ՅՈՒԼԵԱՆ-ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՏՈՄԱՐ

Երբ Հայ Եկեղեցին ընդունեց Յուլեան եւ Գրիգորեան տոմարները եւ Նոր տարին տեղափոխուեցաւ յունուար 1՝ ենթարկուելով աստղագիտական սկզբունքներու, այսինքն՝ մեր մոլորակի արեւի շուրջ կատարած հերթական պտոյտի օրինաչափութիւններուն, այն զգեստազրկուեցաւ եւ կորսնցուց իր խորհրդաւորութիւններէն շատ բան։

Այսպէս, ուրեմն, ան դիցաբանական մտածողութեան շրջանակներէն անցաւ գիտական մտածողութեան աշխարհը։ Անոր նպաստեցին նաեւ պաշտօնական հանգամանքներ։

Պատմական տուեալներուն յայտնի չէ ընդհանրական յունական տօնացոյց մը։ Ուստի ամէն մէկ յունական համայնք ունեցած է իր տոմարը եւ օրացոյցը՝ որոնք լուսնային էին եւ ամիսներուն կը տրուէր այդ ընթացքին կատարուող տօնակատարութեան անունը։ Առաւել յայտնի եւ տարածունը Աթէնքի տօնացոյցն էր։ Այնտեղ երեք տարբերակ կը նկատուի՝ «լուսնային»ը, «տօնային»ը եւ «նախագահներ»ունը. (Prytaneis-Prytany)։

Այս վիճակի պատճառով ալ, հակառակ այն իրողութեան, որ յունական մշակոյթը վճռական դեր խաղաց համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարգացման գործին. յունական տոմարները միջազգային ազդեցութիւն չունեցան։ Այդ դերը իրականացուց Հռոմը՝ իր հզօր կայսրութեան եւ իր տոմարի մշակման գիտական հիմքերու հրամայականով։

Ուստի, հնագոյն հռոմէական տոմարը կազմուած էր 10 ամիսներէ՝ մարտ-դեկտեմբեր։

Հանրապետական Հռոմինը, մեծ հաւանականութեամբ, ունեցած է Էթրուսքեան ծագում։ Ան մուտք է գործած Քափիթոլի տաճարի գոյութենէն առաջ եւ գոյատեւած է մինչեւ Ք.Ա. 153 թուականը։ Այդ թուականէն տարուան սկիզբը հաշուրկուած է ո՛չ թէ մարտէն (ռամզի աստուծոյ տօնէն), այլ յունուարէն։ Յունուարը (luninius, Januar) պաշտուած է որպէս սկզբնաւորման, դարպասի աստուած։

Այնուհետեւ յունուարի 1-ը ընդունուած է որպէս պետական պաշտօնական Նոր տարի։ Բոլոր հիւպատոսները եւ պետական պաշտօնեաները պաշտօնական տարին կը հաշուարկէին այդ օրուընէ։

Ըստ այդ օրացոյցի մարտ, մայիս, յուլիս (Quintilis) եւ հոկտեմբերը ունէին 31 օր, փետրուարը՝ 26 եւ միւսները ունէին 29-ը՝ յունուար, ապրիլ, յունիս, օգոստոս, սեպտեմբեր, նոյեմբեր, դեկտեմբեր՝ ընդհանուր 255 օր։ Այս հաշուարկով, մինչեւ Յուլիոս Կեսարի օրերը, քաղաքական տարին 3 ամիսով աւելի առաջ էր քան արեգակնայինը։

Ք.Ա. 43 թուականէն կը սկսի գործել Յուլեան տոմարը՝ տարին 365 օր եւ 6 ժամ եւ ո՛չ թէ 365 օր, 5 ժամ, 48 րոպէ (վայրկեան) եւ 46 վայրկեան (երկվայրկեան)։ Պաշտօնական հայկական շրջանակներու մէջ այս գործադրուած է 122 թուականէն սկսեալ։ Հայ Եկեղեցին Ատանայի ժողովին (1317) պաշտօնապէս ընդունեց Յուլեան տոմարը ընդհանուր օգտագործման համար։

Յուլեան տոմարի հաշուարկներու եւ արեւի շուրջ երկրի մէկ տարուան ընթացքին կատարուած պտոյտի տեւողութեան միջեւ զգալի տարբերութիւն կար։

Մինչեւ 1582 թուականի հոկտեմբեր 4-ը այն կուտակուելով հասած է ուղիղ 10 օրուայ։ Հակառակ այն փաստին՝ որ Եկեղեցին պաշտօնապէս չէր նշած Նոր տարուայ տօնը, սակայն գիտական եւ կազմակերպչական դրդապատճառներէն մեկնելով՝ Հռոմի Գրիգոր ԺԳ. Պապը, աստղագէտ Ալոիս Լիլոյի նախագծի հիման վրայ, կարգադրեց հոկտեմբեր 4-էն անցում կատարել ոչ թէ յաջորդ թիւը՝ 5-ը, այլ հոկտեմբեր 15-ը։ Այդ նորամուծութիւնը որոշակի ընդդիմութիւն գտաւ շարք մը եկեղեցիներու կողմէ՝ որոնք զայն ընդունեցին մեծ ուշացումով՝ Անգլիան՝ 1752 թուականին, Ռուսաստանը՝ 1918-ին, Ուղղափառ եկեղեցիները՝ 1924-ին, Եգիպտոսը՝ 1928-ին։

1582-էն մինչեւ 1918-ի յունուարը կուտակուած էր 3 օր, ապա ռուսական հին եւ նոր տարեցոյցներու միջեւ ժամանակային տարբերութիւնը կը կազմէր ո՛չ թէ 10, այլ՝ 13 օր։ Հայերը սկսան ընդունիլ զայն 1584 թուականէն սկսեալ։

Նախաքրիստոնէական աշխարհը, պետական եւ համաժողովրդական մակարդակով, մեծ շուքով եւ լայնօրէն տարբեր ժամանակահատուածներու մէջ կը նշէր Նոր տարին՝ որը փաստօրէն պաշտամունքը եւ օրհնութիւնն էր «Սկզբնաւորում»ի, «Առաջնեկ»ի, «Նոր»ի եւ անոնցմէ սպասուող, ակնկալուող գալիքի։

Յաճախ կը կրկնենք. ներկան հասկնալու եւ ապագայի մասին գաղափար կազմելու համար անհրաժե՛շտ է գիտնալ անցեալը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 1, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 2, 2025