Ի՞ՆՉ ԸՆԵՄ ԴՊՐՈՑԸ՝ ԱՌԱՆՑ ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ
Բնականաբար, բոլորս պիտի ուզենք, որ Հայաստանը իր ներկայով ու ապագայով ունենայ նախանձելի դիրք մը. թէ՛ քաղաքական, թէ՛ դիւանագիտական, թէ՛ ռազմական եւ թէ տնտեսական գետնի վրայ գրաւէ ազդեցիկ տեղ մը բովանդակ քաղաքակրթութիւններուն մէջ։ Միայն ոչ-հայրենասէրն է, որ պիտի չուզէր այդ մէկը, սակայն, իրապաշտ մարդը պիտի ընդունի, որ տակաւին այդ դիրքը գրաւելու ակնկալիքը մեր ազգէն շատ հեռու կը մնայ։ Կան որոշ բացասական երեւոյթներ, որոնք լափալիսեան ճշմարտութեան նման կը շարունակեն պահել իրենց գոյութիւնը՝ շատ անգամ նոյնիսկ սպառնալիք դառնալով, որովհետեւ անոնց անտեսումը հաստատապէս մեր ազգը ո՛չ թէ նախանձելի, այլ գթալի վիճակի մը պիտի հասցնեն:
Մեր դէմ ունինք շաբաթ, 26 սեպտեմբեր 1936 թուականին, Գահիրէի մէջ հրատարակուած «Ազատ Միտք» քաղաքական, գրական ու տնտեսական շաբաթաթերթի թիւը (Ա. տարի, թիւ 7), որուն խմբագրականին մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերը. «Հայ երկրորդական վարժարան մը հիմնելու նախաձեռնարկ եղողները արդեօք մտածա՞ծ են զայն կազմակերպելու եւ մատակարարելու կարելութեան վրայ: Մենք շիտակը կը տարակուսինք: Ո՞ւր են երկրորդական վարժարանի մը կարգ մը կարեւոր ճիւղերը դասախօսելու ձեռնհաս հայ ուսուցիչները»: Մեր թուականէն 90 տարի առաջ բարձրաձայնուած այս հարցը մօտաւորապէս տասը տարիներ ետք՝ 2036 թուականին դարձեալ պիտի յուզէ հայ ժողովուրդը։ Պատմութիւնը իր բնաւորութեան համաձայն, դարձեալ ինքզինք պիտի կրկնէ եւ մենք ազգովին յայտնուինք այն կացութեան դիմաց՝ որուն դիմաց էինք մօտաւորապէս դար մը առաջ։ Մինչեւ այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ գրած ենք բազմաթի՜ւ երեւոյթներու մասին, սակայն, անոնցմէ կարեւորագոյնը առանձնացնելու ըլլանք, ապա անտարակուսելիօրէն այս մէկը պիտի ըլլայ. ուսուցիչի պակասէն պիտի տառապի՛նք...: Ուսուցիչի պակասը ո՛չ թէ նախանձելի դիրքի, այլ ճգնաժամի մը դիմաց պիտի դնէ հայ ժողովուրդը։ Մենք որպէս ազգ ապագայ ունենալու իրաւունքն ալ կարծես չունինք, որովհետեւ այն ժողովուրդը, որ կը կարեւորէ իր ապագան՝ կը կարեւորէ նաեւ ուսուցիչը՝ որպէս դարբինը ապագայ սերունդներուն:
Այս թերութիւնը սրբագրելու համար առաջին հերթին պէտք է հասկնալ, որ պէտք չէ թերագնահատել ուսուցիչի դերը։ Սերտելով հայ գրականութիւնը՝ կրնանք տեսնել, փաստել ու հասկնալ, որ ուսուցիչի դերը ապագայ սերունդները դաստիարակելու մէջ շատ աւելին է, քան մենք կը կարծենք. օրինակի համար, հայագէտ ու հրապարակագիր Մկրտիչ Պոտուրեանը, Դանիէլ Վարուժանը, Վահրամ Փափազեանը. հայ մեծանուն գրողներէն Պետրոս Դուրեանը, Եղիա Տէմիրճիպաշեանը եւ ուրիշներ որպէս ուսուցիչ ունեցած են Եղիազար Մուրատեանը։ Եթէ ուզենք աւելի հին ժամանակներ երթալ, ապա լաւագոյն օրինակներէն մէկն է Վանական վարդապետը (ծանօթ նաեւ որպէս Յովհաննէս Տաւուշեցի), որ իրեն աշակերտ ունեցած է պատմագիր, Աստուածաբան ու փիլիսոփայ Վարդան Արեւելցին, հայ պատմիչ Կիրակոս Գանձակեցին, պատմիչ Գրիգոր Ակներցին եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Կ՚ուզեմ պահ մը կեդրոնանանք Վանական վարդապետին եւ անոր աշակերտներուն վրայ. պատահականութեա՞ն արդիւնք է, որ անոր աշակերտները խոր հետաքրքրութիւն ունեցած են պատմութեան հանդէպ եւ դարձած հայ ժողովուրդի կարեւորագոյն պատմագիրներէն։ Վանական վարդապետը ի՛նք եւս պատմագիր էր եւ բնականաբար յաջողած էր իր աշակերտներուն մէջ արթնցնել պատմութեան եւ պատմագրութեան հանդէպ սէրը։ Նոյնն է պարագան բազմաթի՜ւ այլ գրող ուսուցիչներու՝ որոնք ծնունդ տուած են այլ գրողներու: Կարելի չէ սպասել նոր սերունդին մէջ ունենալ մտաւորականութիւն՝ եթէ չունին մտաւորական ու իր պաշտօնին գիտակցութիւնն ու կարողութիւնը ունեցող ուսուցիչներ։ Լաւագոյն հայ դերասաններէն, լաւագոյն հայ նկարիչներէն ծնունդ առած են նոր դերասաններ ու նկարիչներ. լաւագոյն հայ գրողներէն ծնունդ առած են հայ գրողներ. պատահականութեան արդի՞ւնք է արդեօք, որ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը աւարտած աշակերտներուն մեծամասնութիւնը մինչեւ օրս աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ կը զբաղին հայ գրականութեամբ ու ազգային կեանքով։ Այդ բոլորը արդիւնքն են կըր-թութեան` արդիւնքն են գիտակից ու նուիրեալ ուսուցիչներու:
Շատեր պիտի ըսեն, որ ազգ մը կ՚ապրի իր բանակով. ուրիշներ կեանքը պիտի տեսնեն տնտեսութեան հզօրացման մէջ. շատեր պիտի ըսեն. դիւանագիտութիւնը եթէ չզարգացնենք՝ մեզ ոտնակոխ կ՚ընեն… Այդ բոլորը մէկ կողմ դնելով մենք միայն ու միայն մէկ բան կ՚ըսենք. հայ ազգին ապագան կախեալ է հայ դպրոցէն ու հայ ուսուցիչէն։ Եթէ առաջնահերթութիւն չընենք հայ ուսուցիչը եւ ուսուցիչով հայ աշակերտն ու անոր դաստիարակութիւնը, ապա ո՛չ բանակ, ո՛չ տնտեսութիւն եւ ոչ ալ դիւանագիտութիւն պիտի ունենանք։ Այդ արժէքներուն հանդէպ անձի ունեցած գիտակցութիւնը ի վերուստ տրուած պարգեւ մը չէ։ Յաճախ կ՚ըսենք, թէ ծնողքն է զաւակ դաստիարակողը. հայ աշակերտը ի՛նք պիտի դառնայ ապագայի ծնողքը եւ հետեւաբար դպրոցին մէջ տրուած դաստիարակութիւնը մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ապագայ հայ ընտանիքի կազմաւորման մէջ։ Այնպէս ինչպէս դարաւոր մեր սխալները չկրցանք սրբագրել՝ յոյսով ենք, որ գէթ այս մէկը կարենանք։ Եթէ չենք ուզեր ոչնչանալ, պէտք է գնահատել ու արժեւորել հայ ուսուցիչը, պէտք է լաւապէս պատրաստել ու ասպարէզ տալ անոր, այլապէս մենք եւս օր մը պիտի ստիպուինք մեր մամուլի էջերուն մէջ գրել (եթէ անշուշտ հայ մամուլը յաջողի գոյատեւել). «Դպրոց ունինք, սակայն, ուսուցիչ չենք գտներ»։ Ի դէպ, այս արտայայտութիւնը այնքան ալ ապագային չի վերաբերիր. շատ մը գաղութներ արդէն իսկ կեանքի կոչած են այս դժբախտ իրողութիւնը:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Իմ գրական դպրոցը հայ հայրենիքը եւ առհասարակ մարդկային ցաւն ու տառապանքն է։ Ինձ համար մարդկային ամէն էակ գերագոյն նպատակ է եւ ո՛չ միջոց, եւ իր կեանքի ցաւագին յեղյեղումները բարձրագոյն արժէք, որ կարող է գեղեցկացնել ամենադժուարահաճ արուեստը:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան