ՔԵՄԱՆԻ ԹԱԴԷՈՍ ԷՖԷՆՏԻ

Վստահ ենք, որ շատ շատեր լսած չեն պոլսահայ դերասանուհի Պայծառ Երկաթի անունը. դերասանուհի՝ որ ապրած է 1891-1988 թուականներուն, սկզբնական շրջանին Գումգաբու, ետքը Եգիպտոս եւ ապա 1948 թուականին ներգաղթած Հայաստան: Հայ հասարակութիւնը շատ քիչ բան գիտէ այս գրող-դերասանուհիին մասին, սակայն, բախտաւոր ենք, որ Պայծառ Երկաթ իր կենդանութեան հրատարակած է յուշագրութիւն մը՝ «Գողտրիկ յուշեր ու սուր փշեր կամ մի դերբուկ ճանապարհ» անունով։ Սակայն, մեր այս օրուան յօդուածի նիւթն ու հիմնական հերոսը Պայծառ Երկաթը պիտի չըլլայ։ Պայծառ Երկաթի յուշագրութեան 98-րդ էջին վրայ, «Նոր կեանք» խորագրեալ յուշագրութեան մէջ անոր Պոլսոյ յուշերուն մասին կը կարդանք հետեւեալը. «Նրանց բնակարանի կողքին էր հասարակաց պարտէզը։ Այնտեղից ամէն իրիկուն լսում էինք «ինճէ սազի» արեւելեան թախծոտ մեղեդիները, իսկ երբ առանձին լեզու էր առնում Քեմանի Թադէոս էֆէնտիի ջութակը գիշերուայ խոր լռութեան մէջ, չգիտեմ ինչու, իմ ու Էլիզի աչքերից կաթում էին արցունքի կաթիլներ… Ինչո՞ւ… ինչո՞ւ… մենք ուրախ աղջիկներ էինք, գոհ էինք մեր շրջապատից… հիանալի էր ծառերի սօսափիւնը, ալիքները նազանքով շոյում էին ծովափի սպիտակ խիճերին, ման էին գալիս զոյգեր ուրախ փսփսուքներով… ու թրջւում էին մեր աչքերը։ Ինչո՞ւ… ինչո՞ւ խռովում էր հազիւ 15 գարուններ բոլորած մեր դեռատի հոգիները անզուգական հայ վարպետի հրաշագործ մատների տակ թրթռացող ջութակի լարերից… Ի՞նչ էինք երազում… ի՞նչ էին ցանկանում մեր սրտերը՝ տեսնելով այդ րոպէներին անցնող զոյգերին…»: 

Ո՞Վ էր Քեմանի Թադէոս էֆէնտին, որ կը յաջողէր երջանիկ պատանուհիները նոյնիսկ յուզել իր երգերով։ Հեղինակը նոր կեանքի սկսելու ճամբուն վրայ կը մտածէր, թէ ինչպէ՞ս իր ետին պիտի թողու Քեմանի Թադէոս էֆէնտիի երգերը։ Հայ ժողովուրդի կողմէ մոռցուած այս անունը իր բաժինը ունի ո՛չ միայն հայկական, այլեւ թրքական երգարուեստին մէջ։ Թուրքիոյ կարեւորագոյն թերթերէն «Միլլիյէթ»ը նոյնիսկ 1957 թուականի հրատարակութիւններէն մէկուն մէջ յիշած էր դժբախտ հայ ջութակահարը, ըսելով. «Թադէոս էֆէնտի վերջին դարու թուրք երաժշտութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկն էր: Թադէոս էֆէնտիի արուեստը իւրայատուկ էր եւ իր բոլոր գործերը ստուեր կ՚ածէին իրենց նախորդներուն վրայ: Ունեցած է այնպիսի ստեղծագործութիւններ, որոնք մէկ օրէն միւսը տարածուած են բովանդակ երկրին մէջ Պոլիսէն մինչեւ Արաբիա, Եգիպտոս եւ Սուրիա: Իր բոլոր գործերը ունին անգերազանցելի գրաւչութիւն ու գեղեցկութիւն: Ունկնդիրը կը դժուարանայ ընտրել գեղեցիկը: Իր ստեղծագործութիւններէն ո՛չ մէկուն մէջ կարելի է գտնել լեզուական կաղացում մը, խորթ անհարազատ բան մը, ըլլայ իբր բանաստեղծութիւն, ըլլայ իբր դաշնաւորում»: Այս տողերը կը պատկանին թուրք լրագրող Ռեֆի Ճեւատ Ուլունային (Refi Cevad Ulunay - 1890-1968): 

