ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ ՄԵՆԱՄԱՐՏԸ (Ա.)

Կար ատեն, երբ «բան մը չգիտցող» մարդը անհանգստութիւն կը պատճառէր. սակայն, ժամանակը եկաւ սորվեցնել, որ չգիտնալը ամօթ չէ. անշուշտ, շատեր լսած են, որ չսորվիլն է ամօթը. իրականութեան մէջ չսորվիլն ալ ամօթ չէ. ամօ՛թ է՝ երբ չես գիտեր, սակայն, լռութիւնդ պահելու փոխարէն աբեղ-ցփեղ կը փիլիսոփայես... եւ մեր օրերուն պէտք եղածէն շա՜տ շատ աւելի են այդ փիլիսոփաները:

Վստահաբար, հայ ժողովուրդին համար նորութիւն մը պիտի չըլլայ, եթէ ըսենք, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն գլուխը՝ Փաշինեան այդ փիլիսոփաներէն մէկն է, որ երկրի մը «առաջին» դէմքը ըլլալով հպարտութեամբ իր աբեղ-ցփեղ միտքերը կ՚արտայայտէ՝ տարօրինակ ձեւով ծափահարողներ ալ գտնելով: 

Փաշինեան Եկեղեցւոյ եւ Վեհափառ Հայրապետի հանդէպ իր ցեխարձակումները կատարած ժամանակ օրէնքներուն եւ իրականութեան չհամապատասխանող մեկնաբանութիւններ կ՚ընէ՝ վստահ ըլլալով, որ մածունին սեւ ըլլալը բարձրաձայնելուն՝ համաձայնողներ անպայման որ պիտի գտնուին: 

Փաշինեան իր գրառումներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Արքեպիսկոպոս, չէր կարող ընտրուել»: 

Արդ, կարճ դասընթացք մը վարչապետին.

Եպիսկոպոսութեան աստիճանը «ընտրութեամբ»՝ մանաւանդ ժողովուրդի ձայնով ու քուէարկութեամբ չէ՛ որ կը կատարուի։ Եպիսկոպոսի մը ընտրութիւնը ո՛չ թէ ժողովուրդը, այլ եպիսկոպոսաց դասը ի՛նք է, որ կ՚որոշէ. այս կապակցութեամբ կարելի է աչքէ անցընել Նիկիոյ Ա. ժողովի օրէնքները. սակայն, Հայ Առաքելական Եկեղեցին ունի յստակ օրէնքներ.- ան որ կնոջ հետ կենակցած է՝ չի՛ կրնար եպիսկոպոս ըլլալ (այս օրէնքը կարելի է կարդալ Կանոնագիրք Հայոց»ին մէջ.- Ծ (ԽԹ) ԺԶ.): Նիկոլ Փաշինեան կը պնդէ, թէ ունի որոշ փաստեր, որոնց համաձայն Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ունի զաւակ. այս պարագային պէտք է լաւապէս ուսումնասիրել ու փաստել. եթէ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ունի զաւակ, արդեօք նախքան եպիսկոպոսանալը ունեցա՞ծ է՝ թէ յետ եպիսկոպոսութեան (անշո՛ւշտ, եթէ ունեցած է): Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եպիսկոպոս ձեռնադրուած է Վազգեն Ա. Կաթողիկոսի օրերուն՝ 1983 թուականին. այս հաշուով եթէ նախքան եպիսկոպոսանալը ունեցած է զաւակ, ապա անոր զաւակը պիտի՛ ըլլայ նուազագոյնը 42 տարեկան: Եթէ իրապէս գիտական ամէն փաստերով վարչապետը կրցաւ փաստել, որ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ունի զաւակ՝ 42 տարեկան եւ վեր, այդ պարագային Հայոց Եկեղեցւոյ օրէնքներով իրապէս եպիսկոպոսանալու իրաւունք չ՚ունենար: 

Եթէ վարչապետ Փաշինեան իրապէս «կը հաւատայ» ու «կը հետեւի» Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն եւ օրէնքներուն, ապա պէտք է յստակ գիտնայ, որ երբեք իրաւունք չունի՛ ինք որպէս աշխարհական քննադատել եկեղեցականը. փա՞ստ.- թող բանայ ու կարդայ Գործք Առաքելոցի 23:5-ը.- «Զիշխան ժողովրդեան քո ոչ հայհոյեսցես». այս տողն ու արտայայտութիւնը կրնայ գնտել նաեւ Հին կտակարանի էջերուն մէջ: 

