ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

«Խոստովանիլ» իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ գաղտնի մնացած ճշմարտութիւն մը, իրականութիւն մը յայտնել։ Ան ունի զանազան մասնակի նշանակութիւններ. «յանցանքը ընդունիլ՝ յայտնելով զայն, այս իմաստով՝ գաղտնի արարքի յայտնում գործողին բերնով»։ Ան նշանակութիւն ունի նաեւ. «հաւատքի դաւանումի»։ Եւ այս իմաստներով «խոստովանիլ» արարքը կ՚ենթադրէ՝ ընդունիլ, ճանչնալ եւ դաւանիլ եւ զանոնք յայտնել։ Ընդհանրապէս գաղտնիքը մէկու առաջ բանալ։

Եկեղեցական իմաստով՝ զղջալով իր մեղքերը քահանային յայտնել, որպէսզի քահանան ապաշխարանք նշանակէ եւ յետոյ ներէ։

«Սիրտը բանալ» այսինքն՝ ներքին աշխարհը փոխադրել արտաքին աշխարհի կը նշանակէ խոստովանիլ։

Կրօնական տեսանկիւնէն խոստովանութիւնը խորհուրդ մըն է՝ այս սուրբ խորհուրդին մէջ «մեղաւոր»ը ինքզինք Աստուծոյ գթառատ դատաստանին յանձնելով՝ կերպով մը կը կանխէ այն դատաստանը, որուն պիտի ենթարկուի երկրաւոր կեանքի աւարտին։ Որովհետեւ այժմէն՝ այս կեանքին մէջ է, որ կեանքի եւ մահուան երկընտրանքը մեզի կ՚ընծայուի եւ միայն հոգեփոխութեան, այսինքն հոգեւոր կերպարանափոխութեան, հոգեդարձութեան եւ որ է Յարութիւն՝ մեռեալ հոգիներու կրկին մարմնացումը եւ մարմնաւորումը, ճանապարհով է, որ մենք կ՚արժանանք, որ մեզի խոստացուած է եւ մենք կրնանք Արքայութիւն մտնել, որմէ կ՚արտաքսէ մեզ ծանր մեղքը։

Ուստի, խոստովանութեամբ եւ հաւատքով դէպի Քրիստոս դարձի գալով, մեղաւորը կ՚անցնի մահէն կեանք «եւ դատաստանի չ՚ենթարկուիր». (ՅՈՎՀ. Ե 24)։ Եկեղեցւոյ մէջ ներողութիւններուն վարդապետութիւնը եւ կիրարկումը սերտօրէն կապուած են խոստովանութեան խորհուրդին արդիւնքներուն։ Ա՛յս է եկեղեցական-կրօնական խոստովանութեան հակիրճ բացատրութիւնը։

Բայց խոստովանութիւնը քաջութիւն կը պահանջէ, քանի որ մարդուս համար գաղտնի ճշմարտութիւնը յայտնել դժուար է, մանաւանդ աւելի դժուար՝ անձին վերաբերող գաղտնիքներու եւ ճշմարտութիւններու նկատմամբ։

Բայց գաղտնուած ճշմարտութիւններ միշտ բեռ մըն են այդ գաղտնուած ճշմարտութիւնները ենթակային համար։ Հոգին կ՚ընկճուի, կը ճնշուի այդ ծանրութեան տակ՝ գաղտնուած ճշմարտութեան լուծին կ՚ենթարկուի եւ ասիկա նեղութիւն կը պատճառէ մարդուն։ Կարծեմ, այս իմաստով խոստովանութիւնը, հոգեբուժութեան համար լաւագոյն դարմանն է։ Եւ հոգեբուժներ, մասնագէտ հոգեբաններ այս «խոստովանութեան» միջոցով կը դարմանեն իրենց դիմող հոգեւոր ախտաւորները։

Խոստովանութիւնը կը թեթեւցնէ գաղտնիքին պատճառած ծանրութիւնը եւ փարատել ամէն նեղութիւն, որ կը ճնշէ հոգիին վրայ։ Բայց հարկ է, որ այդ խոստովանութիւնը ըլլայ կամովին եւ անկեղծութեամբ, սրտաբուխ։ Մանաւանդ դարաշրջանիս՝ ուր մարդ ծանրաբեռնուած է զանազան մարմնական եւ հոգեւոր նեղութիւններով, այս իմաստով խոստովանութիւնը իրապէս բուժիչ դեր կը կատարէ հոգաբուժներու եւ մասնագէտ հոգեբաններու ձեռքով։

Վերջապէս, զոր օրինակ, St. Augustinus (354-430 թթ.)ի «Confessiones»ը եւ Jean-Jacques Rousseau (1712-1778 թթ.)ի «Les Confessions»ը՝ խոստովանութիւններ են ո՛չ հպարտութեան արտայայտութիւններ, այլ՝ խոնարհ միտքով եւ անկեղծութեամբ տրուած բարի օրինակներ՝ բարձր միտքի եւ ազնիւ հոգիի արտայայտութիւններ։ 

Երբեմն անըմբռնելի կ՚ըլլան կարգ մը ճշմարտութիւններ մարդկային մտքին համար, որոնք կարելի է հասկնալ հաւատքով եւ բարձր միտքերու եւ ազնիւ սիրտերու միջոցով։ Ուստի, մեզի օրինակներ են կարգ մը «խոստովանութիւններ», որոնցմով կրնանք հասնիլ ճշմարտութեան եւ ըմբռնել զայն։

Միտքը զարգացնելու եւ սիրտը ազնուացնելու լաւագոյն միջոցն է խոստովանութիւնը եւ ուրիշներու խոստովանութիւններէն դասեր քաղել եւ օգտագործել այդ դասերը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 21, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 22, 2025