Հայ դերասանուհի Պայծառ Երկաթի եւ թուրք լրագրող Ուլունայի կողմէ այսքան գովասանքի արժանցած այս հայը ինչպէ՞ս եղաւ, որ մոռացութեան տրուեցաւ հայ ազգին կողմէ… չե՛նք գիտեր, սակայն, կեանքի իրականութիւնը կը պարզէ, որ ան իր կենդանութեան մոռացութեան տրուեցաւ նաեւ թուրք հասարակութեան կողմէ։ Իր երգերով բոլորը հմայող այս հայազգի ջութակահարը իր կեանքը անցուց ծայրայեղ թշուառութեան ու դժբախտութեան մէջ։ Ուլունայ այս ամօթը յիշելով կը գրէ.

«Ամօթով կը խոստովանիմ, թէ այս մեծ արուեստագէտին կեանքի պայմաններն ու մահուան պարագաները մեծ անտարբերութեամբ դիմաւորուած են մեր երկրին մէջ։ Թադէոս էֆէնտի իր ամբողջ կեանքին ընթացքին տառապած է զրկանքներու մէջ եւ իր այս տուայտանքը շարունակած է մինչեւ իր մահը: Ու երբ մեռած է, մէկը չէ գտնուած իր յուղարկաւորութիւնը կատարող: Ամբողջ հարստութիւնը ելած է իր գրպանէն՝ 40 փարա ըլլալով, իսկ թաղումին հազիւ քանի մը հոգի ներկայ գտնուած է»: 

Այս բոլոր անիրաւորութիւններէն ետք այսօր թուրք լրագրողին նոյն հարցը կը բարձրացնենք. արդեօք գէթ այսօր իր գերեզմանին տեղը գիտցո՞ղ մը կայ… կը կասկածինք: 

Որպէսզի ընթերցողը լաւապէս հասկնայ Թադէոս էֆէնտիի արուեստին մեծութիւնը՝ յայտնենք, որ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի ամենէն սիրելի երգին՝ «Ամչկոտութիւնս արգելք կ՚ըլլայ վիճակս արտայայտելու» (Mâni oluyor halimi takrire hicâbım) հեղինակն է։ Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ իրապէս անոր երգերը ամբողջ երկրին մէջ տարածուելով հասած է մինչեւ իսկ թուրք մեծաւորներուն եւ դարձած անոնց ամենէն սիրելի երգը։ Մոռացութեան տրուած անարդարութեան դիմաց թուրք այլ հեղինակ մը կը գրէ. «Թադէոս էֆէնտիի երգերով յայտնի դարձած բազմաթի՜ւ երգիչ-երգչուհիներ՝ մեծամեծ գումարներ աշխատեցան անոր արուեստին շնորհիւ, սակայն, նոյն բախտաւորութիւնը չունեցաւ Թադէոս էֆէնտի. ան նոյնիսկ իր կեանքի վերջին տարիները քաշուեցաւ հասարակութենէն»։ Պայծառ Երկաթ անոր կեանքի վերջին ժամանակներուն մասին կը գրէ. «Թադէոս էֆէնտին, որ վաղուց մոռացել էր իր էֆէնտիութիւնը եւ այժմ քար էր կրում ամէն օր կառավարութեան հաշւոյն, որպէսզի ձեռքը մի վեսիք ունենալով ազատէր ընտանիքը…»:

•​շարունակելի…

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ամէն ժողովուրդ ունի իր Տորք Անգեղը կամ Սասունցի Դաւիթը, որոնց մէջ կը մարմնանան՝ մկանային ուժին հետ բայց անկէ վեր՝ իրենց ժողովուրդին առաքինութիւնները:

ԲԻՒԶԱՆԴ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2026