Պահ մը պատկերացնենք, որ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը իրապէս կնոջ մը հետ կենակցած է եւ լոյս աշխարհ եկած է զաւակ մը. եթէ մեր վարչապետը լաւապէս կարդայ Օրինագիրքը, պիտի տեսնէ այդ մասին խօսելու ո՛չ մէկ իրաւունք ունի. նախ տանք օրէնքին մայր օրինակը.- «Զքահանայի զմեղս եթէ ոք հաւաստեաւ գիտասցէ, վարդապետի նորա միայն իշխեսցէ յայտնել եւ ասել կամ թէ եպիսկոպոս իցէ կամ քորեպիսկոպոս։ Ապա եթէ ի հրապարակի ջայլի ձաղեսցէ՝ ոգւոյն ոլորէ դատաստան, զի զԱստուծոյ քահանայ խնդրէ ձաղել. իսկ եթէ եպիսկոպոսն լուիցէ եւ ոչ հայեսցի, սակայն նա որ իւր անկն էր խաւսեցաւ, իսկ յոյժ առ ի զմեղսն տեսանելոյն ոչ կամիցի ընդ քահանային հաղորդել՝ հնարիւ զատուսցէ զանձն ի քահանայէն եւ զամբաստանսն մի՛ երկրորդեսցէ, զի չէ նմա հաւատացեալ դատել, այլ դատիլ ի քահանայէն».- բացատրութիւնը շա՜տ պարզ է. եթէ մէկը եկեղեցականի մը մեղանչելը տեսաւ, թող դիմէ անոր մեծաւորին՝ հոգեւոր հօր եւ կամ վարդապետին։ Օրինակի համար, եթէ Փաշինեան վստահ է, որ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը զաւակ ունի, օրէնքներուն համեմատ պարտի դիմել Եպիսկոպոսաց ժողով ու իր գիտցածները՝ փաստերով յայտնել: Յայտնելէ ետք ան իրաւունք չունի որպէս «պատիժ» կարգալուծութիւն եւ կամ հեռացում պահանջելու. օրէնքը կ՚ըսէ անձը միայն մէկ անգամ պէտք է ըսէ վարդապետին կամ մեծաւորին եւ ԵՐԲԵ՛Ք հրապարակային յայտարարութիւններ չընէ, որովհետեւ այդպիսով ինքն իր անձին համար դատաստան կը պատրաստէ: Եկեղեցական օրէնքը կ՚ըսէ. թող անձը հեռու մնայ այդ եկեղեցականէն եւ իր հետ կապ չունենայ:

Հիմա Վեհափառ Հայրապետին զաւակ ունենալ-չունենալը տակաւին փաստուած իրողութիւն մը չէ, սակայն, եթէ կ՚ընդունինք օրէնքները, ապա փաստուած է, որ Փաշինեան ի՛նք օրէնքները ոտնակոխ ըրած է: Մեր առաջարկն է, որ Փաշինեան Յովհաննէս Օձնեցիէն մէջբերում կատարելու ժամանակ, թող լաւապէս կարդայ Սուրբին բոլոր գրութիւնները, աչքէ անցընէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ օրէնքները եւ գուցէ հասկնայ, որ առանց Սուրբ Ամուսնութեան 4 զաւակներ ունենալը եւս օրէնքներուն դէմ է... ու այսպիսով ի՛նք եւս մեղքի մէջ է այնքանով՝ ինչքան Վեհափառ Հայրապետը: 

Ձեզմէ ո՛վ անմեղ է, թող ի՛նք քար նետէ. այս պարագային Փաշինեանին կ՚առաջարկենք, պարզապէս ետեւ դառնալ ու ամօթի զգացումով հեռանալ՝ եթէ կայ: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս բացատրել. օրէնքներուն դէմ ապրող մը կը քննադատէ օրէնքներուն դէմ ապրողը:

Պատասխան. Երբ օրէնքներուն դէմ ապրող մը կը քննադատէ այլ օրէնքներուն դէմ ապրող մը՝ կը նշանակէ անձը կ՚ուզէ իր սեփական մեղքերը արդարացնել: Այլ օրինազանց մը քննադատող օրինազանցը վստահ է, թէ ճիշդը օրէնքն է եւ լաւապէս կը հասկնայ, որ իրենց հակառակ քայլերը վտանգաւոր են թէ՛ անհատական եւ թէ հասարակական մակարդակի վրայ: Նման քննադատութիւններ ցոյց կու տան հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող արժեչափերու հակադրութիւնները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 11, 2025