ՄԱՐԴՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Մարդիկ իրենց կեանքը կարգաւորելու եւ մասամբ ապագան «գուշակելու» եւ «նախապատրաստուելու» համար կը հետեւին քաղաքականութեան, որովհետեւ այդտեղ տրուած իւրաքանչիւր որոշում կրնայ դրական կամ բացասական ազդեցութիւնը ունենալ իրենց սեփական կեանքին վրայ: Մարդիկ կը հետաքրքրուին քաղաքականութեամբ, որովհետեւ կ՚ուզեն նուազեցնել անորոշութիւն։ Քաղաքական նորութիւնները մարդը կը պատրաստեն ապագային, օրինակի համար՝ մարդ քաղաքականութեան ճամբով կը պատրաստուի ապագայ գնաճներուն, կը տեղեկանայ, թէ պատերազմի վախ ու վտանգ կա՞յ թէ ոչ, ծանօթ կ՚ըլլայ օրէնքներու փոփոխութեան՝ որպէսզի հնարաւորինս ինքզինք պաշտպանէ: Հոգեբանականօրէն մարդ այսպիսով ինքզինք ապահոված ըլլալը կը կարծէ՝ նոյնիսկ եթէ չի կրնար անոնց արդիւնքներուն վրայ ազդել: Այս մէկը հոգեբանութեան մէջ բնական երեւոյթ մըն է, որովհետեւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ մարդ աւելիով կը հետաքրքրուի այն բոլորով՝ որոնք իրեն այսպէս կամ այնպէս «վնաս» կրնան հասցնել կամ ազդել իր կեանքի ընթացքին վրայ: Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու «պատկանելիութիւն»ը։ Մարդ արարած մի՛շտ կ՚ուզէ խմբակի մը մաս կազմել։ Այս մէկը նախամարդէն եկած բնազդ մըն է։ Նախամարդը երբեք չէր ուզեր առանձին ապրիլ, միշտ կ՚ուզէր խումբեր կազմել ու այդպէս երթալ որսորդութեան, որովհետեւ այդ մէկը ապահովութիւն կու տար իրեն։ Նոյնն է պարագան այս կամ այն կուսակցութեան մաս դառնալու՝ նոյնիսկ եթէ ոչ ամբողջական՝ ապա դիրքորոշումով, որովհետեւ մարդ միշտ կ՚ուզէ կողմի մը մաս կազմել եւ այդ իսկ պատճառով «չէզոք» արտայայտութիւնը ինչքան ալ գործածուի, տեղ մը կը մնայ խօսքի սահմաններուն մէջ։ Այս կամ այն խումբին մաս կազմելը մարդուն կու տայ որոշ համոզումներու պատասխաններ։ Մարդուն համար շատ աւելի դիւրին է հաւաքական կարծիք յայտնելը՝ քան անհատական, այդ իսկ պատճառով, մարդ կ՚ուզէ մօտենալ այն խմբաւորման, որուն շատ աւելի մօտիկ կը զգայ, որպէսզի իր գաղափարներուն «պատասխանատուութիւն»ը առանձին չկրէ:
Շատ մը պետութիւններ կը ձեւացնեն, որ ժողովրդավար ըլլալով, կ՚ուզեն ժողովուրդի անմիջական մասնակցութիւնը, սակայն, այդ մէկը շատ անգամ ճշմարտութեան կրնայ չի համապատասխանել։ Ժողովրդավարութիւնը միջոց մըն է մեղմելու քննադատութիւնները. օրինակի համար՝ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կրնան լաւ չկառավարել, սակայն պաշտպանուիլ՝ ըսելով «ժողովուրդը ընտրեց»։ Ժողովուրդը կը կարծէ քաղաքականութեան հետեւելով, ընտրութեան ճամբով իր քուէն տալով ազդեցութիւն կ՚ունենայ քաղաքականութեան վրայ, սակայն, մեր կարծիքով՝ իրականութիւնը այդպէս չէ։ Ժողովուրդի ներգրաւուիլը պարզապէս կ՚արդարացնէ բոլոր քաղաքական գործիչներու նպատակները, որովհետեւ որպէս վահան կ՚ունենան ժողովուրդի կողմէ ընտրուած ըլլալու պաշտպանութիւնը:
Կը հաւատանք, որ պետութիւնը կ՚ուզէ իր ժողովուրդը՝ մանաւանդ երիտասարդութիւնը մոլորեցնել՝ որպէսզի անոնք չհետաքրքրուին։ Օրինակի համար՝ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ պետութիւնը կը յաջողի փոքր քանակութեամբ թմրամիջոցներ գրաւել ու անձեր ձերբակալել, սակայն, չի յաջողիր երկիր մուտք գործած մի քանի հարիւր քիլօ կշռող թմրամիջոցները գրաւել։ Կը կարծենք պատասխանը յստակ է. պետութիւններ իրե՛նք թմրամիջոց կը տարածեն, որպէսզի երիտասարդութիւնը եւ հասարակութիւնը այլ հետաքրքրութիւններով տարուելով միջամուխ չըլլայ քաղաքականութեան։ Սուրիոյ վերջին քաղաքական վիճակը լաւագոյն վկան է փաստելու այդ մէկը։ Կառավարութեան հետ կապակցուած անձեր իրե՛նք է, որ թմրամիջոցի տարածումով կը զբաղէին՝ միաժամանակ ձեւացնելով, որ կը պայքարին թմրամիջոցին դէմ։ Յստակ է, որ թմրամիջոցը նիւթական մեծ աղբիւր մըն է եւ հետեւաբար որեւէ պետութիւն կը պայքարի անոր դէմ միայն այն ժամանակ՝ երբ շահ ու բաժին չունի:
Բոլորս ալ գիտենք, որ երկիրներու յեղափոխութեան մէջ մեծ դեր ունին երիտասարդները՝ մանաւանդ ուսանողները։ Սակայն, եթէ լաւապէս ուսումնասիրէք երկիրներու քաղաքական կեանքը, պիտի տեսնէք, որ այդտեղ երիտասարդութեան ներկայութիւնը նուազագոյնն է. գրեթէ ամէ՛ն տեղ, 50-60 տարեկանը անցած մեծահասակներ քաղաքականութիւնը կը պահեն իրենց ձեռքը, որովհետեւ ի սկզբանէ կը հետեւին ծրագրի մը՝ որ մեր մտքէն ու հասկացողութենէն վեր է։ Բոլորը մէկ կը պայքարին նոյն հայրենիքը զարգացնելու եւ փայլուն ապագայ առաջնորդելու համար զայն։ Նոյն նպատակին համար տարբեր միջոցներով իրարու դէ՛մ կը պայքարին։ Տրամաբանութիւնը կ՚ըսէ. եթէ նպատակը նոյնը ըլլար, անոնք իրարու դէմ գործելու տեղ իրարու հետ պիտի գործէին, որպէսզի շատ աւելի արագ ձեւով իրականանայ հայրենիքը զարգացնելու նպատակը։ Սակայն, նպատակը հայրենիքը կամ ժողովուրդը չէ. այդտեղ կայ աթոռի կռիւ, պաշտօնի կռիւ, որովհետեւ ա՛ն որ կ՚իշխէ՝ իր օրէնքները կը սահմանէ եւ իր նպատակներն է, որ իրականութիւն կը դարձնէ: Եթէ այդպէս չըլլար, որեւէ ընդդիմադիր կուսակցութիւն պիտի չսպասէր պաշտօնի եւ իրապէս պիտի զարգացնէր իր հայրենիքը:
Քաղաքական գործիչներու համար քաղաքականութիւնը թէ՛ միջոց է եւ թէ նպատակ. միջոց՝ յետին ծրագրերը իրականացնելու եւ նպատակ՝ հասնելու բարձունքին եւ իշխելու, որովհետեւ քաղաքական գործիչները իրենք զիրենք ժողովուրդին ծառաները նկատելու փոխարէն կ՚ապրին այնպէս՝ ինչպէս երկրին տէրը ըլլան, սակայն, խօսքով վիճակը տարբեր կը ներկայացնեն:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Հայը հայուն հետ մինակ է, ինչպէս Արարատը՝ Արարատին հետ:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան