ՔԻՉ ՄԸ ԺԱՄԱՆԱԿ

Մարդիկ ինչո՞ւ ինքնասպան կ՚ըլլան։ Շատեր այդ մէկը կը բացատրեն մահուան ցանկութեամբ, իսկ ուրիշներ որպէս փորձ՝ ցաւէն խուսափելու եւ հեռանալու։ Ինքնասպան եղողներէն ո՛չ ոք մահը կը սիրէ, սակայն, կը սիրէ այն մտածումը, որ մի քանի վայրկեան վերջ ցաւերն ու մտածումները վերջ պիտի գտնեն եւ հետեւաբար ինքնասպանութիւնը ո՛չ թէ հոգեկան խանգարում որպէս պէտք է ներկայացնել, այլ պէտք է դիտել որպէս մարդոց ցաւերուն ու տառապանքներուն դիմանալու անկարողութիւն։ Մարդիկ ապրելու համար «ինչու» մը կը փնտռեն եւ այդ «ինչու»ն է, որ ուժ կու տայ դիմանալու որեւէ դժուարութեան, սակայն, ոմանց համար եթէ այդ «ինչու»ն վերանայ, ապա ապրիլը անիմաստ, իսկ մահը այդ պարապութեան ցաւէն փրկուիլ կը դառնայ: 

Շատ մը հոգեբաններ ամբողջ կեանք մը նուիրեցին ուսումնասիրելու համար ինքնասպանութեան առաջնորդող հոգեբանութիւնը։ Ամերիկացի հոգեբան Էտուին Շնէյտմըն (1918-2009) իր աշխատութեան մէջ կու տայ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Ինքնասպանութեան հիմքը ո՛չ թէ մահուան ձգտումն է, այլ անտանելի հոգեկան ցաւէն ազատելու փափաքը»։ Ինքնասպանութեամբ մարդ իր կեանքի աւարտէն աւելի ցաւերուն աւարտն է, որ կը փնտռէ։ Մարդ այս հոգեբանական վիճակին մէջ կը յայտնուի, որովհետեւ ցաւի ազդեցութեան տակ ան իր միայն ներկային մասին կը մտածէ. ներկան իրեն համար անտանելի է ու ամօթալի է եւ հետեւաբար ապագան տեսնելու հեռանկարը կը կորսնցնէ։ Կը հաւատանք, որ շատ մը ինքնասպանութիւն գործած մարդիկ, եթէ պահ մը աւելի երկար դիմանալու եւ համբերելու կարողութիւնը ունենային՝ ապա այսօր ողջ էին, որովհետեւ ժամանակը պահուան ազդեցութիւնը հեռու կը տանի: Ցաւէն բացի ինքնասպանութիւնը ունի տարբեր այլ երկու պատճառներ եւս՝ որոնք աւելի նուազ ազդու են, սակայն, կարեւոր է խօսիլ նաեւ անոնց մասին։ Շատեր կը հաւատան, որ իրենք միայնակ են, իրենց գոյութիւնը կարեւոր չէ։ Այս միտքը լոկ մտածում մը չէ, այլ զգացում է եւ մարդ օրէ օր աւելի կը սկսի համոզուիլ իր իսկ կողմէ ստեղծուած այս գաղափարին եւ կը կորսնցնէ իր պատկանելիութեան զգացումը։ «Մէկուն պէտք չեմ»ի գաղափարը մարդու կեանքին մէջ կը վերացնէ «ինչու»ներն ու նպատակները։ Այս մէկը ծնունդ կու տայ այլ մտածումի մը՝ ուրիշին բեռ ըլլալու զգացումին։ «Ես չըլլամ աւելի լաւ պիտի ըլլայ»ի զգացումը սեփական ձախողութեան ու անկարողութեան մեծագոյն ու ամենէն յստակ արտայայտութիւններէն մէկն է: 

