ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

«Մեծ պահք»ը մեզի կը բանայ ժամանակաշրջան մը՝ ուր մենք կը ստիպուինք իրապէս անդրադառնալ մեր մարմնական եւ մա՛նաւանդ հոգեկան եւ մտաւր ապրումներուն, որոնք ընդհանրապէս կ՚անտեսուին սովորական օրերուն՝ աշխարհային հոգերու պատճառով եւ զանազան զբաղումներու տարուելով։ Արդարեւ, ինքզինք քննել եւ իր իսկ էութեան՝ ներքին աշխարհին դառնալ ուրիշ բան չէ, բայց տեսնել իր թերութիւնները եւ տկարութիւնները եւ անդրադառնալ, թէ ո՜րքան անկատարութիւններ կան մեր կեանքին մէջ։

Ահաւասի՛կ, այս խորհրդաւոր եւ նոյնքան օգտակար մեր ներքին աշխարհին՝ հոգիին համար, կը սկսի «Բուն բարեկենդան»ով։ Արդարեւ, Բուն բարեկենդանը, կերպով մը, ազդարարութիւն է, որով ուշադրութեան կը հրաւիրուինք նոր շրջանի մը թէ՛ մարմնապէս, թէ՛ հոգեպէս եւ թէ մտապէս պատրաստուելու։ Խանդավառ ազդարարութիւն մը, խրախճանքի մէջ հրաւէր մըն է «Բուն բարեկենդան»ը։ Ան նաեւ հայրենի եւ ազգային սովորութիւններ բերած է իր հետ՝ իր հոգեւոր իմաստին հետ։ Հայ ընտանիքներու մէջ՝ պատրաստութեան գիտակցութեամբ, եռուզեռ եւ խանդավառութիւն կը տիրէր. կը տիրէր, քանի որ մեր օրերուն կորսնցուցած կ՚երեւի այդ հանգամանքը Բուն բարեկենդանը եւ փոխուած՝ աշխարհային-մշակութային զուարճութեան օր մը միայն…։ Մինչդեռ մեծ իրողութեան մը առջեւ կը գտնուինք. տիրող գիտակցութիւնը, առաւել կամ նուազ չափով, նոյնը պէտք է ըլլայ բոլորին գլխուն մէջ, պէտք է գիտցուի, որ կեանքի եւ կենցաղի, սովորական ապրելակերպի օրինադրեալ եւ եթէ ո՛չ հիմնական, բայց կարեւոր եւ ժամանակաւոր փոփոխութիւն մը պիտի ունենանք քիչ ետք, եւ այս ըմբռնումով ներելի կը համարուին կերուխումի առատութիւնը. քիչ մը չափազանց ճոխութիւնը, քանի որ երբեմն կը հասնի անժոյժ եւ անչափ աստիճաններու եւ շռայլութեան։

Իսկ այսօր, չեմ գիտեր, ի՞նչ կը խորհիք այս մասին դուք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. արդեօք բոլորովին շեղա՞ծ է իր նպատակէն «Բուն բարեկենդան»ը եւ վերածուած՝ պարզապէս աշխարհային հանդիսութեան մը։ Անշուշտ, աշխարհը եւ կեանքը կը փոխուի տեւապէս, բայց պէտք չէ՞ պահպանել կարգ մը աւանդութիւններ մեր կեանքին մէջ՝ հաւատարիմ մնալով անոնց իմաստին եւ խորհուրդին։

Անկեղծ ըլլանք եւ խոստովանինք, թէ արդեօք քանի՞ հոգի մնացած է, որ գիտնայ, թէ Բարեկենդանը պատրաստութեան պահ մըն է Մեծ պահքի՝ որ չափաւորութեան, պարզութեան շրջան մըն է՝ դիմաւորելու համար մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը։ Արդարեւ, հանդիսակատարութիւններ արժէք կը ստանան իրենց իմաստին եւ նպատակին գիտակցելով եւ ըստ այնմ շարժելով։ Առանց Մեծ պահքը եւ անոր յաջորդող Ս. Յարութիւնը նկատի առնելու՝ որեւէ արժէք պիտի չունենայ Բարեկենդանի խրախճանքը…

Արդարեւ, «Բուն բարեկենդան»ի իմաստը եթէ չանտեսուի, կարգ մը թոյլտուութիւններու ալ պատճառ կրնայ ըլլալ կարճ ժամանակի մը համար։ Զոր օրինակ, վանական խստամբեր կարգ ու կանոնի կապերն իսկ կը թուլցուէին Բուն բարեկենդանի շաբթուան միջոցին. եւ թոյլ կը տրուէր, որ խստակրօն կեանքի պարաւանդումները եւ պարտադրութիւնները մեղմացուին եւ մեղկացուին, եւ պահ մը, վանքեցիներն ալ, իբրեւ «մա՛րդ», աշխարհիկ ըլլան, առանց ելնելու թոյլտուութեան կամ թողութեան պատշաճ սահմաններէն։ Ա՛յս է ահա «աբեղաթող» կոչուած վանական խրախճանքի արձակ օրերը՝ կը գործադրուէր վանքերու մէջ, Բուն բարեկենդանի առթիւ։

Իսկ հայ ընտանիքներու, տուներու մէջ՝ ազգականներ, բարեկամներ, դրացիներ քով քովի կու գային՝ ճիշդ միեւնոյն տան հարազատ անդամներուն պէս։

Դիւրին չէ՛ մարդուն համար դէմ առ դէմ գալ իր իսկ անձին՝ իր «Ես»ին եւ ընդունիլ ճշմարտութիւնը։ Ուստի, մարդու առաքինութիւններուն ամենէն գեղեցիկը եւ խօսունը անկեղծութի՛ւնն է, եւ բանալին՝ իր ներքին մեծ մղումներուն։ Ո՛չ մէկ բան ճիշդ կ՚երեւի եւ կը յայտնուի մարդուն՝ որ ի բնէ անկեղծ չէ։

Մարդկային բնութիւնը ընդհանրապէս միտող է միշտ դէպի աշխարհայինը, եւ ա՛յս իսկ պատճառով կը դժուարանայ հասկնալ Բուն բարեկենդանին իմաստը եւ անոր յաջորդող Մեծ պահքի խորհուրդը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 13, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 14, 2026