ԻՆՉՈ՞Ւ ԻՆՔՆԱՍՊԱՆ Կ՚ԸԼԼԱՆ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ (Ա.)

Մեր թուականէն ինն տարիներ առաջ՝ 2016 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տասնվեց ամեայ պատանի մը՝ Դանիէլ անունով կ՚որոշէ վերջ տալ իր կեանքին. նախքան ինքնասպանութիւնը երկտող մը կը գրէ եւ հետեւեալը կ՚ըսէ. «Ես կը յանձնուիմ... ուսուցիչները... բան մը չըրին. ես կ՚ուզէի փախչիլ: Աղաչեցի ու աղաչեցի: Չյաջողեցայ: Ո՛չ ոք հետաքրքրուեցաւ. ո՛չ ոք լսեց»: 

Այս նիւթը կը կարեւորենք, որովհետեւ մերօրեայ պատանին այն չէ՝ ինչ որ էր տասնամեակ մը առաջ եւ հետեւաբար այնքան ժամանակ երբ աշխարհը կը յառաջդիմէ, ժամանակները կը փոխուին եւ կը փոխուին նաեւ իրենց ակնկալիքները, տարիքային սահմանումները եւ գրեթէ ամէ՛ն ինչ: Վիճակագրութիւններ կը փաստեն, որ տարեկան դրութեամբ ինքնասպանութեան թիւերը աճ կ՚արձանագրեն՝ մա՛նաւանդ պատանիներուն մօտ եւ այդ մէկը լուրջ վտանգ մըն է ինքնին, որովհետեւ այսօրուան պատանին ունի իր յատուկ կարիքներն ու խնդիրները, որոնք յաճախ մեծահասակներու կողմէ կ՚անտեսուին: 

Նման նիւթ մը քննարկելու համար կարեւոր է վերլուծել ինքնասպան պատանիին նամակը. վերոյիշեալ մէկ տողը իր մէջ ունի երեք հիմնական բաժին. 

Ա.- Զգացմունքային հիւծում եւ յուսահատութիւն

Բ.- Մեղադրանք ու քննադատութիւն

Գ.- Սեփական ձախողութեան գիտակցութիւն

Ա.- Զգացմունքային հիւծում եւ յուսահատութիւն.- Ինքնասպան պատանիին առաջին բառը ինքնին խորիմաստ է այն իմաստով, որ ցոյց կու տայ, թէ տղան որոշ ժամանակ պայքարելէ ետք հասած է յանձնուելու, յուսահատելու որոշումին: Իրականութեան մէջ կրնայ տարօրինակ թուիլ, թէ տարեկան տարեկան պատանի մը ինչպիսի՞ պայքար կրնայ ունենալ, ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կրնայ դիմագրաւել՝ բացի դասէն եւ կամ գուցէ մանկական սէրէն, սակայն այդ մտածումը կը պատկանի անցեալին։ Մերօրեայ պատանին շատ աւելի բան գիտէ, շատ աւելի բան կ՚ապրի քան մի քանի տասնեակ առաջ ապրող պատանիները: Ան յուսահատութեան հասած է, որովհետեւ ինչպէս իր կարճ նամակին մէջ կը յիշէ «աղաչեց», «ուզեց», սակայն ո՛չ ոք լսեց զինք. ձախողեցաւ եւ հետեւաբար այդ բոլորը հոգեբանականօրէն յուսահատութեան առաջնորդեցին զինք: 

Յաճախ ծնողներ կը կարծեն, որ իրենց մանուկները մինչեւ մեծահասակ ըլլալը զգացում, հոգեկան աշխարհ չունին եւ այդ մօտեցումով լուրջ եւ մանկավարժ յարաբերութիւն մը չեն ունենար իրենց մանուկներուն հետ։ Աւելի՛ն, շատ անգամ ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս ծնողներ ծաղրի առարկայ կը դարձնեն իրենց պատանիին այս կամ այն զգացումը. կու տան անոր հասակակից տղու եւ կամ աղջկայ անուն մը, պարզապէս մտածելով, որ կատակելով լաւ տրամադրութիւն մը կը ստեղծեն, մոռնալով սակայն, որ այդ կատակը կրնայ կարճ ժպիտ մը պատճառել մեծահասակներուն, լուրջ խնդիրներու կրնայ առաջնորդել մանուկը, որ տակաւին այդ բոլոր զգացումներուն անծանօթ՝ կը փորձէ վերլուծել իր հոգեկան ապրումները, զգացումները:

