Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
Այս տրուպ գրիչին հոգեւոր կեանքին մէջ եզակի տեղ մը կը գրաւէ Բերայի եկեղեցիներէն՝ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցին, քանի որ իր հոգեւոր ծառայութեան տարիներու գրեթէ կէսէն աւելին հոն անցուցած է։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ աշխարհիկ պաշտօնեաներով մատուցուած հոգեւոր ծառայութիւնները անմոռանալի են մեր յիշատակներուն մէջ։ Իրապէ՛ս նուիրական եւ իր իսկական իմաստով «հոգեւոր ծառայութիւն» կը վկայէինք հոն՝ «ընտանիք»ի մը հասկացողութեամբ եւ հաւատացեալ ժողովուրդով։
Առաւել եւս եկեղեցւոյ վարժարանը մեզի կ՚անդրադարձնէր մեր հոգեմտաւոր հանգամանքը։ Եւ այս ամբողջով իրապէս «ընտանի՛ք» էինք հոն։
Երանի՜ որ ապրեցանք այդ օրերը եւ ծառայելու հաճոյքը վայելեցինք Ս. Յարութիւն եկեղեցին, քանի որ քրիստոնէական սկզբունք է՝ ծառայե՛լ փոխանակ ծառայութիւն ընդունելու Յիսուսի խօսքի համաձայն, թէ. «Մարդու Որդին, ինքն ալ, չեկաւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու». (ՄԱՏԹ. Ի 28)։
Հո՛ն միացած ապրեցանք միտքը եւ սիրտը՝ հասկնալով հաւատացինք եւ հաւատալով հասկցաք՝ ինչպէս կ՚ըսէ Ս. Օգոստինոս Աւրելիոս։ Ս. Յարութիւն եկեղեցին գտանք մեր հոգեւոր կատարելութիւնը եւ գոհացումը՝ ծառայելով Աստուծոյ եւ ժողովուրդին…
Եւ ահաւասիկ, այս զգացումներով պարտք համարեցինք անգամ մը եւս յիշել Ս. Յարութիւն եկեղեցին։ Երախտապարտութեան արտայայտութիւն մը…
Կը ներկայացնենք եկեղեցոյ պատմական տուեալները քաղուած Մարտիրոս Հանէսեանի «Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հարիւրքսանեւհինգ ամեայ յոբելեան», 1932 գիրքէն։
Հատուած կը ներկայացնենք նոյնութեամբ՝ հաւատարիմ մնալով բնատիպին՝ յարգելով հեղինակին թանկագին վաստակը։
ԲԵՐԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ
Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ նախնական հիմնարկութեան կամ հաստատման թուականը յայտնի չէ, հաւանաբար Բերայի հիւանդանոցի հաստատումէն յետոյ տեղի ունեցած է այն։ ԺԸ. դարուն, Բերայի մէջ հայ եկեղեցի գոյութիւն չունենալով, այս հիւանդանոցին մէջ մեռնողները մինչեւ Ղալաթիա, Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին փոխադրել դժուար էր, մանաւանդ ձմրան խստաշունչ օդերուն, հետեւաբար պէտք եղած է հիւանդանոցին առընթեր ունենալ նաեւ եկեղեցի մը, եւ ասկէ ծագում առած կը թուի Ս. Յարութիւն եկեղեցին Բերայի։
Անոր նիւթական մատակարութիւնը կատարուած է հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կամ վերակացուներու միջոցաւ, եւ հիւանդանոցի դադարումէն յետոյ, շարունակուած է Ղալաթիոյ Միւթէվէլլիութեան կողմէ, մինչեւ 1861 թուականը, երբ սահմանադրապէս կ՚ընտրուի Բերայի թաղին համար առաջին թաղական խորհուրդը, որ այնուհետեւ կը վարէ Բերայի շրջանակին մէջ գտնուած բոլոր հայ եկեղեցիները՝ Ս. Երրորդութիւն, Ս. Յարութիւն, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց, Գասըմփաշայի Ս. Յակոբ եւ յետոյ Բանկաթիի Ս. Լուսաւորիչ (Խոր Վիրապ)։ Իսկ հոգեւոր մատակարարութիւնը սկիզբէն ի վեր կատարած են Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր պաշտօնեաները, մինչեւ 1866։ Այս թուականին Բերայի թաղական խորհուրդը դիտելով, որ Ղալաթիոյ քահանայից կողմէ կամ անոնց թելադրանքով անկարգութիւններ կը պատահէին յաճախ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ներքին բարեկարգութիւնը հաստատելու համար հոն, Ազգ. Վարչութեան դիմում կ՚ընէ եւ այնուհետեւ նոյն եկեղեցւոյն հոգեւոր մատակարարութիւնը կ՚անցնի Բերայի քահանաներուն, եւ այս առթիւ 1866 օգոստոս 6-ին Մալաթիոյ առաջնորդ Սրապեան եպիսկոպոս, որ Բանկալթիի «Խոր Վիրապ» մատուռին պահպանութիւնը կ՚ընէր, քարոզիչ կը նշանակուի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյն։
Այս եկեղեցին փայտաշէն ըլլալով ամէն անգամ նորոգութիւն գտած էր հիւանդանոցին հետ եւ անկէ ետքն ալ փոքր նորոգութիւններ տեսած։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•շարունակելի…