Այս բոլորը կանխելու համար կարեւոր է փոքր տարիքէն սորվեցնել յոյսի կարեւորութեան մասին։ Պէտք է սորվեցնել, որովհետեւ յոյսով ապրիլը, յուսալը մարդուն ի ծնէ տրուած յատկութիւն մը չէ. դաստիարակութեան ճամբով փոխանցուած իրողութիւն մըն է։ Յոյս ունենալը յաճախ մեր մօտ կը թարգմանուի «ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ»ի համոզումով, սակայն, հոգեբանութեան մէջ յոյս ունենալը ունի մի քանի տարբեր իմաստներ։ Մանուկը յոյսով զինելով անոր կը փոխանցուի հիմնական մի քանի արժէքներ. օրինակի համար, նպատակ ունենալ։ Յոյսը կը ծնի պայքարի ուժ եւ համբերութիւն, որպէսզի մարդ հասնի իր նպատակներուն եւ հետեւաբար շատ կարեւոր է մանուկին համար նպատակներ ստեղծել. օրինակի համար, անոր ուզած մէկ խաղալիքը առնելու փոխարէն՝ խոստանալ առնել երբ դասերուն մէջ բարձր նիշեր ապահովէ։ Մանուկը կը սորվի՝ որպէսի հասնի այդ խաղալիքին։ Նոյնիսկ ոչ-փայլուն նիշ ապահովելու պարագային յուսահատելու փոխարէն միւս անգամ աւելի լաւ կը սորվի՝ որպէսզի հասնի նպատակին։ Այս մէկը յաջողելու յոյսէն կը ծնի։ Այս ընթացքին է, որ մանուկը իր սխալները սրբագրելու միջոցներ կը գտնէ եւ այդ բոլորը յաղթահարելու համար կարիքը ունի մէկ արժէքի. հաւատալ, թէ ինք կրնայ յաղթական դուրս գալ: Կը տեսնենք ծնողներ, որոնք իրենց մանուկներուն անդադար «չես կրնար», «դժուար է», «քեզի յարմար չէ» եւ նման այլ արտայայտութիւններով յուսահատութեան կ՚առաջնորդեն զանոնք։ Այո, լաւ բան չէ սուտ յոյսեր տալը, սակայն, պէտք է խրախուսել եւ քաջալերել, որպէսզի անկարելին կարելի դարձնէ, որովհետեւ ի՛նք կրնայ։ Նոյնն է պարագան ինքնասպանութեան։ Այն անձը՝ որ ունի յոյս, այն անձը՝ որ ունի հաւատ, թէ ինք կրնայ եղելութիւնները սրբագրել՝ հեռու կը մնայ ինքնասպանութենէն։ Մարդը ինքնասպանութեան առաջնորդողը այդ յոյսի պակասն է. Մարդ ինքնասպան կ՚ուզէ ըլլալ միայն այն ժամանակ, երբ կը մտածէ, թէ ելք գոյութիւն չունի, սակայն, ջղային ու նեղուած վիճակը՝ մանաւանդ սկզբնական վիճակին ելք գտնելու հնարաւորութիւնը չ՚ունենար։ 

Մեծ փիլիսոփաներէն Նիցչէ կ՚ըսէ. «Ով ունի ապրելու ինչու մը, կը դիմանայ որպէս ինչպէսին»։ Մարդ իր կեանքը լիարժէք կ՚ապրի՝ երբ ունի նպատակ։ Ըսենք, որ շատ անգամ մարդոց նպատակը իրականութիւն չի դառնար ու մինչեւ իրենց մահը կը շարունակէ մնալ նպատակ, սակայն, անոր իրականութիւն չդառնալը իր արժէքէն բան չի կորսնցներ, որովհետեւ չկատարուած, սակայն, գոյութիւն ունեցող նպատակը շատ աւելի դրական ազդեցութիւն ունի՝ քան ընդհանրապէս գոյութիւն չունեցող նպատակը:

Այս տողերը գրի առած ժամանակ եւ դո՛ւք՝ ընթերցած ժամանակ, բազմահազա՜ր մարդիկ ինքնասպանութիւն կը գործեն։ Նոյն այդ պահուն կեանքէն հեռանալու միտքը բազմաթի՜ւ երիտասարդներու եւ մեծահասակներու միտքին մէջ կը շրջի։ Անոնցմէ շատեր ժամանակի վստահելով կը յաղթահարեն այդ մտածումը, սակայն, ուրիշներ առիթ չեն տար, որ ժամանակը իր հրաշքը գործէ։. Բոլորն ալ ունին ցաւեր, բոլորն ալ ունին իրենց ապրելու եւ նաեւ չապրելու պատճառները եւ իրարմէ ամբողջութեամբ օտար, ճակատագրի մէջ գիծն է, որ կը կապէ զիրենք։ Կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու անկարողութիւնը, որ գուցէ վաղը սրբագրուի՝ եթէ պարզապէս ժամանակ ու առիթ տան: 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Աճապարելն ու ջղայնանալը անդարմանելի վտանգներու կրնան ենթարկել մարդս:

ԱՐՇԱՒԻՐ ՇԻՐԱԿԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2026