Ցաւ ի սիրտ, մեր ծնողները մանկավարժներ չեն եւ շատ անգամ կը կարծեն, որ պատանի մը հասակ կ՚առնէ եւ կը մեծնայ այնպէս՝ ինչպէս իրենք հասակ առին ու մեծցան՝ մոռնալով, որ ժամանակը մեծ ազդեցութիւն ունի եւ կրնայ շատ բան փոխել սերունդէ սերունդ:

Մեր ծնողներուն համար պէտք է յստակ ըլլայ, որ պատանեկութիւնը պատանիներուն համար փնտռտուքի շրջան մըն է։ Անոնք այդ շրջանին կ՚ուզեն գտնել իրենց անձերը, կ՚ուզեն գիտնալ, թէ ո՛վ են իրենք եւ նոր կը սկսին ծանօթանալ շատ մը զգացումներու հետ. ինչպէս օրինակ՝ վստահութիւն եւ անվստահութիւն, սիրուիլ եւ ատուիլ, ընդունուած ըլլալ կամ մերժուիլ եւ պէտք է ընդունիլ, որ մեր պատանիներէն շատեր իրենց դաստիարակութեան միջոցով այդ հոգեբանական ապրումներուն անծանօթ են։ Պատանեկութիւնը տարիք մըն է, որ ամէն ընտանեկան խնդիր, կռիւ եւ կամ նեղութիւն իր խոր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ եւ շատ մը պատանիներ այս բոլորը կը փորձեն վերլուծել ու ապրիլ իրենց ներաշխարհին մէջ՝ որովհետեւ զգացումներու քաոսը տեղ մը վախ կը ստեղծէ անոնց մէջ: 

Անոնց համար սիրային հիասթափութիւն մը կրնայ շատ շատ ծանր թուիլ՝ քան ինչ որ է իրականութեան մէջ. ծանր յուզական ցաւը՝ մա՛նաւանդ ոչ-մանկավարժ ու արթուն ծնողներու հսկողութեան տակ կրնայ խոր վէրքեր յառաջացնել եւ յուսահատութեան առաջնորդել պատանին։ Շատ մը ծնողներէ կը լսենք հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Բան մը չըսաւ»։ Իսկական ծնողք ըլլալը առանց պատանին ըսելու հասկնալուն մէջ է, որովհետեւ անոնք յաճախ կը քաշուին իրենց զգացումները բարձրաձայնելէ եւ այդ մէկը ո՛չ թէ պատանիին, այլ ծնողքին մեղաւորութիւնն է, որովհետեւ ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնը բնաւորութեան հետ կապ չունի։ Ան անբաժան մէկ մասնիկն է դաստիարակութեան եւ ծնողքը ի՛նք կը դաստիարակէ իր զաւակը, որպէսզի ան արտայայտէ կամ պահէ որոշ զգացումներ։ Կը տեսնենք պատանիներ, որոնք շատ անգամ ընկերային շրջականերուն մէջ շատ աւելի մեկուսացած են՝ քան ուրիշներ։ Այո՛, խառնուածքն ու բնաւորութիւնը դեր կրնայ ունենալ, սակայն, այդ մէկը դաստիարակութեան մաս կը կազմէ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Պէ՞տք է ծաղրել պատանիի մը սիրային զգացումները:

Պատասխան. Պէտք չէ ծաղրել պատանիի մը սիրային զգացումները, որովհետեւ այդ զգացումները իրենց մէջ խոր ու կարեւոր ապրումներ են՝ անկախ տարիքէն: Պատանեկութեան, երբ պատանին առաջին անգամ կը սիրէ, հոգին կը սկսի հասկնալ փոխկապուածութեան, կարօտի, երջանկութեան եւ տխրութեան իմաստները, որոնք կարեւոր են յուզական ապրումներու զարգացման համար: Ծաղրանքը կրնայ վնասել պատանիին ինքնավստահութիւնը եւ յառաջացնել ամօթի կամ մերժուած ըլլալու զգացողութիւն, ինչ որ կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ: Կարեկցանքն ու ըմբռնումը կ՚օգնեն, որպէսզի ան առողջ ձեւով հասկնայ եւ ապրի այդ զգացումները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 2, 2025