ՃՇՄԱՐԻՏ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
Թերեւս ոմանք չընդունին, բայց ճշմարիտ «հարուստ»ը այն է՝ որ անկեղծ եւ իր իսկական իմաստով «բարեկամներ» ունի եւ անոնց բարեկամութիւնը, անոնց հաւատարիմ հարազատութիւնը կը վայելէ։ Այս ուղղութեամբ, պէտք է խոստովանիլ, որ շատ հարուստ մարդ չկայ, մանաւանդ մեր օրերուն։ Շատ բան կը պակսի այսօր այս բարոյական հարստութեան նկատմամբ։ Եւ այս պակասը այսօր կը սկսի ընտանեկան յարկէն՝ այս սուրբ միութենէն։
Ընտանեկան սրբութիւնը՝ այս դարաւո՜ր պարծանքը եւ հպարտութիւնը, այսօր հետզհետէ կը կորսնցնէ իր հանգամանքը՝ իր սրբութիւնը։ Ասիկա հաճոյք, վայելք եւ երջանկութիւն կը պատճառէր, քանի որ սիրոյ եւ ճշմարիտ բարեկամութեան վրայ հաստատուած ընտանիքը սուրբ կեանքի աղբիւր մըն էր։ Քանի որ այդ ընտանիքներուն՝ տուներուն մէջ կը տիրէր երկուստեք սէր, հաւատարմութիւն, ուրախութիւն, վստահութիւն, զոհողութիւն, համբերութիւն, բարի վարք եւ բարձր բարոյականութիւն, համերաշխութիւն, գոհունակութեան առաքինութիւններ։ Այսօր, դժբախտաբար, ընտանիքը վերածուած է պարզ միութեան մը՝ համակեցութեան միայն։ Բայց «ընտանիք»ը միայն նոյն տանիքին տակ ապրիլ չէ՛, ինչպէս «բարեկամութիւն»ը միայն ընկեր ըլլալ չէ՛, այսինքն «միասին ճաշ ուտող» չէ։ Արդարեւ, հոն՝ ուր ճշմարիտ իմաստով բարեկամութիւն եւ սրբութիւն չկայ, հոն անկայունութիւն եւ շփոթ կայ։
Արդարեւ, «բարեկամութիւն»ը եւ սրբութիւնը առաւելութիւններ են, որ գոհարներէ աւելի թանկագին, ամէն հարստութենէ աւելի հարստութիւն, գեղեցկութենէ աւելի վայելուչ, արտաքին զարդարանքէն աւելի ներքին՝ բարոյական զարդարանքով, փառամոլութենէ աւելի հեզութեամբ եւ անկեղծութեամբ, մեծամտութենէ աւելի խոնարհութեամբ՝ Աստուծոյ վախով եւ ակնածանքով, հեզութեամբ, ժպիտով, յոյսով, ուրախութեամբ, փափկանկատութեամբ զԱստուած պաշտելով՝ իրենց զաւակները Աստուծոյ երկիւղով մեծցնելով՝ աղօթքի եւ արդարութեան առաջնորդելով, մեծերը յարգելով, տկարներուն եւ կարօտեալներուն օգնելով, ընտանեկան սրբութեան պաշտամունքով եւ ուղիղ դաստիարակութեամբ…
Բարեկամութիւն, մանաւանդ ընտանիքի յարկէն ներս անհրաժե՛շտ է երջակութեան համար։ Ընտանեկան բարեկամութիւն, կը նշանակէ՝ ընտանեկան ճշմարիտ եւ անկեղծ սէր եւ սրբութեամբ ընտանիք կազմել, եւ այսպէս ընտանիք կազմողներ ընկերութեան եւ համայն մարդկութեան օգտակար կ՚ըլլան, քանի որ. «Արդարութիւնը ազգը կը բարձրացնէ, բայց մեղքը ժողովուրդներուն անարգանք է». (ԱՌԱԿ. ԺԴ 34)։
Աւանդական բարեկամութիւնը կեանքի անշեղ սկզբունք ընդունող շա՜տ ընտանիքներ այսպէս էին, այս պատճառով Աստուած օրհնեց այդ տուները։ Եւ այսպէս՝ հասան բարեկամ սերունդներ, որոնք օգտակար եղան հանրութեան եւ մարդկութեան՝ «մեծ մարդիկ» ըլլալով… բայց հիմա այսպէս չէ՛։
Բարեկամութիւնը եւ յատկապէս ընտանեկան սրբութիւնը խաթարուած, եղծուած է ընդհանրապէս, ընտանիքի անդամներ իրարու հետ սիրով չեն, անվայել մտածումներով եւ վարմունքներով՝ ընկերութիւնը, ազգը եւ վերջապէս մարդկութիւնը ընտանեկան սրբութեան հետ կը կորսնցնէ սրբութիւնը հետզհետէ։
Փոխանակ սերունդներու ապագան խորհելով ամուսնանալու՝ իրենց ցանկութեան համար կ՚ամուսնանան շատեր ընդհանրապէս եւ այս պատճառաւ է, որ ամուսնալուծումները կը շատնան։ Մարդիկ կ՚արծեմ կ՚ամուսնանան՝ ամուսնալուծուելու համար։ Բայց ո՞վ կ՚ուզէ սրբութիւն մը վերջացնել։
Եւ այս պարագաներուն՝ իր իսկական իմաստով «բարեկամութիւն»ը իրապէ՛ս հարստութիւն է, քանի որ ամէն նիւթական հարստութիւն կրնայ վերջ մը ունենալ, բայց հոգեկան-բարոյական հարստութիւնը երբեք չի վերջանար։ Եւ որքա՜ն երանելի են այն մարդիկ՝ որոնք իրական բարեկամներ ունին եւ այս իմաստով հարուս՛տ են եւ երբեք չեն սնանկանար…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 16, 2026, Իսթանպուլ