ՏԱՂԱՆԴԻՆ ՉԱՓԱՆԻՇԸ
Աշխարհի մէջ այսօր կան բազմաթի՜ւ ծաղրանկարիչներ, սակայն, մեր կարծիքով՝ ո՛չ մէկ ծաղրանկարիչ իր ազգին մէջ այնքան համբաւ ու հռչակ չէ յաջողած ձեռք ձգել, ինչքան Սարուխանը հայ ժողովուրդի թէ՛ գրական եւ թէ մշակութային պատմութեան մէջ։ Մասնաւորաբար գրականը կը շեշտենք, որովհետեւ Սարուխանի գործերը անկախ արուեստի գործեր ըլլալէ, գրականութեան մը անբաժան մէկ մասնիկն են։ Սարուխան այն հազուագիւտ ու եզակի դէմքերէն է, որ ափի մը մեծութիւն ունեցող նկարի մէջ կը յաջողի ամբողջ ազգի մը վիճակը նկարագրել։ Սարուխանը նկարիչէ աւելի պէտք է ընդունիլ որպէս գրող-քննադատ, որ լաւապէս գիտէ կարճ ու ամփոփ գիծերով ազգին մէջ տեղ գտած սխալներուն մասին խօսիլ:
Այսօր մեր դիմաց որպէս օրինակ ունինք Սարուխանի «Տաղանդին չափանիշը» խորագրեալ ծաղրանկարը։ Պատկերին մէջ անձ մը ձեռքը գիրք մը բռնած մօտենալով «գրականասէր» ընկերոջ հարց կու տայ. «Կարդացի՞ր այս գիրքը. գլուխ գործոց մըն է». բարեկամը սրտնեղած կը պատասխանէ. «Ի՞նչ գլուխ գործոց: Խելքդ գլուխդ ժողվէ: Հեղինակը մենէ չէ…»: Սարուխանի այս գործը նկարուած է աւելի քան եօթանասուն տարիներ առաջ, սակայն, կը շարունակէ պահել իր այժմէականութիւնը (ո՛չ զարմանալի պատճառներով)։ Սարուխանի քննադատութիւնը աւելի քան պարզ ու յստակ է. մեր ազգին մէջ լաւ գործը, լաւ գրութիւնը եւ ընդհանրապէս լաւն ու դրականը չէ՛, որ կը գնահատուի. մեր մէջ գնահատանքն ու գովասանքը պայմանական են։ Եթէ այսօր աշխարհի ամենէն լաւ, նոյնիսկ հայանպաստ աշխատութիւնը կատարես, ղեկավարները՝ մանաւանդ անոնք, որոնք կուսակցական մտայնութեամբ կ՚առաջնորդուին, երբեւէ պիտի չգնահատեն, որովհետեւ անոնց մտայնութեան մէջ գովելի է միայն այն աշխատութիւնը՝, որ իր խորքին մէջ իրենց գոյնը կը կրէ։ Այդ կուսակցութիւններէն մին նոյնիսկ յաջողի Հայաստանը աշխարհի առաջատար երկիրներու մակարդակին հասցնել՝ դարձեալ գովասանքի պիտի չարժանանայ, որովհետեւ այնքան ատեն որ իրենք չեն՝ գնահատելի ո՛չ մէկ երեւոյթ կրնայ տեղ գտնել այդտեղ:
Այսօր, մանաւանդ սփիւռքի մէջ հայ դպրոցն ու մամուլը ընդհանրապէս կուսակցութեան իշխանութեան տակ կը գտնուին եւ հետեւաբար այդ թերթին մէջ գրելու, անոնց իշխանութեան տակ գտնուող դպրոցներէն մէկուն մէջ պաշտօնավարելու համար գիտական բարձր մակարդակէն, մասնագիտութենէն ու նուիրուածութենէն աւելի գոյնն է կարեւորը։ Եթէ ունիս հայերէնի բարձրագոյն իմացութիւն, ուսուցչութեան սրբազան պաշտօնին նկատմամբ սէր ու նուիրուածութիւն, սակայն չունիս այն գոյնը՝ որուն կը պատկանի կառոյցը, ապա ձախողած թեկնածու մը կը նկատուիս։ Իսկ եթէ չունիս հայերէնի իմացութիւն ու ուսուցչութեան հանդէպ նուիրուածութիւն, սակայն ունիս գոյն՝ ապա այդ մէկը կրնայ դրական դիտուիլ ու զարմանալի չ՚ըլլար եթէ հայերէն լեզուի ուսուցիչ նշանակուիս: Նոյն տրամաբանութեամբ կը գործեն նաեւ հայկական թերթերէն շատեր. լաւ գրող ես միայն այն ժամանակ՝ եթէ ունիս թերթի կրած գոյնը. լաւ գրող ես՝ մինչեւ յանկարծ անոնց այս կամ այն սխալին դէմ գրես՝ այնպէս ինչպէս Սամուէլ Կարապետեանը անցնող երեք տասնամեակներուն բարերար էր՝ իսկ այժմ լրտես ու դաւադիր:
