Ո՛Չ ՄԷԿՍ ԶԵՐԾ ԵՆՔ…

Մարդիկ յաճախ սա հարցումը կը հարցնեն երբ իրենց փորձանք մը, պատուհաս մը պատահի. «Ինչո՞ւ ինծի…»։ Բայց ո՛չ ոք բացառութիւն է այս աշխարհի վրայ։ Եթէ հաւասարութիւն կայ, այդ հաւասարութիւնը ո՛չ միայն բարիքներու հաւասարութիւն է, այլ նաեւ՝ չարիքներու մէջ։ Եթէ մարդիկ հաւասար են բարիքներէ օգտուելու մէջ, բնականաբար չարիքներու վնասներու մէջ ալ հաւասար պիտի ըլլան, քանի որ արեւը կը ծագի առանց բացառութեան բոլորին վրայ՝ թէ՛ բարիներուն եւ թէ չարերուն վրայ, եւ անձրեւը կը տեղայ հաւասարապէս բոլորին վրայ անխտիր։ Մարդիկ բարիքները վայելելու եւ առիթներէն օգտուելու մէջ հաւասար է, պէ՛տք է հաւասար ըլլայ, բայց նախ պէտք է հաւասար ըլլայ փորձանքներու ենթարկուելու մէջ։ Եւ հաւասարութեան գաղափարը կը խտանայ այս իրակութեան մէջ։

«Ինչո՞ւ այս բանը ինծի պատահեցաւ…»։

Այս հարցումը յաճախ լսած ենք, եւ ո՜վ գիտէ մենք ալ քանի անգամ կրկնած ենք այս հարցումը։ Հիւանդութիւն, կորուստ, փորձանք, աղէտ եւ այլն կը պատահի եւ պիտի պատահի բոլորիս, ասիկա բնական է, որովհետեւ աշխարհի վրայ ո՛չ ոք առանձնաշնորհեալ է, ո՛չ ոք բացառութիւն է եւ ո՛չ ոք մասնաւոր իրաւունքներ վայելելու կոչուած է։

Ասիկա այնքան յստակ կերպով կ՚երեւի հիւանդութիւններու յայտնաբերութեան առիթով, որ նոյնիսկ կարելի է ըսել, թէ հաւատքի փորձաքար մը, չափանիշ մը կը հանդիսանան նման կացութիւններ։

Մարմնի վրայ յայտնուող սովորական ուռեցքը՝ որ սկզբնական շրջանին նոյնիսկ աննշան կը մնայ եւ անկարեւոր կը նկատուի, յանկարծ եթէ մեծնայ եւ բարդութիւններ ստեղծէ, կամ բժշկական բառերով՝ «իգական տեսակը» ըլլալով «բեղմնաւորուի», «տարածուի» եւ թարախակալուի, կրնայ քաղցկեղի վերածուիլ եւ ցաւալից մահուան պատճառ հանդիսանալ…

«Ինչո՞ւ ինծի պիտի պատահէր…»։

Ահաւասիկ այն խորհրդաւոր հարցումը՝ որ մնայուն կերպով կը մխրճուի մարդու ուղեղին մէջ, երբ վատ բան պատահի իրեն։ Արկածներէ վերապրումներ, երբ ուշքի գալով հայելիի մէջ կը տեսնեն իրենց խեղանդամ մարմինը կամ այլանդակուած դէմքը, վստահաբար կը բաղդատեն զայն իրենց նախկին տեսքին հետ, եւ առաջին հարցումը որ կը հարցնեն Արարչին կ՚ըլլայ.

«Ինչո՞ւ ինծի…»։

Անակնկալ մահուան պարագաներուն ալ, հանգուցեալի հարազատները նոյն բողոքը կը ներկայացնեն Աստուծոյ, մանաւանդ եթէ հանգուցեալը ուրիշներուն օգտակար հանդիսացող անձ էր, կամ գէթ անվնաս ներկայութիւն ընկերութեան կեանքին մէջ, տրտնջալով կ՚ըսեն.- Այսքա՜ն չարեր կան աշխարհի վրայ, ինչո՞ւ այս բարի մարդը ընտրեցիր…։

Այս բոլոր արտայայտութիւնները անհանգիստ եւ տագնապահար հոգիներու յատուկ կացութիւններու արդիւնք են։

Ժողովրդային իմաստութեան կը վերագրուի այն դրուագը՝ ուր կ՚ըսուի, թէ սովորական ծորակի ջուրին բաց մնացած ըլլալուն հետեւանքով, մրջիւնին բոյնը ջուր լեցուեր է։ Մրջիւնը կարելի ամէն միջոցներով լուր տարածեր է, թէ ջրհեղեղ է, ուստի պէտք է ըստ այնմ ահազանգ հնչեցնել ամբողջ աշխարհին…

Ուրեմն, մրջիւնին համար իր բոյնին կարեւորութիւնը եւ իր անձին ապահովութիւնը բաւարար են, որպէսզի ամբողջ աշխարհին ջուրի տակ մնալուն վտանգը տեսնէ ան։ Մրջիւնը չի՛ կրնար իր բոյնէն դուրս, իր աշխատանքի առօրեայ ճամբէն տարբեր, իր հացահատիկը ամբարելու հեւքէն զատ այլ պատկերացում ունենալ կեանքի։

Իսկ ջուրը, որ իր բոյնը լեցուցած էր, խանգարած էր բնականոն իր կեանքը եւ զանիկա ճիշդ հունաւորումէն դուրս բերած։ Ուստի, բնական սակայն անգիտակից անդրադարձ էր իր կատարածը, երբ ամբողջ աշխարհին ջուրի տակ մնալուն ահազանգը կը հնչեցնէր ան։ Մրջիւններու աշխարհին մէջ չկայ մէկը, որ վերէն նայելով այդ բոյնին, անդրադառնայ կատարուածին, եւ հանգստացնելով մրջիւնը ըսէ անոր.- բայց ասիկա ջրհեղեղ չէ՛…։

Մարդկային կեանքն ալ վերոյիշեալ դրուագին մէջ շեշտուած նոյն նեղ մտածողութեամբ կ՚առաջնորդուի շատ յաճախ։ Մրջիւնի խելքով մարդիկ այնպէս կը խորհին, թէ դժբախտութիւնները համընդհանուր բնոյթ ունին։ Զգացականութեան պարագային կարելի է որոշ երեւոյթներ ընդհանրացնել։ Զոր օրինակ, ցաւալի դէպք մը եթէ ներկայացուի ժապաւէնի մէջ, նոյնիսկ գիտնալով որ դերասաններ են զայն ներկայացնող խաղացողները, հանդիսատեսներէն ոմանք կ՚արտասուեն…

- Օգտուեցանք՝ Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի «Սպեղանի հոգւոց» գիրքի՝ «Բայց ատիկա ջրհեղեղ չէ՛» յօդուածէն՝ 2013, Թաւրիզ։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 20, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 21, 2025