ՆԵՐԵԼ, ԲԱՅՑ ՉՄՈՌՆԱ՛Լ
Ներողութիւնը Աստուծոյ կողմէ թողութիւնն է ժամանակաւոր պատիժին՝ այն մեղքերուն եւ անհնազանդութիւններուն համար, որոնց յանցանքը արդէն ջնջուած է։ Լաւ տրամադրուած անձը այս ներողութիւնը կ՚ընդունի որոշուած պայմաններով եւ ներգործութեամբ ներողամտութեան ոգիին։ Ներողութիւնը կրնայ «մասնակի» ըլլալ, կամ «լիակատար»։
Բայց հարցը սա է. ներումը բոլորովին կը ջնջէ՞ յանցանքին հետեւանքները։
Այս մասին Nelson Mandela (1918-2013) կ՚ըսէ. «Կը ներեմ, բայց չե՛մ մոռնար»։ Ուստի, աստուածային ներումը եւ մարդկային ներումը պէտք է զանազանել իրարմէ, քանի որ Աստուած-մարդ եւ մարդ-մարդ յարաբերութիւնները տարբեր հանգամանքներ կը ներկայացնեն։
Մեղքերուն ներումը եւ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան վերահաստատումը յառաջ կը բերեն մեղքին յաւիտենական պատիժներուն ջնջումը։ Կը մնան սակայն մեղքին ժամանակաւոր պատիժները։ Ուստի, արատ մը թէեւ կը ջնջուի, սակայն, անպայման հետք մը կը թողու, եթէ նոյնիսկ մարդկային աչքով անտեսանելի ըլլայ։ Ամէն վէրք սպի մը կը թողու իր ետին։ Կարեւորը այդ սպին չարծարծել եւ դարձեալ վէրքի չվերածելն է։ Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին է, որ կարեւորութիւն կը ստանայ՝ «ներել բայց չմոռնա՛լ» գաղափարը։
Մարդ երբ ներէ յանցագործ մը՝ թէեւ կը հրաժարի հատուցում պահանջելէ կամ պատկան իշխանութենէն պատիժ պահանջելէ, բայց պէտք չէ, որ մոռնայ յանցանքը։ Կարելի է մոռնալ յանցաւորը, բայց ո՛չ յանցանքը։ Յանցանքը չմոռնալ կը նշանակէ զգոյշ ըլլալ նման պարագաներու մէջ։ Այս իմաստով, չմոռնալը փորձառութեան առիթ մըն է, օգտակար փորձառութիւն կու տայ մարդուս։ Արդարեւ, փորձառութիւնը՝ հասունութեան անհրաժեշտ պայմանն է։ Մարդ եթէ առանց մոռնալու ներէ, կը զրկուի այս կարեւոր փորձառութենէն եւ յաճախ կը դիմաւորուի նման յանցանքներով՝ ուրիշ յանցաւորներու ձեռքով։ Այս պատճառով է, որ կ՚ըսենք, թէ կարելի է յանցաւորը ներել եւ մոռնալ, բայց ո՛չ յանցանքը։
Իսկ յանցաւորին կողմէ, եթէ ներուի եւ յանցագործութիւնը մոռցուի՝ կրնայ կրկնել յանցագործութիւնը։ Ուստի, ներումը պէտք է գործածուի դեղի մը նման չափով եւ կշիռով։ Անչափ եւ չափազանցուած դեղը ինչպէս փոխանակ օգուտի, վնաս կը պատճառէ՝ նոյնպէս ալ անսահման ներումն ալ կրնայ վնաս պատճառել թէ՛ յանցաւորին եւ թէ յանցանքէն վնաս կրողին։
Յանցաւորին տրուած պատիժը պէտք չէ ըմբռնել իբրեւ տեսակ մը վրիժառութիւն, այլ անդրադարձումի առիթ յանցաւորին, թէ գործած յանցանքը վնասակար եւ չար արարք մըն է եւ պէտք չէ կրկնել զայն։ Բայց մեղք կամ յանցանքի հոգեւոր կեանքի կողմէ երեւոյթը կարելի է բոլորովին ջնջել՝ ջերմագին սէրէն բխող, սէրէն մղուած զղջումով, որ ճշմարիտ հոգեփոխութեան մը կրնայ յանգիլ մեղաւորին կամ յանցաւորին ամբողջական մաքրասրբումին, ջնջելով ամէն պատիժ, քանի ան որ կը հաւատայ՝ անկարելի բան չկա՛յ անոր համար։ Ուստի, ամէն բանի մէջ անկեղծութիւնը անհրաժեշտ պայման մըն է։
Իսկ «չմոռնալ»ը՝ պէտք է ընդունի որպէս «դաս» մը, որ պէտք չէ՛ մոռցուի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