Եթէ հարցնելու ըլլաք, թէ ի՞նչ բան հայ ժողովուրդը չունի. վստահաբար կ՚ըսենք. ՉԱՓԱՆԻ՛Շ. ո՛չ հայրենասէր դառնալու, ո՛չ գրող եւ ո՛չ ալ վաստակաւոր գործիչ դառնալու յստակ չափանիշ մը գոյութիւն ունի. ո՛չ ուսուցիչ դառնալու եւ ո՛չ ալ ղեկավար դառնալու յստակ չափանիշ մը գոյութիւն ունի. միակ չափանիշը, որ գոյութիւն ունի՝ գոյնն է: Հայ ժողովուրդի չափանիշն ու այդ չափանիշի ընտրութիւնը հետեւեալ նմանութիւնը ունի. շուկան ծախու դրուած հագուստ մը ինչքան ալ սիրուն ու գրաւիչ ըլլայ, մարդ անպայմանօրէն գինն ու պիտակը կը ստուգէ եւ այդ պիտակին համաձայն իր որոշումը կը կայացնէ։ Իւրաքանչիւր հայու պիտակն ալ իր գոյնի պատկանելիութիւնն է։ Աշխարհի ամենէն կատարեալն ալ ըլլայ՝ պիտակի գինն է, որ որոշում կայացնել կու տայ մարդուն։ Հետեւաբար անոնք՝ որոնք լաւ հայերէնի իմացութեամբ, ուսուցչութեան պաշտօնի հանդէպ սէր ունենալով հանդերձ դուրս կը շարունակեն մնալ դպրոցներէն, իրենց բախտին փոխարէն թող փորձեն մեղադրել իրենց վրայ դրուած պիտակը՝ նոյնիսկ եթէ այդտեղ չէզոք գրուած է, որովհետեւ մեր մօտ չէզոքութիւնը եւս ունի իր յատուկ գոյնը, որ հակառակ է միւս գոյներուն:
Իր այս ընթացքով հայ ժողովուրդը եղած է թշնամին «ճի՛շդ մարդը, ճի՛շդ տեղը» նշանաբանին։ Մեր իրականութեան մէջ միշտ ալ սխալ մարդիկ սխալ պաշտօններու վրայ գտնուած են։ Նման անձերէն բան մը ակնկալել հնարաւոր չէ. պէտք է աղօթել՝ որպէսզի հրաշք մը կատարուի՝ որպէսզի դրական արդիւնք ձեռք բերենք: Այս տրամաբանութեամբ է, որ հեռու կը մղենք մեր մէջ գտնուող նուիրեալ մարդուժերը եւ երբ անոնց հեռանալը կը տեսնենք՝ կը սկսինք բողոք բարձրացնել։ Մեր ազգի վիճակը կը սկսի կարգաւորուիլ միայն այն ժամանակ, երբ ազգովին հասկնանք, որ գոյնը չափանիշ մը ցոյց չի կրնար տալ։ Գոյնով մարդ միայն գաղափարի մը հանդէպ իր ունեցած վստահութիւնը ցոյց կու տայ եւ այդ մէկը անոր շնորհքին, անոր կարողութիւններուն հետ աղերս չի կրնար ունենալ։ Այսօր հայ ժողովուրդը ունի իր պատմական երեք տարբեր կուսակցութիւններու պատկանող գրողներ. գոյներու տարբերութեան պատճառով կարմիրը կապոյտին չի կրնար նուազ տաղանդաւոր նկատել, որովհետեւ տաղանդին չափանիշը այդ մէկը չէ. այդ մէկը տաղանդի չափանիշ կը դառնայ միայն այն ժամանակ, երբ անտաղանդը փորձէ տաղանդի չափանիշ հաստատել։ Եթէ կուսակցական ղեկավար է, ապա այդ մէկը որպէս վերջնական տաղանդի չափանիշ ընդունողներ անպայման պիտի ըլլան:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Եթէ մարդ իր կնոջմէն եւ բարեկամներէն ալ իր սրտնեղութեան պատճառները ծածկէ, սուտ են ուրեմն ընտանութիւն, բարեկամութիւն եւ վստահութիւն:
ԾԵՐԵՆՑ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան