ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ Կ՚ՈՒԶԵՆ՝ ԲԱՅՑ ԱՐԴԱՐ ՉԵՆ ԱՊՐԻՐ
Մարդ արարածը այն տարօրինակ ստեղծագործութիւնն է, որ ամէն գնով կ՚ուզէ արդարութեան մէջ ապրիլ, սակայն, ի՛նք անձամբ արդարութիւն հաստատելու համար գրեթէ ո՛չ մէկ բան կը կատարէ, անշուշտ, եթէ այդտեղ սեփական շահ գոյութիւն չունենայ։ Շատ շատ քիչեր են, որոնք իրապէս կը յաջողին իրենց սկզբունքներով առաջնորդուիլ։ Երբ արդարութիւնը մարդուն օգտին է՝ կը պայքարի, որովհետեւ մարդ արարածը եսասէր արարած մըն է, նոյնիսկ անոնք, որոնք հանրութեան մէջ որոշ առաքինութիւններով հանդէս կու գան, որովհետեւ ինչպէս մեծ մտածողներ կը հաւատան, բարոյական շատ մը արարքներու տակ ծածուկ հաշիւ մը գոյութիւն կ՚ունենայ:
Փաստելու համար, որ մարդու արդարութիւնը իր սեփական շահերուն վրայ հիմնուած է, տանք հետեւեալ օրինակը. մարդու մը թող յանձնուի 100 հազար եւ ըսուի, որ այդ գումարը կրնայ սեփականացնել՝ պայմանով, որ որոշ բաժին մը պէտք է տայ ուրիշին։ Այս պայմանը կատարելու համար մարդ այդ գումարէն 10-20եւ կամ 30 հազար պիտի տայ ուրիշին՝ որպէսզի յաջողի պահել մնացած 70 հազար գումարը: Այժմ պատկերացուցէք, որ այդ 100 հազարը կը տրուի երկու անձերու եւ կ՚ըսուի, որ բաժնուեցէք, սակայն, կայ պայման մը։ Եթէ կողմերէն մէկը հակառակի եւ մերժէ՝ երկու կողմերն ալ գումարը չեն կրնար ստանալ։ Նախապէս 20-30 հազար տուած անձը այս անգամ պիտի յօժարի 50 հազար տալ եւ գուցէ նաեւ 60 հազար, որովհետեւ դիմացինը մերժելը ամբողջութեամբ կորուստ պիտի ըլլայ։ Հետեւաբար, սեփական շահը ապահովելու համար մարդ այս անգամ իր բաժինէն եւս պիտի զիջի՝ որպէսզի ձեռք բերէ այդ գումարը:
Այս դրուագին բացատրութիւնը հետեւեալն է. եթէ մարդու շահերը վտանգուած չեն, մարդու արդարութիւնը տարբեր ձեւ կը գործէ, սակայն, երբ սեփական շահերու վտանգ կայ՝ ամբողջութեամբ տարբեր: Անշուշտ, մարդ կրնայ հարց տալ, թէ դիմացի կողմը ինչո՞ւ պիտի մերժէ գումար մը՝ որ «նուէր» կը տրուի։ Մարդուն համար այդտեղ գումարը չէ՛ կարեւորը՝ այլ արդարութիւնը։ Օրինակի համար, մանուկ մը կրնայ մէկ խաղալիքով ուրախանալ, սակայն, երբ տեսնէ, թէ միւս երեխան մէկի փոխարէն երկու կամ երեք խաղալիք ունի, բնականաբար իր մէկը բաւարար պիտի չի նկատէ, որովհետեւ անարդարութիւնը մարդուն համար մեծ ցաւ կը դառնայ՝ մա՛նաւանդ երբ ի՛նք է այդ անարդարութեան զոհը՝ քան ուրիշը:
Այս օրինակը կարելի է շարունակել հետեւեալ ձեւով. կան մարդիկ, որոնք իրենց նիւթական ապահովութենէն օգտուելով օգնութիւն կը ցուցաբերեն։ Փաստուած է, որ մարդիկ շատ աւելի նուիրելու պատրաստակամութիւն ունին ա՛յն ժամանակ՝ երբ ուրիշներ կը տեսնեն: Որպէսզի լոկ վերացական գետնի վրայ չմնայ այս օրինակը, կիսուինք մեր սեփական փորձով։ 2018 թուականին Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի պատասխանատու եկեղեցականներէն մէկը ըլլալով որոշեցինք Աստուծոյ սիրոյ մասին աշխատութիւն մը հրատարակել։ Այս նպատակը իրականացնելու համար զանգեցինք մեծահարուստ հայու մը՝ որպէսզի առաջարկենք գիրքի մեկենաս դառնալ։ Փորձեց մերժել. սկսաւ գործերու տխուր ընթացքէն բողոքել եւ առաջարկեց գիրքի ծախսերուն կէսը հոգալ։ Յայտնեցի, թէ գիրքին առաջին էջին վրայ երկու մեկենասներ յիշատակելը հնարաւոր չէ։ Երբ լսեց, թէ գիրքին առաջին էջը անուն կ՚ուզենք հրատարակել՝ մէկէն ի մէկ մոռցաւ գործերուն լաւ չըլլալը եւ յօժարեցաւ գիրքին ամբողջ ծախսը հոգալ: Իրական կեանքէ առնուած այս օրինակը ցոյց կու տայ, որ մարդ տարբեր կը վարուի, երբ իր ԵՍ-ը շոյուի, իր շահերը ապահովուին:
Եթէ այս բոլորը մէկ կողմ դնելով մարդ իրապէս ապրէր իր սկզբունքներով, ապրէր բոլոր այն համոզումներով, որոնց ճիշդ ըլլալը գիտնալով չ՚իրագործեր, ապա աշխարհի վիճակը ամբողջութեամբ տարբեր պիտի ըլլար:
Մարդիկ կը կարծեն, որ արդարութիւն ըսուածը իրենցմէ բարձր ու վեր իրողութիւն մըն է. արդարութիւնը ո՛չ եկեղեցին եւ ո՛չ ալ պետութիւնը կրնայ հաստատել։ Արդարութիւնը սկիզբ կ՚առնէ մարդէն՝ անոր փոքր արարքներէն։ Արդարութիւնը վերացական արժէք մը ըլլալէ անդին մարդկային կեանքին հիմնական պատկերն է:
Ամենայն համոզումով կ՚ըսենք այս մէկը. եթէ ամբողջ Աւետարանները, Հին եւ Նոր կտակարանները գրուած չըլլային եւ անոնցմէ միայն մէկ տող դուրս բերել հնարաւոր ըլլար, ապա պիտի ընտրէինք Մատթէոսի Աւետարանի 7:12-ն. «Զամենայն զոր միանգամ կամիջիք թէ արասցեն ձեզ մարդիկ, այնպէս եւ դուք արարէք նոցա» (ինչ որ կ՚ուզէք մարդիկ ձեզի ընեն՝ նոյնը ըրէք անոնց»։ Եթէ մարդ իրապէս կարենայ այդպէս ապրիլ, երկրի վրայ դրախտը կը հիմնէ, որովհետեւ մարդ չ՚ուզեր իր դէմ անիրաւութիւն գործեն, սակայն, ինք անիրաւութիւն կը գործէ։ Մարդիկ կ՚ուզեն ուրիշներ զիրենք չբամբասեն, սակայն, իրենք ուրիշները կը բամբասեն։ Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող բացասական ամէն երեւոյթ կ՚անցնի այս ընթացքէն։ Եթէ այս տողը մարդ յաջողէր սկզբունք դարձնել՝ ապա կեանքը տարբեր պիտի ըլլար:
Արդարութիւնը բան մը ուրիշներէն պահանջելով չէ՛, որ կը հաստատուի։ Մարդ ինքզինք պէտք է դնէ նոյն արդարութեան սահմաններուն մէջ։ Արդար մարդը այն է, որ արդարութեան սիրոյն ի՛ր իսկ շահերէն վեր կը մնայ:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Հազարապատիկ
աւելի լաւ է, որ մարդ ինքը տանջուի ուրիշի պատճառով, քան թէ զգայ, որ ինքն է պատճառը ուրիշի տանջանքին:
ՆԱՐ-ԴՈՍ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան