. օտարութեան մէջ մայրենի լեզուի իմացութիւնը կորսնցնելու փոխարէն բիւրեղացուցած ու իր կատարելութեան հասցուցած էր, սակայն Ալիքեան կը գրէր ո՛չ թէ բանաստեղծ դառնալու համար. ունէր ցաւեր, ունէր պոռթկում, ունէր զայրոյթ՝ որ պարտէր դուրս հանել եւ լաւագոյն ձեւը բանաստեղծութիւնն էր: 

Անշուշտ, հարազատները չէին ուզեր իր «բանաստեղծ» դառնալը. վերջապէս ի՞նչ էր բանաստեղծը ազգին համար. ունէր թրքախօս հայր մը, որ մի՛շտ կը յորդորէր բանաստեղծ ու գրող չդառնալ. «Գրող չըլլա՛ս, մեռնիս գրպանէդ սոխ ու սխտոր պիտի ելլէ», կ՚ըսէր հայրը։ Եւ իրապէս որպէսզի գրող չդառնայ, իր զաւակը որպէս աշակերտ կը դնէ դերձակի եւ ապա սափրիչի մօտ: 

Իրականութեան մէջ արհեստէ ներս Ալիքեան այնքան ալ փայլուն չէր. «Քեզմէ Պօղոս Պետրոս դուրս պիտի չելլէ», կ՚ըսէին իր վարպետները։ Այս արտայայտութեան դիմաց Ենովք Լազեան կը գրէ. «Պատիւ ու գնահատա՛նք ձեզի, ո՜վ մեր ազգի արհեստաւորներ. սափրիչ, կօշկակար եւ հացթուխ: Երախտապարտ եմ ձեզի որ քովերնիդ չէք պահած Մղտսի Խաչերեան Սարգիսին մանչը՝ անոր երեսին կոպտօրէն նետելով. «Քեզմէ Պօղոս Պետրոս դուրս պիտի չելլէ»։ Բանաստե՜ղծ պիտի դառնար իր մօրը պէս»: 

Ալիքեանի ոճը դիւրին չէ, սակայն ինք կամաւոր ձեւով չէ՛ որ կը հարստացնէ իր բանաստեղծութիւնները սքանչելի բառերով. Ահաւասիկ, անոր մտածումը հայ լեզուի մասին. «Լաւ լեզուին մէջ հոմանիշներ գոյութիւն չունին. իսկ մեր լեզուն, կարծեմ ոչ թէ լաւ, այլ սքանչելի լեզու է: Խնդրեմ, տուէք ինծի ճիշդ, բոլորէն հասկնալի հոմանիշներ հետեւեալ երեւոյթ-բառերուն եւ ես այսուհետեւ ատոնք գործածեմ.- որմզդեղն, կնգում, թխպիտ… եւ այլն»: 

Ալիքեան իր երիտասարդ տարիքէն սէր ունէր բանաստեղծութեան հանդէպ. իր դասընկերներու վկայութեամբ կը սիրէր բանաստեղծութիւններ կարդալ եւ անոր ամենէն սիրելի բանաստեղծութիւններէն մէկուն տողը կ՚ըսէր. «Միայն լուռ մնալը վեհ է, մնացեալը ամբողջովին տկարութիւն». սակայն, Ալիքեան միայն չսիրեց այս տողերը, այլ իր կեանքին մէջ իրագործեց. ամէ՛ն ցաւի, տառապանքի եւ անտեսումի դիմաց նախընտրեց լռել. շատ անգամ այդ ցաւերը գրելով արտայայտեց, որովհետեւ իր սիրած բանաստեղծութեան յաջորդ տողը կ՚ըսէր. «Ի վերջոյ ինծի նման տանջուէ՛ եւ մեռի՛ր առանց խօսելու…»:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Տառապանքի մէջ լռե՞լն է լաւը, թէ խօսիլը:

Պատասխան. Տառապանքի մէջ լռելը առաջին հերթին կրնայ թուիլ որպէս ուժի նշան, ներքին կռիւ մը, յաղթահարելու փորձ մը, որ կը դառնայ լուռ ցաւի աղբիւր: Խօսիլը, յատկապէս վստահելի մարդու մօտ կ՚օգնէ դուրս հանել ներսը կուտակուած ցաւը, յստակեցնել զգացումները եւ թեթեւցնել ներսի ծանրութիւնը: Անշուշտ, կարեւոր է, թէ ե՛րբ եւ որո՛ւ հետ կիսուիլ. լուռ մնալը ուժի նշան է, սակայն, խօսիլը աւելի առողջ միջոց մըն է ազատելու ինքնամփոփ վտանգաւոր լռութենէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 22, 2025